Մարտ 14ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ա.Մ.Ն. Քոնկրէս:
Ա.Հ. նախագահի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով` Քոնկրէսի մէջ նախագահը հանդիպում ունեցած է արտաքին հարցերով յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ, քննարկած՝ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, Ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ հարցեր:
Այնուհետեւ, Քոնկրէսի մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն` նուիրուած Արցախեան Շարժումի 30րդ տարեդարձին:
Իր խօսքին մէջ, նախագահը կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինին մէջ կազմակերպուած հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք նաեւ կը մեծցնեն մեր պատասխանատուութեան աստիճանը` յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու, երկկողմ յարաբերութիւնները աւելիով խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ:
«Ես լաւատես եմ` այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մենք կը դիտարկենք իբրեւ բարեկամ երկիրի, պետութեան՝ որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք: Լաւատես եմ, որովհետեւ մենք հոս ունինք հաւատարիմ, ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ, որոնք արդէն երկար տարիներ մշտապէս Արցախի հետ են, կ՝աջակցին մեր ժողովուրդին, աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն մեր երկրի մասին: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր բարեկամական կապերը` զանոնք համարելով մեծ հարստութիւն»,- շեշտած է իր ելոյթին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Բակօ Սահակեան նշած է, որ մեր հանրապետութեան մէջ կարեւոր կը համարեն ամերիկացիներու սատարումը Արցախին, եւ հոս իրենց ուրոյն տեղը ունին Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տունն ու Ծերակոյտը, մեր բարեկամ քոնկրէսականներն ու ծերակուտականները:
Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորման գործին մէջ:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած են, կան եւ պիտի մնան մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը»,- ընդգծած է Նախագահ Սահակեան:
Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ յանձնած է Ա.Մ.Ն. խումբ մը քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու` Արցախին սատարելու եւ Արցախ-Ա.Մ.Ն. յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:
Բակօ Սահակեան հանդիպած է Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի
Յանձնախումբի ներկայացուցիչներու հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մարտ 14ին, Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնը, հանդիպած կառոյցի ղեկավար կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նախագահ Սահակեան գնահատած է Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքը ազգային տարբեր խնդիրներու լուծման գործին մէջ` երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախին վերաբերող հարցերը մշտապէս յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին պահելու համար:
Բակօ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ սերտ փոխ-գործակցութիւնը միմիայն պիտի ամրապնդուի` օրինակելի որակելով կազմակերպութեան ազգանուէր գործունէութիւնը:
Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան, Ա.Մ.Ն.-Արցախ կապերու զարգացման ու խորացման վերաբերեալ տարբեր հարցեր:
Պաքու կը բողոքէ Բակօ Սահակեանի այցելութեան դէմ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի՝ Մարտ 14ին բողոքագիր մը յանձնած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութային՝ այս օրերուն տեղի ունեցող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելութեան գծով։ Պաքու քննադատած է յատկապէս կարգ մը քոնկրէսականներու հետ Սահակեանի հանդիպումները՝ միաժամանակ կոչ ընելով Ամերիկային, որ յարգէ միջազգային սկզբունքները եւ վնաս չհասցնէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան։