Այս տարի եւս պահպանուեցաւ Արցախեան Հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակները, ամրան արձակուրդին համար, Յունաստանի մէջ հիւրասիրելու մարդասիրական գեղեցիկ աւանդութիւնը, որ 20 տարիէ աւելի կը շարունակուի։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններու կազմակերպութեամբ ու Սիրոս-Էրմուփոլիի քաղաքապետարանի հրաւէրով՝ Արցախեան Հերոսամարտին զոհուած հայոց ազատամարտիկներու 22 երեխաներ, մեծամասնութիւնը Արցախի գիւղերէն ու 10էն 16 տարեկան, հրաւիրուեցան Յունաստան եւ այս օրերուն կը հիւրընկալուին Սիրոս կղզիին մէջ։
Արցախահայ պատանիները 21 Օգոստոս 2017ին Աթէնք ժամանեցին եւ մինչեւ 23 Օգոստոս հիւրընկալուեցան Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան մէջ, որ՝ ինչպէս ամէն տարի՝ մեծ հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ մեր երեխաներուն հանդէպ, անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները՝ լաւ ժամանակ անցընելու նպատակով։
23 Օգոստոսին խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Սիրոս կղզի՝ ընկերակցութեամբ իրենց պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկեր-ընկերուհիներուն։ Սիրոսի վրայ իրենց կեցութեան վայրին մէջ, արցախահայ պատանիները բարձրացուցած են Արցախի, Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան պետական դրօշակները։ Օրուան ընթացքին անոնց կը դասաւանդուին յունական ժողովրդային պարեր, որ մեծ խանդավառութեամբ կ’ընկալուին երեխաներուն կողմէ։ Ամէն առաւօտ եւ յետ-միջօրէի՝ անոնք ծովը կը վայելեն, ուրախ եւ անհոգ ժամեր անցընելով։ Կ՚ունենան նաեւ զանազան այց-պտոյտներ, կղզիի գեղատեսիլ վայրերուն մէջ։ Սեպտեմբեր 4ին խումբը պիտի վերադառնայ Աթէնք, ուր տղոց կեցութիւնը ապահովուած է դարձեալ Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան մէջ, մինչեւ Սեպտեմբեր 7ը, երբ նախատեսուած է անոնց վերադարձը Արցախ։
Յառաջիկայ օրերուն տեղեակ կը պահենք ընթերցողները՝ Արցախի մեր սիրելիներուն ծրագրուած նախաձեռնութեանց մասին։
Արցախի 22 պատանիներ Սիրոսի մէջ
Արցախի 22 պատանիներ կը հիւրընկալուին Սիրոսի մէջ՝ ամրան իրենց արձակուրդին համար