Դեկտեմբերի այս օրը կ’ոգեկոչենք յիշատակը հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Արշամ Խոնդկարեանի, որ 1965ի Դեկտեմբեր 1ին, Փարիզի մէջ, 84 տարեկանին վախճանեցաւ եւ պատմութեան անցաւ իբրեւ Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը։
Ռուսահայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն մշակներէն է նախախորհրդային Ռուսաստանի յեղափոխական մեծազդեցիկ «Սոցիալիստ-Յեղափոխական» շարժումին մասնակից այս յանձնառու եւ մարտունակ հայ մտաւորականը, որ հանդիսացաւ միեւնոյն քաղաքական, հասարակական եւ յեղափոխական՝ ընկերվարակա՛ն հոսանքին դրօշակիրը հայ ազգային իրականութեան մէջ։
Պատմական ծանօթ իրողութիւն է, որ ի տարբերութիւն ռուսական «Սոցիալ-Դեմոկրատ» շարժումին (հետագայ պոլշեւիկներու նախակարապետը) եւ անոր հայ մասնակիցներուն՝ «սոցիալիստ-յեղափոխականները» իրենց յատուկ ներդրումը ունեցան հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ, յատկապէս այն առումով, որ համառուսական յեղափոխութեան ճամբով արդար լուծում փնտռեցին նաեւ հայ ժողովուրդի դատին։
Արշամ Խոնդկարեան այդ առումով ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը եղաւ հայ «սոցալիստ-յեղափոխականներուն». իր կարեւոր նպաստը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին՝ արդարադատութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Ծնած է 1881ի Յուլիսին Իգտիրի Հախվերէս գիւղը, աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ վկայուած է Օտեսայի համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղէն։
Ճեմարանի մէջ իր ուսանողութեան շրջանէն իսկ, Արշամ Խոնդկարեան ուշադրութիւն գրաւած է գաղափարական իր աշխուժութեամբ ու մտաւորական իր պաշարով եւ ընդունակութիւններով։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ցարական կարգերու դէմ ծաւալած ուսանողական եւ յեղափոխական պայքարներուն՝ դառնալով Անդրկովկասի մէջ սոցիալիստ-յեղափոխականներու ամէնէն հանրայայտ եւ յառաջապահ գործիչներէն մէկը։
Իբրեւ այդպիսին՝ Արշամ Խոնդկարեան Անդրկովկասը ներկայացնող քաղաքական կարեւոր գործիչներէն մէկը եղաւ 1917ի ռուսական մեծ յեղափոխութեան ժամանակ։ Քերենսկիի ժամանակաւոր իշխանութեան շրջանին, երբ ռուս «սոցիալիստ-յեղափոխականները» տիրական ներկայութիւն հաստատած էին քաղաքական բեմի վրայ, Արշամ Խոնդկարեան արժանաւորապէս ներկայացուց միեւնոյն այդ հոսանքը Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին մէջ՝ պատմական մեծակշիռ վերիվայրումներու այդ հանգրուանին ցուցաբերելով հայ ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-պետական գործիչի ուշագրաւ ընդունակութիւններ։
Իբրեւ այդպիսին, երբ Անդրկովկասեան Սէյմը քայքայուեցաւ եւ Հայաստան նուաճեց իր անկախութիւնը, Արշամ Խոնդկարեան «սոցիալիստ-յեղափոխականներ»ը ներկայացուց նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին օրէնսդիր ժողովին՝ «Հայաստանի Խորհուրդ»ին մէջ։ Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, սերտ գործակցութեան մէջ եղաւ Դաշնակցութեան հետ եւ արժանացաւ արդարադատութեան նախարարի պատասխանատուութեան։
Արշամ Խոնդկարեան երբեք չհաշտուեցաւ պոլշեւիկեան մտայնութեան հետ՝ յանուն «սոցիալ-դեմոկրատիայի» պոլշեւիկներու որդեգրած քաղաքական-ռազմավարական թէ գաղափարական-կազմակերպական ուղղութիւնները մերժելով եւ զանոնք հիմնաւոր քննադատութեան ենթարկելով։
Այդ ճամբով ալ, երբ Լենին-Քեմալ սադրանքով կործանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արշամ Խոնդկարեան իր կարգին 1921ին անցաւ արտասահման, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուրկէ աւելի քան քառասուն տարի հրապարակագրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ առաւելաբար խորհրդային կարգերու քննադատութեան նուիրելով իր ուժերը։
Քաղաքական իր փորձառութեամբ եւ հրապարակագրական ջղուտ գրչով՝ Արշամ Խոնդկարեան ամբողջ տասնամեակներ լուսարձակի տակ պահեց խորհրդահայ իրականութիւնը։ Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենք Ամսագրին», ամսական հերթականութեամբ պատրաստելով «Խորհրդահայ կեանք»ի բաժինը, Ա.Ա. ստորագրութեամբ։ Ուսումնասիրական եւ յուշագրական էջերով աշխատակցեցաւ նաեւ Ս. Վրացեանի խմբագրած «Վէմ» հանդէսին։ Նոյնպէս աշխատակցեցաւ Շ. Միսաքեանի «Յառաջ»ին։
Արշամ Խոնդկարեանի տարիներու երազը՝ Հայաստանը վերստին տեսնելու, իրականացաւ շատ ուշ։ 1964ի ամրան այցելեց Հայաստան, բայց արդէն տարիքը յառաջացած էր եւ այցէն տարի մը ետք ան առյաւէտ փակեց իր աչքերը։
Ռուսահայ ընկերվարական մտքի արժանաւոր ներկայացուցիչին՝ Արշամ Խոնդկարեանի մահուան 52րդ տարելիցին առթիւ, կ’արժէ ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել անոր ազգային-քաղաքական հանգանակն ու յանձնառու վարքագիծը խտացնող Հայաստանի «Սոցիալիստ Յեղափոխականներու» 2 Հոկտեմբեր 1920ի կոչէն (Հայաստանի վրայ թրքական արշաւանքէն անմիջապէս ետք) առնուած հետեւեալ հատուածին վրայ.-
«Տաճիկ փաշաները, քիւրտ ու թիւրք հորդաների գլուխն անցած, ներս են խուժել մեր երկիրը։ Բազմահազար հայ գիւղացիներ Ղարսի շրջանից տեղահան են եղած ու կրկին գրկել են գաղթականի ցուպը։ Հայ դեմոկրատիայի հազիւ ապաքինուած վէրքը դարձեալ նորոգուել է եւ առատօրէն հոսում է արիւնը նրա կրծքից։ Նորից մեր ֆիզիքական գոյութեան խնդիրն է դրուած պատմութեան շռաթաթի վրայ։
«Օրհասի այս ժամին Հայաստանի դեմոկրատիան մնացել է մենակ եւ անօգնական։ Երկու տարուայ քաղաքական անկախ կեանքի ընթացքում մենք չկարողացանք ունենալ դրսի այնպիսի բարեկամներ, որոնց օգնութեան վրայ կարողանայինք յոյս դնել վտանգի ժամանակ։
Չկան եւրոպական նուաճողականները, մեր այդ «հաւատարիմ բարեկամներ»ը… ճաշկերոյթի ժամանակ։ Չկան բարեկամներ եւ մեր հարեւանների շարքերում։ Հայ դեմոկրատիան այսօր իր ուժերով է, որ պէտք է ապահովէ իր գոյութիւնը եւ յետ վանէ արիւնռուշտ թշնամին»։
«Այսօրուայ յաջողութեան միակ պայմանը, ընկերնե՛ր, մեր դեմոկրատիայի բովանդակ ուժերի կազմակերպումն է հայրենիքի ինքնապաշտպանութեան գործի շուրջը»։
Ազգի եւ Հայրենիքի նկատմամբ գերագոյն պարտքի զգացողութեամբ յագեցած հայ ընկերվարական մտքի ջահակիր յեղափոխականներէն է Արշամ Խոնդկարեան։
Արշամ Խոնդկարեան (1881-1965)
Արշամ Խոնդկարեան (1881-1965). Հայաստանի Անկախութեան սերունդին ընկերվարակա՛ն ներկայացուցիչը Ն.