«Ազգ մը չի կոր­սո­ւիր, երբ գի­տէ իր սխալ­նե­րը ճանչ­նալ եւ ին­քը զին­քը ուղ­ղել»:
­Հայ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խո­րա­չա­փու­մը կա­տա­րող նման պատ­գամ­նե­րու բան­բերն է հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ­նե­րէն Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան, ո­րուն ծննդեան 145րդ ­տա­րե­դար­ձը կը յու­շենք ­Յու­լիս 15ի այս օ­րը։
­Բազ­մաշ­նորհ մե­ծու­թիւն մըն է ­Չօ­պա­նեան, որ բարձ­րա­դիր իր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած է հայ գրող­նե­րու յա­ւեր­ժա­կան պան­թէո­նին մէջ ե­թէ ոչ ան­պայ­ման գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր ժա­ռան­գու­թեամբ, բայց հաս­տա­տա­պէս հայ մշա­կոյ­թի հարս­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ իր տա­ծած ան­հուն սէ­րով, հայ լե­զո­ւի պաշ­տա­մուն­քով ու զայն կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու կիր­քով եւ, յատ­կա­պէս, հայ­կեան հան­ճա­րի ան­կորն­չե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը վեր­ծա­նե­լու, ար­ժե­ւո­րե­լու եւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ու ողջ մարդ­կու­թեան փո­խան­ցե­լու իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով եւ պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով։
Ինչ­պէս որ 1913ին Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ գրած է ­Չօ­պա­նեա­նին ուղ­ղո­ւած անձ­նա­կան իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ «միս-մի­նակդ ը­րիր ինչ որ շա­տեր միա­ցած չէին կրնար ը­նել. եւ ինչ որ ա­մէ­նէն յար­գե­լին է քու աշ­խա­տու­թեանց մէջ, դուն հիա­նա­լի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մը նո­ւի­րե­ցիր ինք­զինքդ փշրանք­ներն ու նշխար­նե­րը հա­ւա­քե­լու մեր գրա­կան ան­ցեա­լին, ճիշդ ա­նոր՝ որ ա­մէ­նէն մոռ­ցո­ւածն ու լքո­ւածն է»։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Չօ­պա­նեան Ար­շակ ­Յով­հան­նէ­սի, մե­ծա­նուն հայ գրո­ղը, քննա­դա­տը, բա­նա­սէ­րը, հրա­պա­րա­կա­գի­րը, թարգ­մա­նիչն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը ծնած է Կ. ­Պո­լիս, 15 ­Յու­լիս 1872ին, ակն­ցի ոս­կե­րի­չի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։
Ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ Կ. ­Պոլ­սոյ ­Մաք­րու­հեան դպրո­ցին, ա­պա՝ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ժա­մա­նա­կի ա­կա­նա­ւոր գրա­կան գոր­ծիչ­նե­րու։ Սկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել վաղ տա­րի­քէն՝ ինք­նու­րոյն եւ թարգ­մա­նա­կան գոր­ծե­րով աշ­խա­տակ­ցե­լով «­Բու­րաս­տան ման­կանց», «Ա­րե­ւելք», «­Մա­սիս» եւ «­Հայ­րե­նիք» պար­բե­րա­կան­նե­րուն։ 1895ին խմբագ­րեց «­Ծա­ղիկ» կի­սամ­սեայ թեր­թը։ ­Նոյն տա­րին, իր կար­գին խոյս տա­լով ­Հա­մի­տեան իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, որ դար­ձաւ իր մնա­յուն բնա­կա­վայ­րը։ ­Ձեռ­նար­կեց «Ա­նա­հիտ» գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մե­ծար­ժէք հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան (1898–1911, նոր շրջան` 1929–49)։ ­Նաեւ մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Վե­րած­նունդ» (1917–19) եւ «Ա­պա­գայ» (1921–24) թեր­թե­րու խմբագ­րու­մին։
Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ բախ­տը ու­նե­ցաւ սերն­դա­կիցն ու գոր­ծա­կի­ցը ըլ­լա­լու հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան թէ՛ նա­խաե­ղեռ­նեան, թէ՛ յետ-ե­ղեռ­նեան սե­րունդ­նե­րուն։ Իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ ճա­շա­կի տէր հե­ղի­նա­կու­թիւն՝ գրա­կան քննա­դա­տի իր ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ ար­ժէք­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ խրա­խուս­ման մէջ։
Ս­տեղ­ծա­գոր­ծեց գրա­կան բո­լոր սե­ռե­րուն մէջ։ ­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փո­ւած են «Ար­շա­լոյ­սի ձայ­ներ» (1891), «Թրթ­ռում­ներ» (1892) եւ «­Քեր­թո­ւած­ներ» (1908) հա­տոր­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը յատ­կան­շո­ւին ռո­ման­թիք բա­նաս­տեղ­ծու­թեան «միա­կող­մա­նիու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ի­րա­կա­նու­թեան կեն­դա­նի գծերն ար­տա­յայ­տե­լու ձգտու­մով», ինչ­պէս որ նշած է գրա­կա­նա­գէտ Է. Ջր­բա­շեան։ ­Չօ­պա­նեան հրա­տա­րա­կած է նաեւ «­Թուղ­թի փառք» (1892) հո­գե­բա­նա­կան վի­պա­կը, «Տ­ղու հո­գի­ներ» (1923) պատ­մո­ւածք­նե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն, «­Մութ խա­ւեր» (1893) ու «Հ­րաշ­քը» (1923) թա­տե­րա­խա­ղե­րը եւ այլ եր­կեր։
­Չօ­պա­նեա­նի ներդ­րու­մը ա­ռանձ­նա­պէս տի­տա­նա­կան է գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ։ Ի­րեն կը պար­տինք միջ­նա­դա­րեան հայ տա­ղեր­գու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը վեր­ծա­նե­լու եւ մեր սե­րունդ­նե­րուն ու ամ­բողջ աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը։
­Չօ­պա­նեան հա­յե­րէ­նով եւ ֆրան­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց միջ­նա­դա­րեան ու նոր շրջա­նի գրա­կան յու­շար­ձան­ներ՝ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կին վե­րագ­րո­ւող քա­ռեակ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս միջ­նա­դա­րեան «հայ­րէն­նե­րու» ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը («­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի դի­ւա­նը», 1902, «­Հայ­րէն­նե­րու բու­րաս­տա­նը», 1940), «­Նա­ղաշ ­Յով­նա­թան ա­շու­ղը եւ ­Յով­նա­թան ­Յով­նա­թա­նեան նկա­րի­չը» (1910), «­Հայ է­ջեր» (1912) գրքե­րը։
­Չօ­պա­նեան ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ, որ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի ժա­ռան­գու­թիւ­նը վեր­լու­ծեց իբ­րեւ գե­ղարուես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն՝ բա­ցա­յայ­տե­լով կրօ­նա­խորհր­դա­պաշտ շղար­շի տակ պա­հո­ւած ­Նա­րե­կա­ցիի խոր մար­դա­սի­րա­կան էու­թիւ­նը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, ­Նա­րե­կա­ցին դա­սե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րու կող­քին։
­Չօ­պա­նեան նաեւ կազ­մեց ու ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյյս ըն­ծա­յեց ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի (1894) եւ Մկր­տիչ ­Պե­շիկ­թաշ­լեա­նի (1907) եր­կե­րը, ո­րոնց նուի­րեց նաեւ ծա­ւա­լուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ։
­Չօ­պա­նեան-քննա­դա­տի նա­խա­սի­րած մար­զը էս­սէ-դի­ման­կա­րի գրա­կան ոճն է. սեղմ շրջա­գի­ծե­րու մէջ ան կը ներ­կա­յա­ցէ ծա­նօթ գրող­նե­րու ընդ­հան­րա­կան, խոր եւ դի­պուկ բնու­թա­գի­րը, կը բա­ցա­յայ­տէ ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, աշ­խա­տա­կար­գին (մե­թոտ) եւ ո­ճին էա­կան գի­ծե­րը։ Այդ­պի­սի յօ­դո­ւած­ներ նո­ւի­րած է Խ. Ա­բո­վեա­նին, Ղ. Ա­լի­շա­նին, Յ. ­Պա­րո­նեա­նին, Գ. ­Սուն­դու­կեա­նին, ­Րաֆ­ֆիին, Պ. Պ­ռօ­շեա­նին, Ա. ­Շիր­վան­զա­դէին, ­Հա­մաս­տե­ղին եւ ու­րիշ­նե­րուն (ա­նոնց զգա­լի մա­սը ամ­փո­փո­ւած է «­Դէմ­քեր» ( հ. 1-2, 1924-29) ժո­ղո­վա­ծու­նե­րուն մէջ։
­Վեր­ջա­պէս, ­Չօ­պա­նեան մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ քա­րո­զե­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դա­տը պաշտ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Անձ­նա­կան եւ նա­մա­կագ­րա­կան կա­պեր ու­նե­ցաւ ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­ցի գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ։ ­Թարգ­մա­նեց եւ ֆրան­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց հին ու նոր շրջա­նի հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու բազ­մա­թիւ եր­կեր։ Այդ աշ­խա­տան­քին պսա­կը ե­ղաւ «­Վար­դե­նիք ­Հա­յաս­տա­նի» ֆրան­սե­րէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժո­ղո­վա­ծուն։
­Մե­ծա­նուն հա­յը զոհ գնաց պա­տա­հա­կան ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծի, 1954 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նիս 8ին եւ ար­ժա­նա­ցաւ հա­մազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ու թա­ղու­մի։
Ա. ­Չօ­պա­նեա­նի հա­րուստ վաս­տա­կէն մեր սե­րունդ­նե­րը ժա­ռան­գե­ցին անս­պառ սէրն ու պաշ­տա­մուն­քը մեր ­Մայ­րե­նիին՝ ար­ձա­գան­գե­լով հայ մշա­կոյ­թի մե­ծա­նուն գոր­ծի­չի պատ­գա­մին.-
«Ո՜վ մեր լե­զուն, հա­յե­լի մաք­րու­թեան, գո­րո­վի եւ ա­րիու­թեան, դուն մեր հո­գին ու մեր ա­րիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես»: Ա. ­Չօ­պա­նեա­նի ժա­ռան­գու­թեան կո­թո­ղա­կան նուա­ճու­մին՝ «Ա­նա­հիտ» ամ­սագ­րի ար­ժե­ւոր­ման նուի­րո­ւած է ա­րո­ւես­տա­բա­նու­թեան դոկ­տոր Գ.Խ.Ստե­փա­նեա­նի հե­տա­գայ վկա­յու­թիւ­նը, գրուած՝ մե­ծա­նուն հա­յուն ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով.
‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սը լոյս է տես­նում եր­կու պար­բե­րաշր­ջան­նե­րով՝ 1898-1911թթ. եւ 1929-1949թթ.: Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը իր հան­դէ­սում ե­ղել է ե՛ւ խմբա­գիր, ե՛ւ գրել է իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­րում հայ հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին յօ­դո­ւած­ներ, ինչ­պէս նաեւ հան­դէ­սի լրա­տո­ւա­կան բա­ժի­նը: ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սի ծրա­գիրն էր՝ տպագ­րել ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ հայ ժո­ղովր­դի պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, գե­ղա­րո­ւես­տի եւ լե­զո­ւի մա­սին, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ գի­տու­թեան մա­սին, վի­պակ­ներ, վէ­պեր, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ ար­ձակ­ներ՝ թէ՛ հա­յե­րէն եւ թէ օ­տա­րա­լե­զու:
«Լ­րա­տո­ւա­կան բա­ժի­նը ի­րե­նից ներ­կա­յաց­նում էր հայ հա­սա­րա­կա­կան եւ մտա­ւոր կեան­քի ան­գին մի տա­րեգ­րու­թիւն, որն ընդգր­կում է գրա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րից մին­չեւ կեան­քից հե­ռա­ցած գոր­ծիչ­նե­րի մա­հա­խօ­սա­կան­ներ: Ի­հար­կէ, հե­տա­գա­յում այս ծրա­գի­րը հա­մալ­րո­ւեց եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւեց:
«Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը ‹‹Ա­նա­հիտ»ում› տպագ­րել է ան­տիկ շրջա­նի եւ հե­տա­գայ դա­րե­րի դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան շատ նմոյշ­ներ, ա­րո­ւես­տի տար­բեր ճիւ­ղե­րին՝ նկար­չու­թեա­նը, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեա­նը, ե­րաժշ­տու­թեա­նը, թատ­րո­նին, ճար­տա­րա­պե­տու­թեա­նը նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած­ներ: ­Հան­դէ­սում տեղ են գտել ­Թո­րոս ­Թո­րո­մա­նեա­նի ար­ժէ­քա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը հայ հին ճար­տա­րա­պե­տութ­յան մա­սին, ­Գա­րե­գին ­Յով­սէ­փեա­նի յօ­դուած­նե­րը՝ հայ ման­րան­կար­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նը տպագ­րել է նաեւ ա­ռան­ձին յօդուած­ներ ­Կո­մի­տա­սի, Ա­լեք­սանդր Ս­պեն­դիա­րեա­նի, Էդ­գար ­Շա­հի­նի եւ ա­րո­ւես­տի այլ բնա­գա­ւառ­նե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի մա­սին: Ի դէպ, Էդ­գար ­Շա­հի­նը ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սի ա­ռա­ջին ճա­կա­տա­զար­դի հե­ղի­նակն է՝ հին հայ­կա­կան ման­րան­կար­չա­կան ո­ճով, իսկ երկ­րոր­դի­նը՝ ­Մել­քոն ­Քե­պապ­ճեանն էր:
«­Սա հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք էր, ո­րը կա­րող էր ա­նել միայն շնոր­հա­լի, բարձր կրթո­ւա­ծու­թեամբ եւ աշ­խա­տա­սէր մար­դը, ո­րը ան­սահ­ման հայ­րե­նա­սէր էր եւ իր հայ­րե­նի­քի մշա­կոյթն էր տա­րա­ծում ամ­բողջ աշ­խար­հով, այդ­պի­սով կռո­ւե­լով թշնա­մու դէմ, թոյլ չտա­լով նրան ոչն­չաց­նե­լու իր ազ­գը: ‹‹Ա­նա­հիտ›› հան­դէ­սը ծա­ռա­յում էր ըն­թեր­ցող­նե­րի մտա­ւոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­մա­նը, նրանց հա­ղոր­դա­կից էր դարձ­նում հա­մաշ­խար­հա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մտքին»: