Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 19ին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (Հ.Հ.Կ.) գործադիր մարմնի Յունուար 18ի նիստին կուսակցութեան կողմէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ:
«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի չորրորդ նախագահը պէտք է ըլլայ կայացած եւ վառ անձնաւորութիւն, քաղաքականապէս պատրաստուած եւ կոփուած պէտք է ըլլայ, բայց ոչ քաղաքականացուած: Ան պէտք է կարենայ կազմակերպել երկխօսութիւն քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն ըլլայ:
Պէտք է կարենայ պատուով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտերկրի մէջ, ճանչնայ սփիւռքը եւ ունակութիւն ունենայ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
«Երէկ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան գործադիր մարմնին մէջ մենք անդրադարձած ենք այս հարցին, եւ ես, հաշուի առնելով ձեր ունակութիւնները, ձեր որակական յատկանիշները, առաջարկած եմ իմ գործընկերներուն` առաջադրել ձեզ որպէս Հայաստանի Հանրապետոիթեան չորրորդ նախագահի թեկնածու: Դուք կայացած գիտնական էք, վարած էք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ունիք դիւանագիտական մեծ փորձ եւ սա է պատճառը, որ մենք լուրջօրէն քննարկած ենք Ձեր թեկնածութիւնը:
«Շատ ցանկալի է, որ չորրորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանական լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: Հաշուի առնելով մեր այս ցանկութիւնը` կը կարծեմ, որ ձեր մտորումներու ժամանակ ճիշդ պիտի ըլլայ, որպէսզի հանդիպիք մեր համախոհ գործընկերոջ` Դաշնակցութեան, խորհրդարանի մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն` «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն եւ տեսանելի ապագային որոշում կայացնէք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան Մարտի սկիզբը: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան մէկ փուլով, եւ Մարտի սկիզբը մենք արդէն ունենանք չորրորդ նախագահ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին եւ Հանրապետական Կուսակցութեան այս բարձր վստահութեան համար:
Ան յատկապէս ըսած է.- «Ինչպէս դուք ըսիք, շատ կարեւոր է, որ որոշում ընդունելէ առաջ ես նոյնպէս առիթ ունենամ հանդիպելու քաղաքական տարբեր ուժերուն ե՛ւ Ազգային ժողովի մէջ, ե՛ւ Ազգային ժողովէն դուրս: Շատ կ’ուզէի հանդիպիլ նաեւ հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններուն, գործարար շրջանակներուն, աշխատաւորական շրջանակներուն: Ի հարկէ, անպայման կ’ուզէի հանդիպիլ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, եւ, ի հարկէ, հանդիպիլ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն եւ ատկէ ետք իմ որոշումը կայացնել: Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար մեծ պատիւ է ձեր առաջարկը, պարո՛ն Նախագահ:
«Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վստահութեան համար: Եւ եթէ այս բոլոր հանդիպումներէն ետք որոշումս կայացնեմ, կը փորձեմ պատուով կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւնները եւ արդարացնել այն վստահութիւնը, որ լսեցի ձեզմէ, ձեր կուսակից ընկերներուն կողմէ եւ յուսամ նաեւ կը լսեմ մեր միւս քաղաքացիներէն եւ մեր հայազգի որդիներէն: Եթէ թոյլ տաք, ինծի որոշ ժամանակ պէտք է վերջնական որոշում ընդունելու համար»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան` գիտնական, դեսպան,
վարչապետ, գործարար
Արմէն Սարգսեան ծնած է 1953ի Յունիս 23ին, Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքը: 1976-1984 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ, հիմնադրած է Ե.Պ.Հ. տեսական բնագիտութեան բաղադրիչ համակարգերու համակարգչային ծրագրաւորման բաժինը: Դասաւանդած է նաեւ Քեմպրիճի համալսարանին մէջ, Լոնտոնի համալսարանի Ուսողութեան հիմնարկին մէջ: 1991-1995ին զբաղեցուցած է Միացեալ Թագավարութեան մօտ Հ.Հ. դեսպանի պաշտօնը: 1995-1996ին` Եւրոմիութեան մօտ Հ.Հ. Առաքելութեան ղեկավարը եղած է: 1996-1997ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը: 1998-1999-ին վերանշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին: 2013ի Սեպտեմբերին Արմէն Սարգսեան երրորդ անգամ ստանձնած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:
2000 թուականէն Eurasia House International կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահն է: 2001-2011 Քեմպրիճի համալսարանի Ջաջ Պիզնես դպրոցին մէջ Եւրասիական կեդրոնի հիմնադիրն ու տնօրէնը:
Ամենամեայ Եւրասիական լրագրական ժողովի (Astana) (2002), Քեմպրիճի համալսարանի մէջ «Տարեկան ազդեցիկ համաժողով»ի (2003) հիմնադիրն է: 2001-2013 թուականներուն British Petrolium, Alcatel, Telefonica ընկերութիւններու գլխաւոր խորհրդատուն եղած է, Bank of America Merrill Lynch-ի եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու աւագ խորհրդատու:
Պատուոյ եւ գործադիր պաշտօններ կը զբաղեցնէ շարք մը կառոյցներու մէջ: Ուժանիւթի անվտանգութեան համաշխարհային խորհուրդի նախագահն է (WEFForum), Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի (EWI) փոխնախագահը, Եւրոատլանտեան Անվտանգութեան նախաձեռնութեան յանձնաժողովի համանախագահը (Ուժանիւթի անվտանգութեան նախագահ), Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի հիմնադիր նախագահը, Համաշխարհային Առաջնորդութեան Հիմնադրամի (GLF) խորհուրդի անդամը, Հարվըրտի համալսարանի Քէնետիի կառավարման դպրոցի խորհուրդի անդամը, Շիքակոյի համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու Հարրիսի դպրոցի խորհուրդի անդամը, Ջոն Սմիթ hիմնադրամի հոգաբարձու է, Միջազգային Տնտեսական Դաշնութեան համաշխարհային առաջնորդութեան խորհուրդի անդամ, պատուաւոր աւագ հետազօտող ուսողութեան գիտութիւններու դպրոցին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուոյ դոկտոր է։
Պարգեւատրուած է «Սուրբ Գրիգոր Մեծ» պարգեւ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ պապէն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Նորին Սրբութիւն Գարեգին Երկրորդէն:
Հեղինակ է բազմաթիւ ակադեմիական յօդուածներու եւ հրապարակումներու տեսական բնագիտութեան, աստղաբնագիտութեան, համակարգչային ծրագրաւորման, քաղաքագիտութեան եւ անցումային տնտեսութեան ոլորտներու մէջ: Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան: Ազգային Ժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրէ Մարտ 2ին: Հանրապետական Կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրեց Արմէն Սարգսեանը