Ե­րե­ւա­նի «­Նի­կո­լայ ­Կո­կոլ»ի ա­նո­ւան թիւ 35 դպրո­ցին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս, «­Մար­տա­կան ­Խաչ» Ա. աս­տի­ճա­նի շքանշա­նա­կիր վաշ­տի հրա­մա­նա­տար Ար­մե­նակ Ուր­ֆա­նեա­նի ա­նու­նը կրող հրաձ­գա­րան: ­Հե­րո­սը յա­ճա­խած է այս դպրո­ցը:
­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին հե­րո­սին հա­րա­զատ­նե­րը, մայ­րը՝ ­Հա­մեստ ­Ներ­սի­սեան, եղ­բայ­րը՝ Ֆ­րանց Ուր­ֆա­նեան, Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս­ներ Անդ­րա­նիկ ­Զոհ­րա­բեա­նի եւ Գ­րի­գոր ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի ծնող­նե­րը, Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից ­Հայկ ­Թո­րո­սեան, Ար­ցա­խի հե­րոս Ար­կա­դի ­Տէր-­Թա­դե­ւո­սեան, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ար­տակ ­Զա­քա­րեան, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Տա­ճատ ­Վար­դա­պե­տեան, ­Շի­րակ ­Թո­րո­սեան, Ե­րե­ւա­նի փոխ-քա­ղա­քա­պետ ­Դա­ւիթ Օ­հա­նեան, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մի հան­րակր­թու­թեան վար­չու­թեան պետ Ան­նա Ս­տե­փա­նեան եւ այլք:
­Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ար­տակ ­Զա­քա­րեան նշեց, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մեր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը ստի­պած են իւ­րա­քան­չիւր սե­րուն­դի հա­մար կեր­տել հե­րո­սու­թեան եւ հայ­րե­նի­քին նո­ւի­րո­ւե­լու բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ:
«Ըն­դա­մէ­նը եր­կու տա­րի է ան­ցել մար­տա­կան օ­րե­րից, ո­րոնք մեզ եւս մէկ ան­գամ փոր­ձու­թիւն պար­տադ­րե­ցին, ո­րը եւ պա­տո­ւով յաղ­թա­հա­րե­ցինք, եւ այդ պա­տի­ւը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւնն ա­ռա­ջին հեր­թին նո­ւի­րե­ցին պաշտ­պա­նա­կան սահ­մա­նին կանգ­նած մեր ա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րը: ­Բա­ռե­րով դժո­ւար է ա­սել, թէ 7 հո­գով ի­րենց հե­րոս հրա­մա­նա­տա­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է դի­մագ­րա­ւել եւ մարտ վա­րել մի հսկայ յար­ձա­կո­ղա­կան ու­ժի դէմ՝ չյանձ­նո­ւե­լով»,- յայտ­նեց Ար­տակ ­Զա­քա­րեան: «Ար­մե­նակ Ուր­ֆա­նեանն այն սպա­նե­րից էր, ով իր զի­նո­ւոր­նե­րի հետ միա­սին ա­րեան վեր­ջին կա­թի­լը տո­ւեց հայ­րե­նի­քին, ան­կա­խու­թեա­նը: ­Մեր խո­նար­հու­մը՝ բո­լոր զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րին եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը՝ այն ըն­տա­նիք­նե­րին, ո­րոնք ծնել են նման հե­րոս տղա­նե­րի»,- ը­սաւ Ե­րե­ւա­նի փոխ-քա­ղա­քա­պետ ­Դա­ւիթ Օ­հա­նեան:
­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Ար­մե­նակ Ուր­ֆա­նեա­նի մայ­րը՝ ­Հա­մեստ ­Ներ­սի­սեան պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի­քին անմ­նա­ցորդ կեր­պով նո­ւի­րո­ւած եւ անձ­նա­զոհ զա­ւակ դաս­տիա­րա­կե­լուն հա­մար: