Արձագանգ` Գոքինիոյ հայ կեանքէն
Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, այս տարի եւս երգեցիկ խումբերը աւետեցին Ծնունդը մեր հայրենակիցներուն։ Այսպէս, Հ.Կ.Խաչի, «Համազգային»ի, Հ.Մ.Ը.Մի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան մասնաճիւղներու անդամները՝ միացեալ խումբեր կազմած, այցելեցին մեր հայրենակիցներուն տուները, Գոքինիոյ եւ շրջակայքի մէջ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային արուարձաններուն մէջ ապրող հայերուն, եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, Ս. Ծննդեան խորհուրդը փոխանցեցին հայկական տուներէն ներս։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու հաւաք
Շաբաթ՝ 12 Յունուար 2019ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղը կատարեց նոր տարուան առաջին հաւաքը, «Զաւարեան» կեդրոնի մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի եւ մեծ թիւով ծնողներու։ Ներկայ եղան նաեւ սկաուտական շրջանային խմբապետութեան եւ ծնողական խորհուրդի անդամները։
Հաւաքին սկիզբը, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան հրաւիրեց Տէր Հայրը՝ օրհնելու եւ կատարելու համար աւանդական գաթայի բաշխումը։ Տէր Պարէտ շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ եւ բոլորին մաղթեց բարի տարի եւ բեղուն սկաուտական գործունէութիւն՝ հայավայել եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիէն առաջնորդուած։ Յաջորդաբար, խմբապետերու հրաւէրով՝ գայլիկներու եւ սկաուտներու խումբերը կատարեցին խոստման արարողութիւն եւ անցան համապատասխան սկաուտական շարքերէն ներս։ Ապա, քոյր Ռոզինա Մարտիրոսեան, յատուկ արարողութեամբ, ստացաւ փոխ-խմբապետի պաշտօնը, առ ի գնահատանք իր կատարած բծախնդիր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն։
Հ.Կ.Խաչի անդամական ժողով
Շաբաթ՝ 12 Յունուարի երեկոյեան, «Զաւարեան» Կեդրոնի «Սարաճեան-Զաքարեան» զոյգ սրահները լեցուած էին Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամուհիներով, որոնք միասնաբար հաւաքուեցան ամանորեայ գաթայի բաշխումը կատարելու համար։ Ներկայ եղան Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւը եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչը ուՀ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամները։
Ելոյթին սկիզբը, խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ, բոլոր անդամները յոտնկայս երգեցին «Խորհուրդ Մեծ» շարականը։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկ. Նոյեմի Եզեկիէլեան կատարեց երեկոյի բացումը եւ բոլոր անդամուհիներուն ու անոնց ընտանիքներուն բարեմաղթութիւններ տուաւ։ Յաջորդաբար, Պարէտ Քահանայ Հայրը օրհնեց եւ բաշխեց ամանորեայ գաթան։ Տէր Հայրը նաեւ առիթը ունեցաւ հակիրճ կերպով բացատրելու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը, մասնաւորաբար հայկական աւանդութեանց եւ սովորութիւններու մթնոլորտին մէջ։
Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցաւ ընկ. Լիզա Աւագեան, որ ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի առաքելութեան եւ գործունէութեան գլխաւոր բաժինները, տալով տեղեկութիւններ Միութեան համատարած աշխատանքին մասին՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ։ Տրուած տեղեկութիւնները շահեկան էին, մասնաւորաբար նոր անդամուհիներուն համար, որոնք առիթը ունեցան իմանալու միութեան համահայկական մեծ գործունէութեան մասին, աշխարհի հայկական բոլոր գաղթօճախներէն ներս ու մասնաւորաբար հայրենի ժողովուրդի կրթական, ընտանեկան եւ ընկերային բարօրութեան համար։
Երեկոն վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ եւ մտերմիկ զրոյցներով։
Գաթայի բաշխում եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի՝ 20 Յունուար 2019ի առաւօտեան, Ս. Պատարագէն ետք, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ամանորեայ կարկանդակի բաշխման հաւաքոյթ՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ։ Ներկայ եղան մեծ թիւով հայրենակիցներ։ Եկեղեցւոյ հովիւ Պարէտ Քահանայ Հայրը իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, մաղթեց բարի եւ բեղուն տարի մը համայն հայութեան եւ, մասնաւորաբար, շրջանին մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար։ Շեշտը դրաւ տօնական օրերու եւ յատկապէս Ս. Ծննդեան խորհուրդին վրայ, որպէս քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն տօներէն մէկը, որ կը նշանաւորէ Տիրոջ կողմէ նոր կեանքի եւ նոր սկիզբի մը պատգամը դէպի մարդկութիւն։ Ապա՝ Տէր Հայրը օրհնեց կարկանդակը, որմէ բախտաւորը ստացաւ խորհրդանշական նուէր մը։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած Տիկնանց Մարմնոյ անդամներուն կողմէ։
ԹՂԹԱԿԻՑ