Պուէնոս Այրէսի հայկական կազմակերպութիւնները հրատարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր կը դատապարտեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Արժանթինի հայկական համայնքը, որ մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ թրքական պետութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն կատարուած Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականներէ, կը մերժէ եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցը Արժանթին: Չաւուշօղլու ոչ միայն յանցագործ պետութեան ներկայացուցիչն է, այլեւ՝ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան գործող բազո՛ւկը: Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար՝ Չաւուշօղլու կը փորձէ ահաբեկել բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, կամ՝ նոյնիսկ կ՛ակնարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան: Յիշենք Ռուսիոյ, Եւրոպական Խորհրդարանի ու Վատիկանի դէպքերը, նաեւ՝ Գերմանիոյ ու Ա.Մ.Ն.ի 2016 թուականի դէպքերը: Համոզուած ենք, որ իր նպատակը, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, խօսքի ազատութեան գրաքննութեան մոտելը (նախատիպ) արտահանելն է, այն մոտելը, զոր կը վարէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը իր սեփական ժողովուրդին հանդէպ: Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ առիթներ, երբ թրքական դիւանագիտութիւնը, լոպիինկի միջոցով, փորձած է արգելափակել հայ ժողովուրդին հանդէպ զօրակցութեան բանաձեւերը՝ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ:
Կոչ կ՛ուղղենք Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի իշխանութիւններուն՝ խուսափելու թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան որեւէ մէկ արտայայտութեան հաւանութիւն տալէ:
Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին
Արժանթինի հայութիւնը կը դատապարտէ Չաւուշօղլուի այցը