Արժանթինի Ազգային Քոնկերսի (խորհրդարան) քննարկմանն ներկայացուած է ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծը ներկայացուցած է պատգամաւոր Նիլտա Հարրէն, որ նախապէս պաշտպանութեան նախարար եղած է: Այդ մասին յայտարարած է ինքը՝ Հարրէն Prensa Armeniaին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Ըստ օրինագիծին՝ իւրաքանչիւրը, որ «հրապարակաւ կը ժխտէ, նուազագոյնի կը հասցնէ, կ՛արդարացնէ կամ հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանութեան որեւէ ձեւի կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», պիտի դատապարտուի Արժանթինի Քրէական օրինագիծի համապատասխան յօդուածով:
«2006ին Ազգային ժողովը ընդունած է 26,199 օրէնքը Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որուն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար, պարզ է, որ անիկա ընդգրկուած է մեր ներկայացուած նախագիծին մէջ»,- ըսած է Հարրէն:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ Ա.Գ. նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի վերջին այցին Արժանթին` ան ըսած է.- «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ Թուրքիան արձագանգել: Բայց ես գիտեմ, որ Արժանթինի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Ազգային Քոնկերսը կը ներկայացնէ անոր լիազօրութիւնները»:
Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին՝ Թուրքիոյ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի այցը վերջին էր 20 տարուան ընթացքին: Ատոր նպատակը, ըստ Չաւուշօղլուի, «աւելի սերտ կապեր հաստատելն էր բարեկամ երկիրներու հետ` դիմագրաւելու համաշխարհային խնդիրները»: Հայ համայնքը դատապարտած է Չաւուշօղլուի այցը` ընդգծելով, որ ան կը ներկայացնէ պետութիւն մը, որ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ նաեւ կ՛աջակցի Ատրպէյճանին` Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմական գործողութիւններուն:
Արժանթինի խորհրդարան
Արժանթինի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը