Արհեստավարժ բռնցքամարտի գեր-միջին ծանրութեան դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ Յուլիս 16ին ունեցաւ իր ասպարէզի 50րդ մարտը՝ յաղթելով «նաք-աութ»ով:
Պերլինի մէջ կայացած մարտի ընթացքին Աբրահամի մրցակիցն էր նորվեկիացի Թիմ Ռոպին Լիհուկ, որ պարտուեցաւ 8րդ ռաունտին:
Առաջին ռաունտին 36ամեայ Աբրահամ աւելի լաւ տեսք ունէր, իսկ երկրորդին՝ աւելի աշխոյժ էր մրցակիցը:
Մարտի սկիզբը, 23ամեայ նորվեկիացին առաւել մեծ թիւով հարուածներ կատարեց, սակայն անոնք չէին հասներ իրենց նպատակին, իսկ Աբրահամ ցուցաբերեց վստահ պաշտպանութիւն: