ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ — «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»

­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան վար­ձած լոպ­պիս­տա­կան եւ PR ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լէ ետք՝ այժմ կը տե­ղե­կաց­նենք Ատր­պէյ­ճա­նի վար­ձած չորս հա­ման­ման ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:
­Դի­տար­կե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի նեն­գա­միտ մօ­տե­ցում­նե­րը ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ՝ նկա­տե­ցի հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը.
1) Ինչ­պի­սի՛ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ալ որ ձեռ­նար­կեն ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը ի­րենց հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար, Ատր­պէյ­ճան կը ձգտի նմա­նա­կել ա­նոնց եւ հա­կազ­դել՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ իր վար­ձու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով: ­Նա­խա­գահ Ա­լիեւ 2013ի իր ե­լոյ­թին մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի «հիմ­նա­կան թշնա­մին հայ­կա­կան լոպ­պին է»: Ան նաեւ նշեց, որ «հայ­կա­կան լոպ­պին օր ու գի­շեր կը փոր­ձէ զրպար­տել Ատր­պէյ­ճա­նը, վար­կա­բե­կել ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը: Ա­նոնք նիւ­թա­կան մեծ մի­ջոց­ներ ու­նին: Ա­նոնք սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած են ի­րենց եր­կիր­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, ուր «լոպ­պինկ»ի ա­նո­ւան տակ նո­ւի­րատ­ւու­թիւն­ներ կ­՝ը­նեն օ­րէնս­դիր­նե­րուն: ­Բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­տի­կա կա­շառք է: Այս­պի­սով՝ հայ­կա­կան լոպ­պին մեր դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած պայ­քա­րի ա­ռա­ջա­տարն է»: Իր քննա­դա­տա­կան ծա­ւա­լուն ճա­ռին մէջ, Ա­լիեւ կեղ­ծօ­րէն հա­յե­րուն վե­րագ­րեց ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ կա­շա­ռե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան ար­շա­ւը, որ կ­՝ի­րա­կա­նա­ցո­ւի իր իսկ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:
2) Ատր­պէյ­ճան կը հե­տե­ւի ­Թուր­քիոյ ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու պաշ­տօ­նեա­նե­րու քայ­լե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ­կա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, նե­րա­ռեալ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ու ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­մար հա­յե­րը մե­ղադ­րե­լը: ­Ցա­ւօք, Ատր­պէյ­ճան նաեւ կը նմա­նա­կէ ­Թուր­քիան սե­փա­կան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ճնշե­լու ա­ռու­մով` դժո­ւա­րաց­նե­լով ո­րո­շել, թէ այս եր­կու եր­կիր­նե­րէն ո՞րն է ա­ւե­լի բռնա­տի­րա­կան:
3) Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ ըն­դու­նե­լով, որ իր դի­մա­գի­ծը մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն պատ­ճա­ռով վար­կա­բե­կո­ւած է Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ, վար­ձած է PR եւ լոպ­պիս­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ մաք­րա­զեր­ծե­լու հա­մար իր բա­ցա­սա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը: ­Պէտք էր ակն­կա­լել, որ ե­թէ վար­չա­կար­գը այդ­քան մտա­հոգ է ար­տա­սահ­մա­նի մէջ իր վատ համ­բա­ւով, ան իր երկ­րին մէջ պի­տի բա­րե­լա­ւէր մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, ուս­տի անհ­րա­ժեշտ չէր ըլ­լար մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ վատ­նել ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու վրայ` իր դի­մա­գի­ծը մաք­րե­լու անհ­նա­րին գոր­ծը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար: Ա­լիեւ, 2013ի իր ե­լոյ­թին մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նը բաղ­ձան­քով նկա­րագ­րեց իբ­րեւ «ժա­մա­նա­կա­կից, ա­ռա­ջա­դէմ, բաց, հան­դուր­ժո­ղա­կան եր­կիր»: Ո՞վ կրնայ խա­բո­ւիլ նման բա­ցա­յայտ սու­տե­րով:
Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ տա­րի­ներ շա­րու­նակ վար­ձած է տաս­նեակ PR եւ լոպ­պիս­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն այս պա­հուն, ա­նոր հա­մար կ­՝աշ­խա­տին ըն­դա­մէ­նը չորս նման ըն­կե­րու­թիւն­ներ.-
1) Podesta Group, Incին Ատր­պէյ­ճան կը վճա­րէ ամ­սա­կան 45 հա­զար տո­լար. «(Ատր­պէյ­ճա­նին) վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ վեր­լու­ծու­թեան հա­մար. խորհր­դատ­ուու­թիւն (Ատր­պէյ­ճա­նին) Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, գոր­ծու­նէու­թիւն ­Քոնկ­րէ­սի մէջ եւ գոր­ծա­դիր ճիւ­ղի եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ. անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին՝ կա­պե­րու հաս­տա­տում ­Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու, ա­նոնց աշ­խա­տա­կազմ­նե­րու եւ գոր­ծա­դիր ճիւ­ղի պաշ­տօ­նեա­նե­րու, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ»:
2) SOCAR USAը (Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թեան Ա.Մ.Ն. դուստր ձեռ­նար­կու­թիւ­նը) կը վճա­րէ Roberti White Ս.Պ.Ը.ին 125 հա­զար տո­լար «(Ատր­պէյ­ճա­նին) վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ վեր­լու­ծու­թեան հա­մար. խորհր­դա­տո­ւու­թիւն (Ատր­պէյ­ճա­նին) Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, գոր­ծու­նէու­թիւն ­Քոնկ­րէ­սի մէջ եւ գոր­ծա­դիր ճիւ­ղի եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ. անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին՝ կա­պե­րու հաս­տա­տում ­Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու, ա­նոնց աշ­խա­տա­կազմ­նե­րու եւ գոր­ծա­դիր ճիւ­ղի պաշ­տօ­նեա­նե­րու, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ»: ­Զար­մա­նա­լի չէ, որ Roberti Whiteի կա­տա­րած գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը SOCAR USAի հա­մար նոյնն են, ինչ Podesta Group, Inc.ի­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար:
3) Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը ամ­սա­կան 50 հա­զար տո­լար կը վճա­րէ BGR Government Affairs ՍՊԸին, «ռազ­մա­վա­րա­կան ուղ­ղոր­դում եւ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հա­մար պե­տա­կան գոր­ծե­րու եւ PR գոր­ծու­նէու­թեան առնչու­թեամբ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Այս է հարկ ե­ղած մօ­տե­ցու­մը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րուն, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ այլ ան­հատ­նե­րու ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ»:
4) ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ գտնո­ւող Ատր­պէյ­ճա­նի հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը, 2009ին, չորս ա­միս ժամ­կէ­տով, միա­նո­ւագ 35 հա­զար տո­լար վճա­րով վար­ձած է Tool Shed Group ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­րուն գլխա­ւոր գրա­սե­նեա­կը սկիզ­բը կը գտնո­ւէր Ո­ւուտ­լենտ ­Հիլ­զի մէջ, ­Քա­լի­ֆոր­նիա, իսկ այժմ` ­Փար­քը­րի, ­Քո­լո­րա­տօ: Tool Shed Groupը այժմ նաեւ կը ներ­կա­յաց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: Այդ ժա­մա­նա­կէն ի վեր պայ­մա­նա­գի­րը կը թար­մա­ցո­ւի իւ­րա­քան­չիւր վեց ա­մի­սը մէկ: Tool Shedը կը ղե­կա­վա­րէ Ա­մե­րի­կա­յի Հ­րէա­կան ­Կո­մի­տէի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու նախ­կին տնօ­րէն ­Ճէյ­սըն ­Գա­ցը: Tool Shedը կը տրա­մադ­րէ «խորհր­դա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ հիւ­պա­տո­սու­թեան, նե­րա­ռեալ ճե­պազ­րոյց­նե­րու եւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պում, հան­դի­պում­նե­րու դիւ­րա­ցում հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րու, ընտ­րո­ւած եւ նշա­նա­կո­վի պաշ­տօ­նեա­նե­րու, ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հետ, «հե­ղի­նա­կա­յին կար­ծիք­ներ»ու շա­րադ­րում ու տա­րա­ծում»:
­Վեր­ջերս, ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը տա­րա­ծեց` «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ. պատ­մու­թիւն եւ փաս­տեր» խո­րա­գի­րով գու­նա­ւոր գրքոյկ մը՝ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ գտնո­ւող բո­լոր հիւ­պա­տո­սու­թիւն­նե­րուն, եւ հա­ւա­նա­բար շատ ու­րիշ­նե­րու: Այս 16է­ջա­նոց քա­րոզ­չա­կան նիւ­թը, որ լի է Ար­ցա­խի մա­սին խե­ղա­թիւ­րում­նե­րով, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ա­նոր հիւ­պա­տո­սու­թեան PR եւ լոպ­պիս­տա­կան ըն­կե­րու­թեան` Tool Shed Groupի կող­մէ: 16րդ­ է­ջի վեր­ջը նշո­ւած է` «հրա­տա­րա­կո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան կող­մէ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ»: ­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ այս նա­խա­դա­սու­թեան մէջ նշո­ւած չէ, թէ ո՛վ պատ­րաս­տած է գրքոյ­կը, այլ՝ պար­զա­պէս, թէ ո՛վ հրա­տա­րա­կած է զայն…