Ար­ցա­խի հո­ղե­րու գրա­ւու­մէն ետք, Ատր­պէյ­ճան այ­լեւս հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով լծո­ւած է Ար­ցա­խի կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու ոչն­չաց­ման։ Ազ­դան­շա­նը տո­ւած է նոյ­նինքն Ա­լիեւ, որ հրա­մա­յած է Ար­ցա­խի գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ գտնո­ւող յու­շար­ձան­նե­րուն վրա­յէն ջնջել բո­լոր հայ­կա­կան գրու­թիւն­նե­րը։ Ա­լիեւ ան­գամ մը եւս իր կնոջ եւ աղ­ջ­կան հետ այ­ցե­լեց Հադրութ, հրա­հանգ տա­լով վե­րաց­նել հայ­կա­կան հետ­քե­րը։

­Շու­շիի «­Կա­նաչ ­Ժամ» ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րո­ւած է. թրքա­գէտ

Թր­քա­գէտ ­Վա­րու­ժան ­Գե­ղա­մեան ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ գրած է, որ թշնա­մին ­Շու­շին բռնագ­րա­ւե­լէ ետք ան­ցած է հայ­կա­կան ա­մէն ին­չի ոչն­չաց­ման։ Ան յատ­կա­պէս կ­՚անդ­րա­դառ­նայ «­Կա­նաչ ­Ժամ» ե­կե­ղեց­ւոյ քան­դու­մին։ «Ար­բա­նեա­կա­յին լու­սան­կար­նե­րից ե­րե­ւում է, որ ­Շու­շիի «­Կա­նաչ ­Ժամ» ժո­ղովր­դա­կան ա­նու­նը կրող ե­կե­ղե­ցին ար­դէն ա­ւե­րո­ւած է: «­Խա­ղա­ղա­սի­րա­կան» բա­րեւ Ադր­բե­ջա­նից մեզ:
Ե­թէ ներ­կա­յիս տգէտ­նե­րի իշ­խա­նու­թիւ­նը մնայ, այս­պի­սի ա­պա­գայ է սպաս­ւում ­Սիւ­նի­քին ու ­Տա­ւու­շին», կը գրէ թրքա­գէ­տը` հրա­պա­րա­կե­լով նաեւ լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց հա­մադ­րու­մը կա­տա­րած է ­Յով­հան­նէս ­Նա­զա­րէ­թեան։

Ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու վայ­րա­գու­թիւ­նը Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ

Ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ վան­տա­լիզ­մի են­թար­կո­ւած է գրա­ւո­ւած Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին յու­շար­ձա­նը: Այս մա­սին ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ գրած է ­Լու­սի­նէ ­Խա­չատ­րեան:
«­Վան­դա­լու­թիւն Ար­ցա­խի Աս­կե­րա­նի շրջա­նի իմ հայ­րե­նի Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ, ոը գրա­ւո­ւած է «քա­ղա­քա­կիրթ» ատր­պէյ­ճան­ցի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ», գրած է ­Լու­սի­նէ ­Խա­չատ­րեան:

«­Շու­շա այ­լեւս եր­բեք ­Շու­շի պի­տի չդառ­նայ»

«­Շու­շան իր գե­ղե­ցիկ բնու­թեամբ եւ տե­սա­րան­նե­րով նման վի­ճա­կի վե­րա­ծե­լը վայ­րա­գու­թիւն է: Ա­նոնք ոչն­չա­ցու­ցած են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու տու­նե­րը եւ կը կար­ծէին, որ գրա­ւու­մը յա­ւէրժ պի­տի տե­ւէ: ­Մենք վերջ տո­ւինք գրաւ­ման», յայ­տա­րա­րած է Ատրպէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ՝ յանձ­նո­ւած ­Շու­շի կա­տա­րած իր ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին։
«Ես յայտ­նե­ցի, որ ­Շու­շան պի­տի դառ­նայ ոչ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը: Ես ա­նոր կը հաս­նիմ: ­Հա­րիւր տո­կո­սով», ը­սած է ­Պա­քո­ւի բռնա­պե­տը:
Իլ­համ Ա­լիեւ նաեւ յայ­տա­րա­րած է՝ «­Շու­շան այ­լեւս եր­բեք պի­տի չդառ­նայ ­Շու­շի: Եր­բեք»:

Ա­լիե­ւ հրա­հան­գած է յու­շար­ձան­նե­րուն վրա­յէն ջնջել հայ­կա­կան գրու­թիւն­նե­րը

Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը հրա­մա­յած է Ար­ցա­խի գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ գտնո­ւող յու­շար­ձան­նե­րուն վրա­յէն ջնջել բո­լոր հայ­կա­կան գրու­թիւն­նե­րը: Այս մա­սին «­Թո­ւի­թըր»-ի մի­ջո­ցով կը յայտ­նէ ­Հո­լան­տա­յի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Տիգ­րան ­Բա­լա­յեան։
«Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­պե­տը ան­ձամբ հրա­հան­գած է ջնջել Ար­ցա­խի գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րէն հայ­կա­կան հետ­քե­րը։ Ա­լիե­ւի վար­չա­ձե­ւի ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին ամ­բողջ ծա­ւա­լով»,գրած է ­Բա­լա­յեան։
Ա­լիե­ւի կնոջ ու դստեր ­Հադ­րութ այ­ցե­լու­թեան մա­սին հրա­պա­րա­կո­ւած տե­սա­նիւ­թե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք՝ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը նկա­տած էին, որ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ար­դէն խա­չեր չկան։

«­Դեռ ձայն չկայ, դա­տա­պար­տում չկայ». Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «Իմ քայ­լը» խմբակ­ցու­թիւ­նը լքած, այժմ ան­կախ պատ­գա­մա­ւոր ­Սո­ֆիա ­Յով­սէ­փեան խօ­սե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւող վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին գրած է իր է­ջին վրայ։
«­Դեռ ձայն չկայ, դա­տա­պար­տում չկայ, մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը դեռ չեն ար­ձա­գան­գել այս ակն­յայտ վան­դա­լիզ­մին, իսկ մենք լռում ենք…
Ջն­ջում են պատ­մու­թիւն, ջնջում են տա­րեգ­րու­թիւն, մշա­կոյթ՝ դրա­նով ի ցոյց դնե­լով, որ ա­մէն ա­պա­ցոյց պէտք է վե­րաց­նեն, որ­պէս­զի յե­տոյ հա­մա­րեն ի­րենց պատ­մա­կան տա­րած­քը։ Աշ­խար­հի հա­մար միակ ա­պա­ցոյ­ցը մնում է մեր կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մեծ հա­շո­ւով աշ­խար­հը չի կա­րե­ւո­րում եւ չի կա­րե­ւո­րե­լու նաեւ այն ժա­մա­նակ, երբ բո­լո­րի աչ­քի ա­ռաջ փորձ ա­րո­ւի հեր­թա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ կեն­դա­նի վկա­յու­թեան վե­րաց­ման…
Լ­ռում են…
Լ­ռում ենք նաեւ մենք, ո­րով­հե­տեւ ոչ կա­րե­ւոր, դժգոյն քա­ղա­քի ո­չինչ չա­սող եւ ո­չինչ չտո­ւող մի ե­կե­ղե­ցի է ա­ւե­րո­ւել։ ­Չէ՞ որ ­Շու­շին հայ­կա­կան չէ, ու­րեմն ե­կե­ղե­ցին էլ ինչ­պէս Ա­լիեւն է ա­սում՝ ու­դիա­կան է, ­Հադ­րութն էլ դար­ձել է ի­րենց նա­խա­մուտ­քը…
­Հա­մախմ­բո­ւել է պէտք, կոր­ծան­ւում ենք նաեւ ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով…
Լ­ռու­թիւն … ­Ցա­ւոտ լռու­թիւն…»։
­Յի­շեց­նենք, որ Ար­ցա­խի դէմ ռազ­մա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ մնա­ցած են հա­յոց պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի առ­նո­ւազն 1456 նշա­նա­ւոր ան­շարժ յու­շար­ձան­ներ՝ 161 վան­քեր եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, 591 խաչ­քա­րեր, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Ա­զո­խի, ­Նոր ­Կար­մի­րա­վա­նի, ­Մի­րի­կի, ­Կե­րե­նի հնա­վայ­րերն ու բազ­մա­թիւ բեր­դեր, ամ­րոց­ներ, սրբա­վայ­րեր եւ այլ յու­շար­ձան­ներ: