Յունիս 8ի երեկոյեան ատրպէյճանական կողմը կրկին կրակած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղի ուղղութեամբ: Այս լուրը Sputnik Արմէնիայի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց Բաղանիսի համայնքապետ Նարեկ Սահակեան:
«Գիւղին վրայ սկսան կրակել երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ: Ընդհատումներով, բայց մօտ 2 ժամ տեւեց գնդակոծումը: Կը կրակէին ե՛ւ միջ-դիրքային, ե՛ւ գիւղի ուղղութեամբ»,- ըսած է Նարեկ Սահակեան:
Գիւղապետին հաւաստմամբ` մարդկային կորուստներ, բարեբախտաբար, չկան, իսկ վնասի չափերը կը ճշդուին: