Ատր­պէյ­ճան կը պատ­րաս­տո­ւի իր բո­ղո­քը ներ­կա­յաց­նե­լու CNNի յու­նա­կան ծա­ռա­յու­թեան՝ Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին պատ­մող փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին վե­րա­բե­րեալ:
Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի քար­տու­ղար ­Հիք­մաթ ­Հա­ճիեւ յայտ­նած է, թէ ի­րենք այս մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­կան մի­ջո­ցին պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց դժգո­հու­թիւ­նը՝ «քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ­ներ հե­տապն­դող» շար­ժա­պատ­կե­րին վե­րա­բե­րեալ, զոր յու­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը նկա­րա­հա­նած է իբ­րեւ թէ հայ­կա­կան կող­մին պա­տո­ւէ­րով:
CNN Greece լրա­տո­ւա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին կա­յա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է 27 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող վա­ւե­րագ­րա­կան տե­սաե­րիզ մը՝ պատ­րաս­տո­ւած լրագ­րող եւ պա­տե­րազմ­նե­րու ա­ռա­ջին գի­ծին վրայ գտնո­ւե­լու միշտ պատ­րաստ թղթա­կից ­Մա­րիա ­Քար­խի­լա­քիի եւ նկա­րա­հան Էոր­ղոս Ա­փոս­թո­լո­փու­լո­սի կող­մէ:
­Շար­ժա­պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ 1991ի ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մէն սկսեալ Ար­ցա­խի պատ­մու­թիւ­նը՝ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լով ար­ցախ­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րա­կան դէմ­քե­րու, զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վար­նե­րու եւ զի­նո­ւոր­նե­րու հետ, վկա­յու­թիւն­ներ առ­նե­լով ա­նոնց­մէ, այդ շրջա­նի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն ա­նոնց ապ­րում­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց զգա­ցում­նե­րուն եւ խա­ղա­ղու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին: ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած են նաեւ յու­նա­կան ար­մատ­ներ ու­նե­ցող Ար­ցա­խի բնա­կիչ­ներ:
­Տե­սաե­րի­զը կը ցու­ցադ­րէ 2016ի Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ ա­ւե­րիչ պա­տե­րազ­մի ազ­դե­ցու­թիւ­նը շրջա­նի բնակ­չու­թեան վրայ:

Դի­տել տե­սաե­րի­զը`

www.cnn.gr/nagorno-karabakh