Պուլկարիոյ ամէնէն մեծ տպաքանակով օրաթերթը նկատուող «Թրուտ»ի կայքին մէջ, 2 Յուլիսին, հրապարակուած է աղմկայարոյց հետաքննութիւն մը, որ խօսուն փաստերու եւ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հիման վրայ կը բացայայտէ ատրպէյճանական պետական օղակներու ուղղակի ներգրաւուածութիւնը՝ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գործող իսլամ ծայրայեղականներու ահաբեկչական խումբերու զինման մէջ:
Ըստ «Արմէնփրես»ի` յօդուածագիր Տիլեանա Կայդանճիեւայի հետաքննական նիւթին մէջ, անդրադարձ կատարուած է յատկապէս Ատրպէյճանի «Սիլք Ուէյ Էրլայնզ» պետական ընկերութեան կողմէ դիւանագիտական բեռներու անուան տակ քողարկումով Սուրիա, Իրաք, Աֆղանիստան, Փաքիստան եւ Քոնկօ զէնքի անօրինական եւ լայնածաւալ արտածման ու վաճառքին:
Յօդուածը հրապարակուած է, երբ պուլկարացի կայքահէններու «Անոնիմըս Պուլկարիա» խումբը կոտրած է Սոֆիայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան ցանցը եւ փաստաթուղթերը դարձուցած հանրամատչելի: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ վերջին երեք տարիներուն ատրպէյճանական ընկերութիւնը քողարկուած է դիւանագիտական ծխածածկոյթով` աշխարհի տարբեր թէժ կէտեր տասնեակ թոներով զէնք եւ զինամթերք ուղարկելու համար: Այդ զինատեսակներուն մեծ մասը օգտագործուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ: Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, որ Ատրպէյճանի տեղափոխած զէնքերուն մէկ մասը կրնայ օգտագործուած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Խօսուն փաստերով կ՛ապացուցուի, որ 2016ին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը՝ հայկական կողմին սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործելուն մասին, կեղծիք է:
Իբր թէ Ատրպէյճանէն զինուորականներու կողմէ գտնուած նռնակը, ամենայն հաւանականութեամբ, եղած է անօրինականօրէն տեղափոխուող զէնքերու խմբաքանակէն: Օգտագործուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հասցէն` պետական ընկերութիւնը իրականացուցած է անօրինական գործունէութիւն, որ անհնար պիտի ըլլար առանց Պաքուի բարձրագոյն իշխանութեան արտօնութեան ու գիտութեան: Հասանելի դարձած փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Ատրպէյճան նմանօրինակ գործելաոճ որդեգրած է ո՛չ միայն Պուլկարիոյ, այլեւ շարք մը երկիրներու պարագային, ուր գործող դեսպանատունները Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն համապատասխան կարգադրութիւններ ստացած են:
Տեղի ունեցածը ո՛չ միայն միջազգային իրաւունքի, այլ նաեւ` Օդային փոխադրամիջոցի միջազգային ընկերութեան (IATA) չափանիշներուն աղաղակող խախտում է, որուն համար բազմաթիւ երկիրներու պատասխանատուներ (ըստ յօդուածագիրին` Պուլկարիա, Սերպիա, Ռումանիա, Չեխիա, Հունգարիա, Սլովաքիա, Լեհաստան, Թուրքիա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Յունաստան եւ այլն) աչք փակած են: Ատրպէյճանական երթուղիներու ընկերութեան կարեւոր յաճախորդներէն ու առեւտրական «դիւանագիտական զէնքի տեղափոխման» ծառայութիւններէն օգտուած են նաեւ ամերիկեան կազմակերպութիւններ, որոնք զէնք կը մատակարարեն Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներուն: Ըստ գնումներու դաշնային համակարգի տուեալներուն՝ վերջին երեք տարուան ընթացքին ամերիկեան շարք մը ընկերութիւններ ստացած են մէկ միլիառ տոլար` զէնքի արտադրութեան ու արտածման համար եւ անոնք բոլորը օգտուած են «Սիլք Ուէյ Էրլայնզ» ընկերութեան ծառայութիւններէն: Ընկերութեան օդանաւերու գեր-ծանրաբեռնուածութեան կամ անհասանելիութեան պարագային, օգտագործուած են Ատրպէյճանի բանակին ինքնաթիռները, սակայն նշուած զէնքէն ոչ մէկը հասած է Ատրպէյճան, ինչ որ կը փաստէ զէնքի անօրինական առեւտուրին մէջ պետութեան անմիջական ներգրաւուածութիւնը:
Ամերիկեան ընկերութիւններու առաքումները մեծ մասամբ կ՛անցնին Քայիտայի մասնաճիւղ հանդիսացող Նուսրային կամ կ՛ուղարկուին Աֆղանիստան: Ընկերութեան ծառայութիւններէն օգտուող այլ պետութիւններէն են Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որոնցմէ առաջինը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ձեռք կը բերէ զինատեսակներ եւ զանոնք կ՛առաքէ Ափրիկէի տարբեր երկիրներ, նաեւ` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան:
Բացի 2015 Մարտ-Մայիս ամիսներուն ընկերութեան տեղափոխած շուրջ 202 թոն սպիտակ ֆոսֆորէն (Սերպիայէն եւ Պուլկարիայէն, վերջնական կանգառը` Քապուլ), ընկերութեան գործունէութեան հետեւանքով լուրջ զինատեսակներ յայտնուած են Պուրքինա Ֆասոյի եւ «Իսլամական Պետութեան» զինեալներու ձեռքին:
Յատկանշական է, որ ընկերութիւնը ներգրաւուած եղած է հիւսիսային Սուրիոյ տարածքին գործող քիւրտերը եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարող Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը (PKK) զինելու գործին մէջ: Քիւրտերուն նկատմամբ նման «բարեհաճութիւն»ը, ըստ հեղինակին, կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ Ատրպէյճանի առաջնորդը ունի քրտական ծագում: Հետաքննութեան բոլոր կողմերուն պարզաբանումներու համար դիմած լրագրողը դեռ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ստացած:
Դաւիթ Բաբայեան.- «Անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ,
որ գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան հետ»
Բոլոր պետութիւնները գիտեն, որ Ատրպէյճան միշտ ալ եղած է տարանցիկ տարածք` միջազգային ահաբեկչութեան համար: «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով Պուլկարիոյ «Թրուտ» թերթի կայքին մէջ հրապարակուած հետաքննութիւնը: Բաբայեանի համաձայն՝ ասիկա ցոյց կու տայ այն իրական պատկերը, որ կը տիրէ Ատրպէյճանի մէջ: «Ատրպէյճանի մէջ կը բուժուէին, օրինակ, չեչէն եւ աֆղան ահաբեկիչները, գորշ գայլերու, ՏԱՀԵՇի խմբաւորումներու ներկայացուցիչները. այս փաստերը եւ հրապարակուած նիւթերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան հետ»,- նշեց Դաւիթ Բաբայեան: