Թեսաղոնիկէի քաղաքային հանրակառքին վրայ յայտնուած ատրպէյճանական «Շուշին Ատրպէյճան է» գովազդին անդրադարձաւ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած ցրոյցի ընթացքին։ Դեսպանը նշեց, թէ քաղաքական բնոյթ կրող սադրիչ գովազդը վար առնուեցաւ շնորհիւ դեսպանութեան եւ յունահայ կառոյցներու, Հայ դատի յանձնախումբի միացեալ ջանքերուն, որոնք յատուկ քայլերով դիմեցին քաղաքական եւ տեղական իշխանութիւններուն։
Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ նմանօրինակ գործողութիւններ կարելի է սպասել ոչ միայն Յունաստանի մէջ, ուր ատրպէյճանական փոքր համայնք կայ, այլեւ այլ երկրներու մէջ եւս: «Ադրբեջանն ուղղակի փորձում է նման սադրիչ քայլերով որպէս իրականութիւն ներկայացնել ու յաւերժացնել ուժի կիրառման հետեւանքով արձանագրուած արդիւնքները, մինչդեռ մենք յստակ գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը բաց է մնում: Դրա մասին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի խմբի համանախագահ բոլոր երկրներն էլ խոսել են: Ստացւում է՝ Ադրբեջանը նման մեթոդներով փորձում է մեկընդմիշտ «ֆիկսել», թէ իբր Շուշին ադրբեջանական է եւ չի կարող վերանայուել Շուշիի վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղի կազմում: Բայց Լեռնային Ղարաբաղն ունի իր յստակ վարչական սահմանները եւ Շուշին, ինչպէս նաեւ Հադրութը միանշանակ այդ սահմանների մէջ են: Շուշին եւ Հադրութն այս պահին գրաւուած են: Նման քայլերով Ադրբեջանը փորձում է տպաւորութիւն ստեղծել, թէ այդ հարցը փակուած է: Ատրպէյճանը գնում է ընդդէմ բանակցային գործընթացի տրամաբանութեան: Այս քայլը ես դիտարկում եմ որպէս սադրանք՝ յատկապէս այնպիսի բարեկամական երկրում, ինչպիսին Յունաստանն է, որի իշխանութիւնները մէկ անգամ չէ, որ համերաշխութիւն են յայտնել Հ.Հ. դիրքորոշումներին համահունչ: Նման սադրիչ քայլով փորձում են ինչ-որ լարուածութիւն մտցնել հայ-յունական յարաբերութիւններում, ինչը, բնականաբար, չի ստացուելու», եզրափակեց Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Անդրադարձ «Ատրպէյճան իր սադրիչ քայլերով կը փորձէ լարուածութիւն մտցնել հայ յունական յարաբերութիւններուն մէջ»,...