Վերջին օրերուն, Եւրոպական խորհրդարանը ինկած է հսկայ գայթակղութեան մը յորձանուտին մէջ, որուն դերակատարներն են մէկ կողմէն եւրոպացի եւրոերեսփոխաններ, իսկ միւս կողմէն Քաթարը։ Պելճիքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է եւրոպացի բարձրաստիճան կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնց մէջ է նաեւ յոյն եւրոերեսփոխան եւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քայլի։ Անոր եւ իր հօր մօտ գտնուած են հարիւր հազարներով գումարներ, որոնք կը կարծուի, թէ որպէս կաշառք տրուած են Քայլիին, Եւրոպայի մէջ ի նպաստ Քաթարի որոշումներ ապահովելու համար, անտեսելով բռնատիրական վարչակարգի կարծր դիմագիծը եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումը այդ երկրէն ներս։ Եւրոպական կառոյցներուն համար ստեղծուած ծանր իրավիճակէն օգտուելով, Ատրպէյճան կը փորձէ հայերուն դէմ օգտագործել ծագած գայթակղութիւնը, յառաջ բերելով Քայլիի կողմէ անցեալին ներկայացուած հայանպաստ կեցուածքները եւ խօսելով Եւրոպական կառոյցներէն ներս «հայ լոպիստներու փտածութեան» մասին։
Մեզի ծանօթ՝ Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի նախկին եւ Հոլանտայի մէջ այժմու դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ տարածած գրառումով եւ յատուկ պատրաստուած կարճ տեսանիւթով մը կը փորձէ իրար կապել Էւա Քայլիի հետ աղերս ունեցող կաշառքի գայթակղութիւնը եւ «հայերուն հետ առնչուած փտածութեան շրջանակները Եւրոպական խորհրդարանէն ներս»։ Ատրպէյճանցի դեսպանին օրինակով, ընկերային ցանցերուն վրայ մեծ թիւով թուրք եւ ատրպէյճանցի օգտատէրեր, ձերբակալուած անձերու շրջանակէն թիրախ դարձուցած են միայն յոյն երեսփոխանը, բացայայտօրէն փորձելով անոր հետ կապել իրենց հակահայ քարոզչութիւնը։
Ատրպէյճան կը մոռնայ, որ Քաթար կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշնակից, իսկ Քաթարին նման, Ալիեւի վարչակարգը եւս մխրճուած է եւրոպական շրջանակներէն ներս քաղաքական անձնաւորութիւններու կաշառման։ Արդէն, վերջին օրերուն բացայայտուած գայթակղութեան լոյսին տակ, գերմանական մամուլը կ՚անդրադառնայ Եւրոպական խորհրդարանի փտածութեան դէմ պայքարող յանձնախումբի՝ գերմանացի անդամ Տանիէլ Ֆրոյնի յայտարարութիւններուն, որ նշած է. «Ատրպէյճան, Քաթար եւ Ռուսիա շատ դրամ եւ նուէրներ բաժնած են, մասնաւորապէս շքեղ նուէրներ, կաշառելով եւրոերեսփոխաններ եւ փորձելով ազդել Եւրոպական խորհրդարանի որոշումներուն վրայ։ Շքեղ նուէրներ ըսելով, կը հասկնանք մեծածախս ճամբորդութիւններ, սուղ ճաշարաններ, եւ այլն։ Կառավարութիւնները անցեալին շատ դրամ եւ թանկ նուէրներ բաժնած են երեսփոխաններուն»։
Ստեղծուած տագնապը լուրջ ստուեր մը ձգած է Եւրոպայի կառոյցներուն վրայ եւ կասկածի տակ առած է եւրոպական բարձր արժէքներու եւ սկզբունքներու համակարգը։ Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը խօսին խորհրդարանի եւ յարակից մարմիններու վարկի վերահաստատման լուրջ ջանքերուն, կաշառառութեան ու փտածութեան երեւոյթներու վերացման մասին, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած կաշառումներու բացայայտման։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Ատրպէյճանցիները հայերուն դէմ կը փորձեն օգտագործել Եւրոպայի մէջ ծագած գայթակղութիւնը