Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջով հրապարակուած է տխրահռչակ «սեւ ցուցակ»ի թարմացուած տարբերակը, որ ներառած է Արցախ այցելած հարիւրաւոր օտարերկրեայ քաղաքացիներու անուններ,- կը տեղեկացնէ «tert.am»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ Մայիսի 8ին թարմացուած 50 էջնոց ցուցակին մէջ ներառուած է 668 անձի վերաբերեալ տեղեկութիւն: Յատկանշական է, որ 2017 թուականի ցուցակը համալրուած է 4 տասնեակ անուններով, որոնք վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին դիտորդներն ու Բլոգերների (blogers) Կոնֆերանսի (համագումարի) մասնակիցներն են: Աւելին, չնայած խայտառակ արտայանձնմանն ու ձերբակալութեանը՝ ցուցակին մէջ դեռեւս 21րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ բլոգեր Ալեքսանդր Լապշինը: Ըստ պետութիւններու բաշխուածութեան՝ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ ամենաշատը ներառուած են Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիներ (այդ շարքին՝ բազմակի քաղաքացիութիւն ունեցողներ)՝ 162 անձ, այնուհետեւ Գերմանիայի՝ 61, Իտալիայի՝ 47, Ա.Մ.Ն.ի՝ 44, Ֆրանսայի՝ 40 քաղաքացիներ:
Ատրպէյճանի նոր «սեւ ցուցակ»ը
Ատրպէյճան հրապարակած է նորացուած «սեւ ցուցակ». 50 էջնոց ցուցակին մէջ 668 մարդու վերաբերեալ տեղեկութիւն կայ