«Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ առ­կայ եղ­բայ­րու­թիւնն ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը օ­րի­նակ պէտք է ըլ­լայ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար», յայտ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ան­ցեալ Ե­րեք­շաբ­թի օր։
­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ էր­տո­ղա­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին մէջ, Ա­լիեւ ո­գե­կո­չեց «Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Պա­քո­ւի ա­զա­տագ­րու­թեան 102-րդ ­տա­րե­դար­ձը հայ­կա­կան ու պոլ­շե­ւիկ բռնագ­րա­ւու­մէն» եւ ող­ջու­նեց այդ օ­րե­րու «­Կով­կա­սի մահ­մե­տա­կան բա­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ­Նու­րի փա­շա­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին բա­նա­կի կող­քին ա­զա­տագ­րեց քա­ղա­քը»։
«­Հա­կա­ռակ այդ ժա­մա­նա­կի դժո­ւար օ­րե­րուն, ­Թուր­քիա եր­բեք չզլա­ցաւ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու Ատր­պէյ­ճա­նին», ը­սաւ Ա­լիեւ, ա­ւելց­նե­լով, թէ 15 ­Սեպ­տեմ­բե­րը յաղ­թա­նա­կի նշա­նա­կա­լից թո­ւա­կան մըն է, որ ար­դէն եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ ­Պա­քո­ւի ա­զա­տագ­րու­թեան 100-ա­մեա­կին, նշո­ւե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­նակ­նե­րու միա­ցեալ զի­նո­ւո­րա­կան տո­ղանց­քով։
Ա­լիեւ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին, ­Թուր­քիոյ կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­ման­նե­րուն վրայ ստեղ­ծո­ւած սրու­մին պատ­ճա­ռով, ա­ւելց­նե­լով, թէ միւս կող­մէն՝ Ատր­պէյ­ճան կը կանգ­նի ­Թուր­քիոյ կող­քին եւ իր ան­վե­րա­պահ ու ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը ցու­ցա­բե­րէ բո­լոր խնդիր­նե­րուն մէջ։
«Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ զի­նակ­ցու­թիւնն ու զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, հաս­տա­տե­լու հա­մար խա­ղա­ղու­թիւն եւ ա­պա­հո­վու­թիւն, նպաս­տե­լով զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին», յայտ­նեց Ա­զե­րի նա­խա­գա­հը։
Ա­ւե­լի ուշ՝ նոյն օ­րո­ւան մէջ, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան, նշո­ւած տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, շնոր­հա­ւո­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ նա­խա­գահ Ա­լիե­ւը, ընդգ­ծե­լով «միու­թեան, զօ­րակ­ցու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան սերտ կա­պե­րը ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ»։