Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջին վրայ լոյս տեսաւ նկար եւ լուր մը, որու համաձայն արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս բարի երթի հանդիպում ունեցած է Յունաստանի մէջ մինչեւ վերջերս գործող Ատրպէյճանի դեսպան Անար Հուսէյնովի հետ։
Որոշ ժամանակէ մը ի վեր ծանօթ լուրը, թէ ատրպէյճանցի դեսպանի պաշտօնավարութիւնը հասած է իր աւարտին, նաեւ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Յունաստանի Ա.Գ. նախարարութեան կողմէ վերոնշեալ լուրի հրապարակումով։
Անար Հուսէյնով, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, իր ներկայացուցած երկրի պետական հայատեաց քաղաքականութեան ներկայացուցիչը ըլլալով, հակահայ քարոզչութիւն կատարեց Յունաստանի մէջ, նպատակ ունենալով ազդել հանրային կարծիքին վրայ։ Յայտնի էին իր արտայայտութիւնները, հարցազրոյցները եւ վճարովի յօդուածները զանազան միջոցներու մէջ, որոնք յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի լոյսին տակ եւ անկէ յետոյ փորձեցին հայկական կողմը ներկայացնել որպէս յարձակողապաշտ ու ցեղասպան։ Ընթերցողները կը յիշեն, թէ իր պաշտօնավարութեան օրերուն եւս Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն եւ կանգառներուն վրայ երեւցան Շուշին ատրպէյճանական քաղաք ներկայացնող որմազդներ, որոնք վար առնուեցան հայկական կողմի անմիջական հակազդեցութեան շնորհիւ։ Հուսէյնովի ստաբարոյ եւ հայատեաց գրութիւններուն դէմ յաճախ ազդու պատասխաններ տրուեցան Հայաստանի դեսպանին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, որպէսզի յունական հանրային կարծիքը չտարուի ատրպէյճանական կեղծիքներէն եւ վերականգնի պատմական ու քաղաքական ճշմարտութիւնը Ատրպէյճանի յարձակողական արարքներուն դիմաց։