«21րդ դարու մշակութային մաքրագործումի արշաւը չէ եղած Սուրիոյ մէջ, ինչպէս դուք կրնաք ենթադրել, բայց Անդրկովկասեան լեռնաշղթայի հիմնականօրէն անտեսուած մասի մը մէջ»,- կը գրէ բրիտանական ազդեցիկ «The Guardian» օրաթերթը, խարազանելով Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային կոթողներու բնաջնջման քաղաքականութիւնը՝ Նախիջեւանի մէջ։
Թերթը մանրամասնութիւններ կու տայ Ջուլֆայի գերեզմանատան հազարամեայ խաչքարերու անհետացման մասին։ Նաեւ, անիկա կը վկայակոչէ Նախիջեւանի մշակութային ժառանգութեամբ զբաղող՝ պատմաբան Արգամ Այվազեանի տեղեկութիւնները, թէ Ատրպէյճան, 1964էն մինչեւ այսօր, հիմնայատակ ըրած է 84 հայկական եկեղեցիներ, 5.840 խաչքարեր եւ 22.000 գերեզմանաքարեր…։
Տակաւին թարմ են մեր յիշողութեան մէջ Յունաստանի մօտ ազերի նախկին դեսպան Մուսթաֆաեւի հարցազրոյցները, որ փոշի ցանելով տեղական հանրային կարծիքի աչքերուն մէջ, անամօթաբար կը յայտնէր, թէ «Ատրպէյճան կանգուն կը պահէ քրիստոնէական ժառանգութիւնը երկրէն ներս»։
Մեր մշակութային գանձերու ահաւոր բնաջնջման դիմաց, ցասումով կարդացինք թէ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43րդ նստաշրջանի ժողովը մօտ օրէն պիտի կայանայ Պաքուի մէջ։ Աւելին, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարը ընտրուած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի համաշխարհային ժառանգութեան գործադիր կոմիտէի նախագահ, որ յոխորտանքով յայտնեց, թէ միջազգային համագումարներու կազմակերպումը Պաքուի մէջ, արդիւնք է Ատրպէյճանի հետզհետէ աճող համաշխարհային ազդեցութեան։ Ժողովրդային խօսքին համաձայն՝ «գայլին վստահուեցաւ հսկել ոչխարներուն վրայ»։
Մայիս ամսուն, Երեւանի մէջ գումարուած Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ ապրող Թալիշ ժողովուրդին նուիրուած խորհրդաժողովը, եկաւ բացայայտելու Ալիեւի վարչակարգի ոճիրները, իր ինքնորոշումը եւ անկախութիւնը ձգտող ժողովուրդի մը վրայ։
Վերջերս, դարձեալ միջազգային մամուլը դատապարտեց Ատրպէյճանն ու ոտնագնդակի «ԵՈՒԷՖԱ» կազմակերպութիւնը՝ հայազգի մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեանի հարցով։ Թերթերը չվարանեցան գրելու, թէ Ատրպէյճան մարդկային իրաւանց խախտումներու անծայրածիր դժոխք մըն է, իսկ «ԵՈՒԷՖԱ» աչք դրած է ազերիական տոլարներուն վրայ։
Միջազգային մամուլին մէջ տեղ գտած Ատրպէյճանի դէմ բոլոր դատապարտումները լաւագոյն առիթները կու տան, որպէսզի մենք այլեւս ձայն բարձրացնենք։ Հայաստան պէտք է աւելի ազդու կերպով մերկացնէ Ատրպէյճանի «քարիւղի եւ միլիոնաւոր տոլարներու» գռեհիկ դիւանագիտութիւնը։ Համակարգուած կերպով, Հայաստանի պետութիւնն ու Հայ Դատի Յանձնախումբերը սփիւռքի մէջ, պէտք է միջազգային ատեաններուն մօտ շարունակաբար բացայայտեն Պաքուի՝ հայերու եւ այլ ժողովուրդներու վրայ գործադրած բնաջնջման քաղաքականութիւնը, յստակ տուեալներով եւ մանրամասնութիւններով։
Պէտք է ամէն կերպով կասեցնել Ատրպէյճանի ամօթալի դիւանագիտութիւնը։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»