«Ցաւալի է, որ որոշ պետութիւններ կրթութիւնը կ՛օգտագործեն հակադիր նպատակներով` ատոր միջոցով ազգայնական ատելութիւն սերմանելով, յատկապէս երիտասարդներուն մէջ»,- ըսած է Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ գումարուող Մ.Ա.Կ.ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆՍՔՕ) 39րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին,- կը հաղորդէ «Փանորամա»:
Ա.Գ.Ն. մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, Նալպանտեան ընդգծած է, թէ Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ բազմաթիւ նման օրինակներ կան. ատոնցմէ մէկը երեխաներուն կը սորվեցնէ, որ հայերը իրենց ծննդաբանական թշնամիներն են:
«Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողով»ի 2016ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ «Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակած են հայերու նկատմամբ ատելութեամբ լի կոչեր հնչեցնել. Ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը մեծցած է` անսալով ատելութեան այս հռետորաբանութեան»: ԵՈՒՆԵՍՔՕի Կանոնադրութեան մէջ արդարացիօրէն ամրագրուած է, որ «պատերազմները կը սկսին մարդոց ուղեղներուն մէջ»: Հասարակութիւնները պատրաստ չեն ըլլար հաշտեցման, եթէ անոնց գիտակցութեան մէջ չամրագրուի խաղաղութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը»,- շեշտած է Նալպանտեան:
Ան յիշեցուցած է գերմանացի յայտնի գրող Հայնրիխ Հայնէի խօսքը` «Այնտեղ, ուր գրքեր կ՛այրուին, վերջաւորութեան մարդիկ պիտի այրուին. «Ատրպէյճանցի յայտնի վիպասանի գիրքերը կրակի մատնուեցան Պաքուի փողոցներուն մէջ միայն այն պատճառով, որ ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր հայերու կոտորածներուն մասին եւ հաշտեցման կոչ ըրած էր: Ան ներկայացուցած էր Նախիջեւանի մէջ իր հայրենի գիւղին պատմութիւնը, որ իր մանկութեան տարիներուն ունէր տասներկու հայկական եկեղեցիներ: Անոնք բոլորը` Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին առկայ հայկական բազմաթիւ այլ սրբավայրերու ու գերեզմանատուններու հետ մէկտեղ, ոչնչացուած են 1990ական եւ 2000ական թուականներուն: Նոյն կերպով Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր նրբազարդ միջնադարեան խաչքարեր հողին հաւասարեցուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ: Այդ տարածքը այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի»: Ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած էթնիկ զտումներէն ետք, այժմ Պաքուն նպատակ դրած է ջնջել հայերու քանի մը հազարամեայ ներկայութեան մասին նոյնիսկ յիշողութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեղաբնիկ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ հետք: «Պաքու կը ջնջէ անցեալը այն պատճառով, որ անիկա չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն համար յօրինուած երեւակայական ներկային, հաւանաբար հետեւելով Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքերուն` «Ով կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Անոնք, որոնք այսօր կը վերահսկեն Ատրպէյճանը, կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը` օրինականացնելու համար իրենց ներկայիս անհանդուրժողական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Անդրադարձ «Ատրպէյճանը վերահսկողները կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը»
«Ատրպէյճանը վերահսկողները կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը»
«Ատրպէյճանը վերահսկողները կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը»