Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հե­տաքն­նու­թիւն սկսած է Ար­ցախ այ­ցե­լած չորս թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու նկատ­մամբ:
Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ թրքա­կան «Ա­նա­տո­լու» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:
Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ՝ գրող ­Սա­յիթ ­Չե­թի­նօղ­լո­ւի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Ու­ֆուք Ու­րա­սի, լրագ­րող­ներ Ա­լի ­Պայ­րա­մօղ­լո­ւի եւ Է­րոլ ­Քա­թըր­ճըօղ­լո­ւի հար­ցով ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում տո­ւած է եւ այդ նպա­տա­կին ի­րա­գործ­ման հա­մար դի­մած ­Թուր­քիոյ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րուն:
Այս տա­րո­ւան 22 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Հա­յաս­տա­նէն Ար­ցախ ան­ցած թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րը կը մե­ղադ­րո­ւին «Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան սահ­մա­նը ա­պօ­րի­նի կեր­պով հա­տած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով»: Ա­նոնց նկատ­մամբ յայ­տա­րա­րո­ւած է մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զում:
­Թուր­քիոյ Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րէն Ա­թիլ­լա ­Քա­յան շտա­պած է դա­տա­պար­տե­լու թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը Ար­ցախ եւ զա­նոնք ա­նուա­նած «ծպտեալ հա­յեր»: Ըստ ­Քա­յա­յի՝ ա­նոնք դա­ւա­ճա­նած են ­Թուր­քիոյ, Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րե­լով հա­յա­մէտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ­՛ա­ջակ­ցին «Ատր­պէյ­ճա­նի 20 առ հա­րիւ­րը գրա­ւած ­Հա­յաս­տա­նին»,- կը գրէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ԱՓԱ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: