­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը վստա­հա­բար կը յի­շեն ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Նո­յեմ­բե­րին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­րա­կառ­քե­րու եւ կան­գառ­նե­րու վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գո­վազդ­նե­րու ե­րե­ւու­մը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նէին հայ­կա­կան ­Շու­շին որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րան։ Այն ժա­մա­նակ, հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան հա­մադ­րո­ւած հա­կազ­դե­ցու­թեան շնոր­հիւ, գո­վազդ­նե­րը վար առ­նո­ւե­ցան եւ այդ ար­շա­ւը կանգ ա­ռաւ։ Օ­րին, յայտ­նած էինք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան մղու­մով, գո­վազդ­նե­րու ե­տին կանգ­նած էր «Qala» ա­նու­նով յոյն-ատրպէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թիւն մը, ո­րուն կեդ­րո­նա­տե­ղին կը գտնո­ւի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։
­Նոյն «միու­թիւ­նը» ան­գամ մը եւս փոր­ձած է իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դարձ­նել, յոյն-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոյ մը կազ­մա­կեր­պե­լով՝ գոր­ծակ­ցա­բար «նախ­կին ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն ար­տա­գաղ­թած յոյն-պոն­տա­ցի­նե­րու միու­թեան»։
­Յու­նա­կան մա­մու­լին մէջ ե­րեւ­ցան գրու­թիւն­ներ, ո­րոնք դա­տա­պար­տե­ցին այս գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ յա­տուկ նշում ը­րած էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ամ­պե­լո­քի­փի շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տին մա­սին, որ ան­տե­սե­լով պոն­տա­ցի ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թիւ­նը թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեան հե­տե­ւան­քով, քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի սրա­հը կը տրա­մադ­րէր թուր­քե­րու ցե­ղա­կից Ատր­պէյ­ճա­նին, որ կը շա­րու­նա­կէ թրքա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին վրայ։ ­Նաեւ, հարց կը դրո­ւէր թէ ինչ­պէ՞ս պոն­տա­կան միու­թիւն մը, ո­րու ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ վե­րա­կանգ­նած, կը հա­մար­ձա­կի ե­լոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պել ատր­պէյ­ճա­նա­կան խմբա­ւո­րու­մի մը հետ։
Ամ­պե­լո­քի­փի շրջա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Լա­զա­րոս ­Քի­րի­զօղ­լու նա­մակ մը ղրկե­լով մա­մու­լին, կը բա­ցատ­րէ, որ սրա­հի ա­պա­հո­վու­մը ե­ղած է միա՛յն պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ, ո՛չ մէկ ա­տեն նշո­ւած է ատր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­ծօ­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո՛չ ալ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րե­ւէ ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նի ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րին վրայ։ Ան նաեւ կը հաս­տա­տէ, թէ իր ըն­տա­նի­քը պոն­տա­կան ծա­գում ու­նի ու իր նա­խա­հայ­րե­րը ցե­ղաս­պա­նո­ւած են թուր­քե­րուն կող­մէ։
­Հոս, հարկ է նշել Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­մադ­րո­ւած եւ ազ­դու մի­ջամ­տու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղաւ չե­ղար­կել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ե­լոյ­թը։ ­Յատ­կանշա­կան էր, որ Ամ­պե­լո­քի­փի շրջա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Լա­զա­րոս ­Քի­րի­զօղ­լու ­Կի­րա­կի, 8 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին, ա­պա «­Տէր­-Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րուած գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մին եւ տեղ­ւոյն վրայ խօսք առ­նե­լով բա­ցատ­րեց, թէ ե­լոյ­թի սրա­հի ա­պա­հով­ման հա­մար ե­րեւ­ցած էր միայն պոն­տա­կան միու­թիւ­նը, ո­րով քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը չէր մեր­ժած մշա­կու­թա­յին ե­լոյ­թի մը ի­րա­գոր­ծու­մը։ ­Քա­ղա­քա­պե­տը կրկնեց իր պոն­տա­կան ծա­գու­մին ու իր ըն­տա­նի­քը թուր­քե­րուն կող­մէ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ըլ­լա­լուն ի­րո­ղու­թիւ­նը, նաեւ իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին։
Ան­կախ մա­մու­լին մէջ տեղ գտած ե­ղե­լու­թիւն­նե­րէն եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­տա­րած ազ­դու քայ­լե­րէն, լուրջ հարց կը ծա­գի վե­րեւ նշո­ւած պոն­տա­կան միու­թեան գոր­ծե­լա­ձե­ւին ու ընտ­րանք­նե­րուն հա­մար։ Ա­ւե­լին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան «միու­թիւ­նը» ա­մէն կեր­պով կը փոր­ձէ են­թա­հող գտնել յու­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մօտ, մերթ ուղ­ղա­կի թի­րա­խա­ւո­րե­լով հայ­կա­կան տար­րը, մերթ հել­լէն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ զգա­լի փոր­ձել դարձ­նե­լով այս­պէս կո­չո­ւած «յոյն-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը» մշա­կու­թա­յին պի­տա­կին տակ, ո­րուն խոր­քին կանգ­նած է ու­ժա­նիւ­թա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան կա­մուր­ջը։
Ն­ման ե­րե­ւոյթ­ներ դա­տա­պար­տե­լի են, ա­մէն պա­րա­գա­յին։ ­Մա­նա­ւանդ, երբ բախ­տա­կից ժո­ղո­վուր­դի մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, — որ­քան ալ ա­նոնք անն­շան միու­թեան մը պատ­կե­րը ներ­կա­յաց­նեն -, կը հա­մա­կեր­պին գոր­ծակ­ցիլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն հետ։
Զ­գաս­տու­թիւ­նը եւ ողջմ­տու­թիւ­նը նաեւ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան կա­րե­ւոր մաս­նի­կը պէտք է հան­դի­սա­նան։