Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րած է, որ ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ գե­րի բռնո­ւած Էլ­նուր ­Հիւ­սէյն ­Զա­տէ բա­նա­կի զի­նո­ւոր չէ,- կը յայտ­նէ Interfax:
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի պնդու­մով՝ Էլ­նուր ­Հիւ­սէյն ­Զա­տէ պար­բե­րա­բար խախ­տած է կար­գա­պա­հու­թիւ­նը եւ ներ­կա­յիս դա­սա­լիք է:
­Յի­շեց­նենք, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դած էր, որ 1 ­Փետ­րո­ւար 2017ին, ­Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ, օգ­տա­գոր­ծե­լով ե­ղա­նա­կա­յին մա­ռախ­լա­պատ պայ­ման­նե­րը, թշնա­մին ձեռ­նար­կած էր հե­տա­խու­զա­կան-թա­փանց­ման փոր­ձի: ­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րը, ժա­մա­նա­կին նկա­տե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը՝ դի­մած են կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ, կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռե­լով, ետ շպրտած զա­նոնք: ­Կազ­մա­կեր­պո­ւած դի­մադ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեան շնոր­հիւ՝ ա­ռաջ­նա­գի­ծը պաշտ­պա­նող հայ­կա­կան ու­ժե­րը յա­ջո­ղած են գե­րե­վա­րել ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի զի­նո­ւոր, 1995ի ծնունդ Էլ­նուր ­Հու­սէ­յին ­Զա­տէն:
Ն­շենք, որ գե­րե­վա­րո­ւած ատր­պէյ­ճան­ցի զին­ծա­ռա­յո­ղին մայ­րը հեր­քած է Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը այն մա­սին, որ գե­րի առ­նո­ւա­ծը Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի զի­նո­ւոր չէ:
Այս մա­սին տե­սա­նիւթ մը տա­րա­ծած է Istipress.com: ­Տե­սա­նիւ­թին մէջ զի­նո­ւո­րին մայ­րը յայտ­նած է, որ գե­րե­վա­րո­ւած Էլ­նուր ­Հու­սէ­յին ­Զա­տէն ռազ­մա­կան ծա­ռա­յու­թեան ա­ւար­տէ չորս ա­միս ետք վե­րա­դար­ձած է բա­նակ՝ պայ­մա­նագ­րա­յին զին­ծա­ռա­յո­ղի կար­գա­վի­ճա­կով:
­Վեր­ջին ան­գամ ան տու­նը գտնո­ւած է թա­փանց­ման փոր­ձի նա­խօ­րէին: