Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կիրակի՝ Մայիս 7ին յայտարարեցին, թէ ձերբակալուած է զինուորներէ եւ քաղաքացիներէ բաղկացած խումբ մը, որ կ՛ամբաստանուի Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ խումբը իբրեւ թէ սադրանքներ ծրագրած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Թերթեր շրջանի բնակավայրերուն դէմ:
Սակայն անմիջապէս հակասական կարծիքներ սկսան հնչելու այս միջադէպին մասին՝ հարցումներ ստեղծելով, թէ բացայայտուածը իսկապէ՞ս լրտեսական խմբակ մըն է, թէ՞ կ՛առնչուի ներքին խմորումներու կամ թմրանիւթերու մաքսանենգման։
«Հետաքննութեամբ պարզուած է, որ յանցախումբը, դաւաճանելով Ատրպէյճանին՝ շահադիտական նկատառումներով սերտ համագործակցութիւն ունեցած է Հայաստանի հետախուզութեան հետ՝ պարբերաբար փոխանցելով ռազմական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ»,- ըսուած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յստակ չէ, թէ ցարդ քանի հոգի ձերբակալուած է։
Հայաստանի օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով ամիսներ ատրպէյճանական բանտին մէջ պահուած քաղաքագէտ Արիֆ Եունուս վստահ է, որ երկրին մէջ Հայաստանի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքը հիանալի գործիք դարձած է իշխող վերնախաւին ձեռքը, ներ-քաղաքական տեսակաւոր խաղեր իրականացնելու համար: Ան կը գրէ, թէ այս չակերտաւոր «լրտես»ները ատրպէյճանական ուժային կառոյցներուն, մասնաւորապէս պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ անոր առաջին տեղակալին միջեւ շարունակուող պատերազմին զոհերն են։
«Ձերբակալութիւններուն մասին յառաջիկայ հաղորդագրութիւններէն պիտի իմանանք, թէ ո՛վ յաղթական դուրս պիտի գայ, եւ թէ վերնախաւի ո՞ր խմբաւորումը յաջողութեամբ օգտագործած է «հայկական գործօնը», իր հակառակորդները շարքէն դուրս հանելու համար»,- գրած է ան:
Արձագանգելով Եունուսի մեկնաբանութեան՝ երկու տարի բանտարկուած հետաքննող-լրագրող Խատիճա Իսմայիլովա կը նշէ այլ հանգամանք մը՝ թմրանիւթերը: «Սպաներու համատեղ գործարարութիւնը կը տապալուի՝ իրավիճակի փոփոխութեամբ»,- գրած է յայտնի լրագրողը:
Սակայն ռազմական փորձագէտ Ուզէյիր Ճաֆարով կասկածի տակ չի դներ պաշտօնական յայտարարութիւնները՝ պնդելով, թէ «այս պատմութեան շուրջ հնչող ո՛չ առողջ քննադատութեանց հեղինակները կարծես թշնամիին կը ծառայեն»:
Վերջապէս, յատուկ ծառայութիւններու նախկին սպայ Իլհամ Իսմայիլ նշած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններուն իրարու դէմ գործելը բնական երեւոյթ է, սակայն ներկայիս այս գործողութեանց մէջ ներգրաւուողներուն թիւը զգալիօրէն աճած է: «Ձերբակալուողներուն թիւը մօտաւորապէս քառասուն է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն աճած է հակահետախոյզներուն աշխատանքը: Որոշ տուեալներու համաձայն՝ հայաստանցի հետախոյզները, դաւաճաններու օգնութեամբ՝ ատրպէյճանական զինուորական համազգեստներով այցելած են մեր շրջանային կեդրոնները»,- ըսած է ան։
Ատրպէյճանի մէջ լրտեսական խումբ մը կը բացայայտուի
Ատրպէյճանի մէջ Հայաստանին ծառայող լրտեսական խումբ մը կը բացայայտուի