­­Քիշ­նե­ւի մէջ մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին, ար­ձա­գան­գե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րին` ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն, ­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­­Նալ­բան­դեան շեշ­տեց. «Կր­կին Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, չա­րա­շա­հե­լով այս հար­թա­կը, օ­րա­կար­գի նիւ­թին` Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին խօ­սե­լու փո­խա­րէն հան­դէս կու գան սադ­րիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով:
«Անվ­տան­գու­թիւ­նը մեր շրջա­նին մէջ կը շա­րու­նա­կէ վտան­գո­ւած մնալ` ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի ծի­րին մէջ Ազր­պէյ­ճա­նէն մնա­յուն կեր­պով հնչող ու­ժի կի­րարկ­ման սպառ­նա­լիք­նե­րուն պատ­ճա­ռով: Ապ­րիլ 2016-ին Ատր­պէյ­ճան լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­ներ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի դէմ, գոր­ծադ­րեց մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­ներ, քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, նե­րա­ռեալ ե­րե­խա­նե­րու, կա­նանց ու ծե­րե­րու նկատ­մամբ կա­տա­րեց վայ­րա­գու­թիւն­ներ, զո­հո­ւած­նե­րուն մար­մին­նե­րու խոշ­տան­գում­ներ, ՏԱՀԵՇ-ի ո­ճով գլխա­տում­ներ: «4 Յու­լի­սին Ազր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս, տխրահռ­չակ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ո­ճով, ինչ­պէս շատ ան­գամ ան­կէ ա­ռաջ, իր ժո­ղո­վուր­դը իբ­րեւ կեն­դա­նի վա­հան օգ­տա­գոր­ծեց` ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղը ծանր հրե­տա­նիով, նե­րա­ռեալ «ԹՌ-107»  հա­մա­զար­կա­յին հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գով, ռմբա­կո­ծե­լու հա­մար: Ի պա­տաս­խան, ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ստի­պո­ւած էր ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ  գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն դէմ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մել: «Այն­քան ա­տեն որ Ատր­պէյ­ճան չի կա­տա­րեր 1994-1995-ի զի­նա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րով ստանձ­նած իր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, կը հրա­ժա­րի ի­րա­կա­նաց­նել ­­Վիեն­նա­յի եւ Ս.  ­­Փե­թերս­պուր­կի վե­հա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան մե­քա­նիզ­մի ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ, որ կրնայ նաեւ կան­խար­գիլ­ման մե­քա­նիզմ հան­դի­սա­նալ, ա­պա միայն Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը կրէ իր սադ­րանք­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րուն ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը», հաս­տա­տեց նա­խա­րար ­­Նալ­բան­դեան: