ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ա­հա՛ ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Գա­րա­պագ» կո­չո­ւած ոտ­նագն­դա­կի ա­կում­բը ներ­կա­յա­նա­լու է «­Չամ­բիոնս ­Լիկ»ի խմբա­յին փու­լին, հա­մայն եւ­րո­պա­կան մար­զա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ։
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան տե­սա­կէ­տին հա­մա­ձայն՝ «Ա­կում­բը այս ա­նու­նը կը կրէ կա­պո­ւած Աղ­դամ քա­ղա­քին, որ կոր­ծա­նե­ցաւ հա­յե­րու կող­մէ, ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին»։
Ոտ­նագն­դա­կը ան­գամ մը եւս կ­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւի իբ­րեւ բրո­բա­կան­տի (քա­րոզ­չու­թեան) մի­ջո­ցի, բռնա­պե­տու­թեան մը կող­մէ։
­Ֆա­շա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը յա­ճախ նե­րա­ռած են սպոր­տը (մար­զա­խա­ղը) — մա­նա­ւանդ «­Մար­զա­ձե­ւե­րու Ար­քան»՝ ոտ­նագն­դա­կը — ի­րենց հսկո­ղու­թեան տակ, որ­պէս­զի յա­ռա­ջաց­նեն նպա­տակ­ներ։ Օ­րի­նակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են։ ­Կա­րե­լի է նշել միջ-պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րու Ի­տա­լիան, որ ­Մու­սո­լի­նիի կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պեց ու նո­ւա­ճեց 1934ի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Բա­ժա­կը։ ­Քա­նի մը տա­րի յե­տոյ, ­Հիթ­լը­րի են­թա­կայ Աւստ­րիոյ հա­ւա­քա­կա­նը 2-0 հա­շո­ւով յաղ­թեց ­Գեր­մա­նիա­յին։ ­Կո­լե­րուն հե­ղի­նակ ու ստեղ­ծող ­Զի­տե­լար կը ձեր­բա­կա­լո­ւի ­Կես­թա­փո­յի կող­մէ, բայց կը յա­ջո­ղի փա­խուստ տալ։ Ա­միս­ներ ետք, սա­կայն, մա­հա­ցած կը գտնո­ւի, ան­յայտ պայ­ման­նե­րու տակ։ ­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան՝ ան­տե­սե­լով ար­գի­լու­մը, կը հե­տե­ւին 35.000 մար­դիկ։
Ա­ւե­լի ծա­նօթ է ­Քիե­ւի խում­բին պատ­մու­թիւ­նը, որ մրցե­ցաւ Ուք­րա­յի­նա ներ­խու­ժած գեր­մա­նա­ցի­նե­րու դէմ։ ­Ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն­ներ կրե­լէ ետք, նա­ցի­նե­րը ո­րո­շե­ցին գնդա­կա­հա­րել յաղ­թող­նե­րուն։
Ֆ­րան­քո­յի ֆա­շա­կան պե­տու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջեց ­Ռէալ ­Մատ­րի­տի յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մին՝ հա­լա­ծե­լով միա­ժա­մա­նակ գե­րա­գոյն մրցա­կից ­Քա­թա­լա­նիոյ խորհր­դա­նիշ ­Պար­չե­լո­նան։
1978ին, ­Վի­թել­լա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ար­ժան­թի­նի խուն­տան (բռնիշ­խա­նու­թիւ­նը) հե­տե­ւե­ցաւ մու­սո­լի­նա­կան Ի­տա­լիոյ «յա­ջող» օ­րի­նա­կին։
Ա­լիե­ւի բռնա­պե­տու­թիւ­նը՝ կի­րար­կե­լով յա­տուկ քայ­լեր ու ծախ­սե­լով մեծ գու­մար­ներ, կը կեր­տէ իր ար­տա­քին քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան՝ գոր­ծա­ծե­լով նաեւ «սպոր­տը»։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, կազ­մա­կեր­պե­լով ­Պա­քո­ւի մէջ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ինչ­պէս ա­ռա­ջին հա­մեւ­րո­պա­կան մար­զա­կան խա­ղե­րը (2015) եւ ­Ֆոր­մու­լա 1ի մրցում­ներ. նո­րաս­տեղծ շի­նու­թիւն­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նը կը գրա­ւէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Իսկ 2016ի ոտ­նագն­դա­կի հա­մեւ­րո­պա­կան ա­ռաջ­նու­թեան, ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թիւն մը ե­ղաւ եօ­թը գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր­նե­րէն մէ­կը։
­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, Ատր­պէյ­ճա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը որ­դեգ­րեց ծրա­գիր մը՝ ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նը աշ­խար­հի չորս կող­մե­րուն։ Տ­րա­մադ­րե­լով 40 մի­լիոն եւ­րո­յի չափ գու­մար այս ծի­րէն ներս՝ կնքո­ւե­ցան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ­Փոր­թօ (­Փոր­թու­կա­լիա), ­Շե­ֆիլտ Ո­ւենզ­տէյ (Անգ­լիա) եւ ­Լանս (Ֆ­րան­սա) ոտ­նագն­դա­կի խում­բե­րուն հետ։ ­Վեր­ջի­նին տի­րա­ցաւ ա­զե­րի մե­ծա­հա­րուստ մը։
­Պարտ­քե­րու մէջ «խեղ­դո­ւած», ծան­րակ­շիռ ա­նուն կրող Աթ­լե­թի­քօ ­Մատ­րի­տը ոչ միայն փրկո­ւե­ցաւ սնան­կաց­ման վտան­գէն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան տո­լար­նե­րուն շնոր­հիւ, այ­լեւ հա­սաւ մին­չեւ «­Չամ­բիոնս ­Լիկ»ի ա­ւար­տա­կա­նին։ ­Խաղ­ցող­նե­րու շա­պիկ­նե­րուն վրայ անգ­լե­րէ­նով գրո­ւած էր.- «Ատրպէյ­ճան Կ­րա­կի Եր­կիր»։
Ատր­պէյ­ճա­նը դի­մեց նաեւ Ար­ժան­թի­նի ­Սան ­Լո­րեն­ցո­յին, որ այդ տա­րեշր­ջա­նին պի­տի մաս­նակ­ցէր խում­բե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին բա­ժա­կին, իբ­րեւ ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ա­խո­յեան։ Ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ 4 մի­լիոն եւ­րո­յի չափ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն՝ նա­խա­պայ­մա­նով, որ վար­չու­թեան մէջ չմաս­նակ­ցի ոե­ւէ հայ։ ­Սան ­Լո­րեն­ցո­յի ղե­կա­վա­րը՝ ­Մա­թիաս ­Լա­մենս, հպար­տօ­րէն մեր­ժեց՝ պա­տաս­խա­նե­լով, որ ին­քը հայ է։
­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք, նոր ու­ժեր կը յայտ­նո­ւին ատրպէյ­ճա­նա­կան ա­ռաջ­նու­թեան, ինչ­պէս՝ ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին ­Գա­րա­պա­գը։ ­Շա­րու­նա­կա­բար կը մաս­նակ­ցի եւ­րո­պա­կան բա­ժակ­նե­րուն՝ հաս­նե­լով մին­չեւ «Եու­րո­բա ­Լիկ»ի խմբա­յին փու­լին, նա­խորդ եր­կու տա­րեշր­ջան­նե­րուն, իսկ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն կը նո­ւա­ճէ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ ­Մի­ջազ­գա­յին մրցում­նե­րուն հա­մար կը տրա­մադ­րո­ւի Ազ­գա­յին ­Մար­զա­դաշ­տը։
Ա­նոր հա­մա­ցան­ցին վրայ գրո­ւած է, թէ հիմ­նո­ւե­ցաւ Աղ­դամ քա­ղա­քին մէջ, 1951ին եւ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Պա­քու՝ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռաւ։ ­Կը նշո­ւի, թէ գաղ­թա­կան խումբ ըլ­լա­լով՝ ու­նի բազ­մա­թիւ հա­մա­կիր­ներ։
Աղ­դա­մը (թրքե­րէ­նով՝ սպի­տակ տուն)՝ այժմ Ակն, կը գտնո­ւի Ար­ցա­խի ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ, Աս­կե­րա­նի բեր­դի ա­ւե­րակ­նե­րուն մօտ։ ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն քա­ղաք­նե­րէն մէկն էր, 50 հա­զար բնա­կիչ­նե­րով եւ ճոխ բնա­կա­րան­նե­րով։ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ա­զե­րի­նե­րը Աղ­դա­մէն կը ռմբա­կո­ծէին Ս­տե­փա­նա­կեր­տը եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րը։ Ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ 1993ի ամ­րան։ ­Ներ­կա­յիս հոն կը բնա­կին քա­նի մը տաս­նեակ հա­յեր։ ­Պահ­պա­նո­ւած է մզկիթ մը։
­Մինչ այդ Ատր­պէյ­ճան, յար­մա­րուե­լով ոտ­նագն­դա­կի հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման պայ­ման­նե­րուն, կը յա­ռա­ջաց­նէ իր քա­րոզ­չու­թիւ­նը։ ­Հա­յաս­տա­նի խում­բե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, սա­կայն, եւ­րո­պա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս ակն­յայ­տօ­րէն ցա­ւա­լի է, թէեւ տա­ղան­դը պա­կաս չէ մեր խաղ­ցող­նե­րէն։
­Հայ ֆութ­պո­լա­սէր­նե­րը «կ­՛ապ­րին»՝ յի­շա­տա­կե­լով 70ա­կան­նե­րու Ա­րա­րա­տը, Խ.Ս.Հ.Մ. բա­ժա­կա­կիր եւ ա­խո­յեան, որ դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի 8 լա­ւա­գոյն խում­բե­րէն մէ­կը։ ­Վեր­ջերս ալ՝ կը մխի­թա­րո­ւինք Մ­խի­թա­րեա­նով։ Կ­՛ու­րա­խա­նանք, երբ ­Պո­րու­շիա ­Տորթդ­մուն­տի տա­րա­զով կը գրա­ւէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ­Գա­պա­լա­յի դար­պա­սը։ ­Կը հպար­տա­նանք՝ դի­տե­լով զայն. հիա­նա­լի հա­րո­ւա­ծով մը կ­՚օգ­նէ ­Ման­չես­թեր Եու­նայ­թե­տին, որ նո­ւա­ճէ «Եու­րո­բա ­Լիկ»ը, հա­ճե­լի պատ­կեր՝ մեր ­Հեն­րի­քը բա­ժա­կը ձե­ռին եւ Ե­ռա­գոյ­նը ու­սին։
­Սի­րենք, թէ ոչ՝ ոտ­նագն­դա­կը ու­նի իր յա­տուկ ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը։
2004ին, երբ ­Յու­նաս­տան դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան, Աւստ­րա­լիոյ մէջ յոյն ե­րի­տա­սարդ­ներ ներ­կա­յա­ցան դես­պա­նա­տուն՝ յայտ­նե­լու հա­մար ի­րենց փա­փա­քը՝ ծա­ռա­յե­լու յու­նա­կան բա­նա­կին։
­Մար­զա­ձեւ մըն է, մի­լիո­նա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րով աշ­խար­հի մէջ։ ­Հա­սա­րա­կա­կան ե­րե­ւոյթ է, զոր ան­կա­րե­լի է ան­տե­սել, մա­նա­ւանդ երբ թշնա­մին կը շա­հա­գոր­ծէ այս ու­ժը՝ յա­տուկ կազ­մա­կեր­պո­ւած ծրա­գիր­նե­րով։