Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ ֆրանք Էնկելի (Լիւքսեմպուրկ), Էլենի Թէոխարուսի (Կիպրոս) եւ Եարոմիր Շթեթինայի (Չեխիա) նկատմամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն դիտարկելու համար: Եւրոպատգամաւորներուն նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ` լեռնային Ղարաբաղ պարբերական «ապօրինի այցելութիւններու» համար:
Ատրպէյճանի դատարանը, ըստ ԱՓԱ գործակալութեան, պատգամաւորները կալանաւորելու որոշում ընդունած է, անոնք կը հետախուզուին Ինթերփոլով:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան տեղի ունեցածը որակած է «կոպիտ խտրականութիւն»:
ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Պաքուի այդ քայլը «զաւեշտ» համարած է: «Այսօր ես կը հրաժարիմ մեկնաբանելէ: Ատիկա ուղղակի զաւեշտ է եւ որեւէ կերպով չի կրնար ազդել դէպի Արցախ այցելութիւններուն վրայ»,-ըսած է փոխնախարարը: Եւրոխորհրդարանականները Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի վերաբերեալ իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ դրական կը գնահատէին զայն` նշելով, որ Արցախի ժողովուրդը «պէտք չէ անտեսուած մնայ միջազգային հանրութեան կողմէ»: Յայտարարութեան հեղինակները նշած են, որ Արցախը կը գտնուի «թշնամի հարեւանի կողմէ ռազմական յարձակման մշտական սպառնալիքի ներքոյ»:
Ատրպէյճանը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած է
Ատրպէյճան հետախուզութիւն յայտարարած է Արցախի հանրաքուէն դիտարկած եւրոխորհրդարանականներուն դէմ