Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 30 Դեկտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած է օր մը առաջ ատրպէյճանական սադրանքի տրամաբանական զարգացումը. հայկական ստորաբաժանումները պատժիչ գործողութիւններ կատարած են եւ, անոնց իբրեւ հետեւանք, թշնամին ունեցած է 4 կորուստ եւս:
Ան յիշեցուցած է, որ 29 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն հարաւ-արեւելք տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կատարուած ատրպէյճանական հետախուզական-թափանցման փորձին հետեւանքով թշնամին ունեցած է 7 մահ: «Փաստացի` հակառակորդի արկածախնդրութեան պատճառով երկու օրուան ընթացքին մահացած է աւելի քան տասնեակ մը ատրպէյճանցի զինուորական»,- յայտնած է Ա. Յովհաննիսեան` շեշտելով, որ «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը քանի մը անգամ հաստատած է, թէ իր տրամադրութեան տակ ունի անհերքելի ապացոյցներ` ատրպէյճանական կողմի մեծ կորուստներուն վերաբերեալ»:
30 Դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը եւս հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ 29 Դեկտեմբերին Տաւուշի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցած մարտերէն ետք, հայկական զինուած ուժերու մարտական յենակէտներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած է ատրպէյճանցի զինուորի համազգեստով մահացու վէրքեր ստացած անձի մը դին, որուն ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ կը կատարուին համապատասխան գործողութիւններ: Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 29 Դեկտեմբերին հաղորդած էր, թէ «անհետ կորսուած է» ատրպէյճանցի զինուոր Ղուրպանով Չինկիզ Սալման Օղլուն:
Ատրպէյճանական կողմէն մահացած է 10Է աւելի զինուոր
Երկու օրուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմէն մահացած է 10Է աւելի զինուոր