Շա­բաթ, 23 ­­Մարտ 2024-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12:30-ին, Ատ­տի­կէի «­­Սի­րօ» կղզե­ցի­նե­րու միու­թեան ան­դամ­ներ այ­ցե­լե­ցին ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցի, գլխա­ւո­րու­թեամբ տիկ. ­­Գո­ւին ­­Մի­նա­սեա­նի: ­­Միու­թեան նպա­տակն էր այ­ցե­լել ­­Գո­քի­նիոյ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ու կրթա­կան կա­ռոյց­նե­րը, մօ­տէն տես­նե­լու զա­նոնք ու ա­ռա­ւել եւս ծա­նօ­թա­նա­լու ա­նոնց պատ­մու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան:
­­Հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ա­նոնց եւ ­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեա­նին, որ կ’ըն­կե­րա­նար այ­ցե­լու­նե­րուն: Ա­պա քա­հա­նայ հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց ­­Գո­քի­նիոյ շրջա­նի հա­յու­թեան ամ­փոփ պատ­մա­կա­նը, ինչ­պէս նաեւ լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման ու ա­ռա­քե­լու­թեան:
Ա­ւար­տին այ­ցե­լու­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ գո­հու­նա­կու­թեան գե­ղե­ցիկ զգա­ցում­նե­րով մեկ­նե­ցան ե­կե­ղե­ցիէն:

Թղ­թա­կից