­Շա­բաթ՝ 7 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան, «Աղ­բա­լեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մար­զամ­շա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րին մէջ (­Մըզ­հէր՝ Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան), յա­տուկ հան­դի­սու­թեամբ բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ա­տոմ եւ ­Սել­լա Թն­ճու­կեան» նոր մար­զա­դաշտ­նե­րուն (պաս­քեթ­պո­լի եւ մի­նի-ֆութ­պո­լի), ո­րոնց վե­րա­նո­րո­գու­մը, անհ­րա­ժեշտ տո­ւեալ­նե­րով օժ­տե­լու աշ­խա­տան­քը, թե­թեւ ա­ռաս­տա­ղով մը փա­կելն ու զա­նոնք իբ­րեւ մար­զա­դաշտ յար­դա­րե­լը սի­րա­յօ­ժար կեր­պով ստանձ­նե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ` Ա­տոմ եւ ­Սել­լա Թնճու­կեան­նե­րը:
Ծ­րա­գի­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ ջան­քե­րով եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով «Աղ­բա­լեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մար­զամ­շա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րի տնօ­րէն խոր­հուր­դին եւ բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ ներդ­րու­մով Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին:
­Ձեռ­նար­կը սկիզբ ա­ռաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ան­թի­լիա­սի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաուտ­նե­րուն տո­ղանց­քով` ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ մաս­նա­ճիւ­ղի շե­փո­րա­խում­բին, որ­մէ ետք կա­տա­րո­ւե­ցաւ դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն, հնչե­ցին ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըCNNը Հայաստան
Յաջորդ յօդուածըՀամշէն