­Հայ­կա­կան կրթա­րան­նե­րու աշ­խա­տան­քին ծա­նօ­թա­նա­լու նպա­տա­կով՝ Ա­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս Փա­թու­լիս Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը այ­ցե­լեց

Նա­խա­պէս դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Մա­յի­սին, Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չի ազ­գա­յին «­Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նը ու «Ազ­նիւ եւ Ժի­րայր Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նը այ­ցե­լեց Ա­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս Փա­թու­լիս։ Ա­նոր կ­՚ըն­կե­րա­նա­յին Ա­տի­կէի փոխ մարզ­պետ, կրթու­թեան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Պա­պիս Ա­լեք­սանտ­րա­թոս եւ կազմակերպչական հարցերու խորհրդական ընկ. Պօ­ղոս Չո­լա­քեան։
Պրն. Փա­թու­լիս դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ զոյգ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց՝ ընկ. Ար­շա­լոյս Սափ­րի­չեա­նի եւ ընկ. Բաբ­գէն Գա­սա­պեա­նի կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի, Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղական վար­չու­թեանց, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։
Մարզ­պե­տը եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շրջե­ցան դա­սա­րան­նե­րը, ու­սուց­չա­րա­նը եւ մար­զա­դաշ­տե­րը, մօ­տէն տես­նե­լով կրթա­կան մեր հա­մա­լի­րի բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ա­պա սերտ ու ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու պա­տասխա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Դա­սա­րան մտնե­լով, մարզ­պե­տը հար­ցում­ներ ուղ­ղեց փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րուն, սրա­միտ պա­տաս­խան­ներ ստա­նա­լով ա­նոնց կող­մէ։
Ա­պա, ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ տես­նե­լու դպրո­ցի մար­զա­դաշ­տը, ո­րու լու­սա­ւո­րու­մի սար­քա­ւո­րում­նե­րը Ա­տի­կէի մարզ­պե­տու­թեան կող­մէ ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւած ծրա­գի­րով, ամ­բող­ջո­վին նո­րո­գո­ւե­ցան վեր­ջերս։ Ան մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն ար­տա­յայ­տեց տես­նե­լով նո­րո­գու­թեան ար­դիւն­քը եւ խօ­սե­ցաւ դաշ­տի ամ­բող­ջա­կան նո­րո­գու­թեան ծրագ­րի մը մա­սին, որ հե­տա­գա­յին պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի։
Տես­չա­րա­նէն ներս հիւ­րա­սի­րո­ւե­լով ջերմ ու ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ, պրն. մարզ­պե­տը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ հան­գա­մա­նօ­րէն զրու­ցե­լու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, լայ­նօ­րէն անդ­րա­դառ­նա­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին դի­մագ­րա­ւո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, յու­նա­հա­յու­թեան գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տա­րո­ւած պայ­քա­րին, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Ան շեշ­տեց հայ­կա­կան կրթա­րան­նե­րու աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ զոյգ նպա­տակ­նե­րու կը ծա­ռա­յէ՝ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնն, ար­մատ­նե­րը եւ մշա­կոյթն ու լե­զուն պա­հե­լու ու պահ­պա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի պա­տաս­խա­նա­տու քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կազ­մա­ւո­րե­լու հե­ռան­կա­րին։ Զոյգ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին դպրոց­նե­րէն ներս տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քի ե­ղա­նա­կը, ո­րու ար­դիւնք­նե­րը կա­րե­լի է գնա­հա­տել նաեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձրա­գոյն ուս­մանց մէջ հայ ա­շա­կերտ­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։