­­Մա­րիա ­­Մար­կո­սեան-Տամատեան
«­­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից

­­Վեց ա­միս ան­ցած է, բայց ոչ ոք կը հա­ւա­տայ, որ ըն­կեր ­­Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեան մե­զի հետ չէ ֆի­զի­քա­պէս։ ­­Սա­կայն, ան մե­զի հետ է սիր­տով եւ հո­գե­պէս՝ ազ­գա­յին եւ ժո­ղո­վա­կան կեան­քէն ներս ներ­կայ, մեր կող­քին։
Ա­հա, այս­պի­սի տրա­մադ­րու­թեամբ եւ յի­շա­տակ­նե­րով, ­­Կի­րա­կի՝ 8 ­­Դեկ­տեմ­բե­րի 2019ին, ­­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ գրա­կան ե­րե­կոյ՝ նուի­րո­ւած ըն­կեր ­­Պա­րա­զեա­նի գիր­քե­րու ներ­կա­յաց­ման։ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած յուշ-ե­րե­կոն ձօ­նո­ւած էր սի­րո­ւած, յար­գո­ւած հան­գու­ցեալ ա­տե­նա­պե­տի յի­շա­տա­կին։ ­­Ներ­կայ էր ա­նոր յար­գար­ժան ըն­տա­նի­քը՝ ընկ. ­­Մայ­տա ­­Պա­րա­զեան եւ զա­ւակ­նե­րը՝ Ար­միկ ու ­­Լո­ռի ­­Պա­րա­զեան­նե­րը։ Ըն­կեր ­­Յով­սէ­փի յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­մար ե­կած էին հա­րա­զատ­ներ, ըն­կեր­ներ, գոր­ծա­կից­ներ, բա­րե­կամ­ներ։ ­­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ան­դամ­ներ, հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­­Վեր­ժին ­­Կա­րա­պե­տեան, ա­պա հրա­ւի­րեց ընկ. ­­Միհ­րան ­­Քիւր­տօղ­լեա­նը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ­­Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեա­նի հե­ղի­նա­կած եր­կու գիր­քե­րը։
«­­Պա­տա­նի տա­րի­քին ճե­մա­րան գնաց, հոն ազ­գա­յին ո­գին եւ կրթու­թիւ­նը ամ­րապն­դեց, ազ­գա­յին կու­սակ­ցա­կան եւ ըն­կե­րա­յին գա­ղա­փար­նե­րով զի­նո­ւած իր վե­րա­դար­ձին՝ իր գա­ղա­փար­նե­րը եւ ո­գին գոր­ծար­կեց ա՛յս սրա­հին մէջ, ա՛յս մի­ջա­վայ­րին մէջ եւ ո­գի ու շունչ տուաւ կու­սակ­ցա­կան կեան­քին մին­չեւ ճա­կա­տագ­րա­կան հա­րո­ւա­ծը։
­­Յով­սէ­փին հո­գե­կան աշ­խար­հը իւ­րա­հա­տուկ էր. նե­րաշ­խար­հը իրն էր եւ ոչ ո­քի թոյլ կու տար ան, որ ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րէ հոն։ Իր նե­րաշ­խար­հին ա­մէ­նէն տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­յու­թիւնն էր՝ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­տի­կա ոչ միայն գա­ղու­թա­յին խնդիր­նե­րով պա­րու­րո­ւած էր, այլ նաեւ հայ աշ­խար­հի։ Իսկ հան­րա­յին կեան­քի մէջ գոր­ծե­լու ըն­թաց­քին, թէ՝ մար­դոց, թէ՝ ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին ­­Յով­սէփ ու­նէր իր մտա­պատ­կեր­նե­րը եւ անձ­նա­տուր էր ա­տոնց՝ կ’ու­զէր, կը հե­տապն­դէր, նոյ­նիսկ հա­մա­ռօ­րէն կը պայ­քա­րէր, որ ա­մէն ինչ ըլ­լար եւ մար­դիկ գոր­ծէին, ո­րո­շում­ներ առ­նո­ւէին ըստ իր ստեղ­ծած մտա­պատ­կեր­նե­րու եւ ա­նոր հա­մար մնա­յուն ան­հան­դարտ էր ան, շար­ժուն ու գոր­ծող, քննա­դա­տո՛ղ, բայց աշ­խա­տու­նակ, ան­զի­ջո՛ղ, բայց նաեւ գնա­հա­տող։ ­­Կարճ խօս­քով՝ մի՛շտ պատ­նե­շին վրայ եւ եր­բէք ձեռն­թափ։ Որ­քան ալ, որ ծանր ըլ­լա­յին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ձեռ­քե­րը վեր չէր վերց­ներ, զի­նա­թափ չէր ըլ­լար մեր սի­րե­ցեալ ըն­կե­րը։ Եր­կու գրքե­րու մէջն ալ յստա­կօ­րէն կը ցո­լան իր այդ նե­րաշ­խարհն ու վար­քա­գի­ծը», ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ընկ. Մ. ­­Քիւր­տօղ­լեան։
«­­Պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» (­­Մա­յիս, 2018թ.) հե­ղի­նա­կի ա­ռա­ջին գիր­քը նո­ւի­րո­ւած է ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կին։ ­­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով հայ­րե­նիք այ­ցե­լու­թիւ­նը, ա­պա ա­րեւմ­տեան-պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տան մէկ շաբ­թո­ւայ պտոյ­տը՝ հե­ղի­նա­կի տա­րի­նե­րու մէկ ե­րա­զի ի­րա­կա­նա­ցումն էր։ Այդ այցն ալ ա­ռիթ դար­ձած է գրե­լու դաս­տիա­րակ­չա­կան բնոյ­թի, ազ­գա­շահ գրու­թիւն­նե­րով եւ նոր սե­րուն­դին գի­տե­լիք­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ու տա­րած­ման օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցող այս գիր­քը, նշո­ւած է գիր­քի նա­խա­բա­նին մէջ։ «­­Հայ­րե­նի սրբա­ցած բնու­թիւ­նը», «­­Վա­նայ լճի կղզի­նե­րը», «­­Չա­րեն­ցի տու­նը ­­Կար­սի մէջ», «Ա­նին՝ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի «­­Մե­նա­կեաց հսկան» եւ այլ են­թա­վեր­նա­գիր­նե­րէ բաղ­կա­ցած։
Ընկ. ­­Պա­րա­զեա­նի երկ­րորդ՝ «­­Սի­րա­յին զրոյց Ե­րե­ւա­նին հետ» (­­Դեկ­տեմ­բեր, 2018թ.) գիր­քը նո­ւի­րո­ւած է «­­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան 90ա­մեա­կին եւ Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կին։ ­­Հե­ղի­նա­կը կը գրէ. «Այս գիր­քը խիղ­ճով մտա­ծող­նե­րուն կը ձօ­նեմ… Այս գիր­քը կեդ­րո­նա­ցած է ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած պար­զու­թեամբ ու պար­զամ­տու­թեամբ, զուտ հայ­կա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու վրայ, ո­րոնք մօ­տէն թէ հե­ռո­ւէն ա­ռըն­չո­ւած են հա­յու ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կին հետ»։
Եր­կու գիր­քերն ալ հրա­տա­րա­կուած են «­­Հա­մազ­գա­յին»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։
«Ա­ռա­ջին գիր­քը՝ «­­Պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» բռնագ­րաո­ւած մեր հայ­րե­րուն հո­ղին վրայ կա­տա­րած իր շրջապ­տոյ­տի ազ­դե­ցու­թեան տակ ապ­րուած զգա­ցում­նե­րու մա­սին, մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած յօ­դո­ւա­ծա­շար­քի ա­ռան­ձին հա­տո­րով մը ներ­կա­յա­ցումն է, որ երբ կը կար­դաս կ­­՚ու­նե­նաս այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ հե­ղի­նա­կը իր մեծ, շա՜տ մեծ կա­րօտն է, որ կ’եր­գէ այդ­քան զե­ղու­մով։ ­­Կար­ծես թէ իր ման­կա­կան հա­սա­կին եր­կար, շա՜տ եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած է հոն…­­Կա­րե­լի է ը­սել, թէ այդ գիր­քի մէջ իր գրի­չը կը խօ­սի հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տով ապ­րող եւ հայ­րե­նի­քի հա­մար պայ­քա­րող ա­մէն հա­յու սրտին մօտ, ը­սաւ Ըն­կեր Մ. ­­Քիւր­տօղ­լեան եւ շա­րու­նա­կեց:
«Երկ­րորդ գե­ղա­տես գիր­քը, երբ այն ձեռքդ կ­­՚առ­նես, կը տես­նես ռո­ման­թիք գոյ­նը եւ կը կար­դաս նոյն­քան ռո­ման­թիք խո­րա­գի­րը՝ «­­Սի­րա­յին զրոյց Ե­րե­ւա­նին հետ»։ Է­ջե­րուն մէջ պի­տի հան­դի­պիս շեքս­պի­րեան սի­րոյ խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ, բայց այդ­պէս չէ՛. ընդ­հան­րա­պէս գովք մըն է, ըստ ձե­ւի ու խոր­քի զրոյց ալ չէ, այլ մե­նա­խօ­սու­թիւն է: ­­Չեմ գի­տեր, թէ ին­չու «զրոյց» բա­ռը գոր­ծա­ծած է, կ­­՚են­թադ­րեմ, թէ այդ մե­նա­խօ­սու­թիւ­նը «զրոյց» կո­չած է, քա­նի որ հոն ինք­զին­քին հետ կա­տա­րո­ւած տա­րա­տե­սակ խնդիր­ներ ընդգր­կող զրոյ­ցի մը պէս ներ­կա­յա­ցո­ւած է մտա­ծում­ներ՝ փի­լի­սո­փա­յա­կան, պատ­մա­կան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, բա­րո­յա­խօ­սա­կան եւ այլ բնոյ­թի վե­րա­բե­րող մտո­րում­ներ։ Իսկ Ե­րե­ւա­նը, նեղ ի­մաս­տով, քա­ղաք կամ մայ­րա­քա­ղաք պէտք չէ ըմբռ­նել, այլ ա­նի­կա առ­նո­ւած է իբ­րեւ սիր­տը ամ­բողջ հայ աշ­խար­հի՝ իր ան­ցեա­լով, պատ­մու­թիւն­նե­րով ու յաղ­թա­նակ­նե­րով, վե­րելք­նե­րով ու վայ­րէջք­նե­րով, հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րով ու յոյ­սե­րով, ներ­կայ տագ­նապ­նե­րով ու դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, ան­կում­նե­րով, վե­րա­կանգ­նու­մի ու ա­ռա­ջըն­թա­ցի ճի­գե­րով, ա­պա­գա­յի տես­լա­կան­նե­րով»:
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ Շրջ. վար­չու­թեան ան­դամ ­­Սի­մոն Ա­սի­պեա­նի պատ­րաս­տած տե­սաե­րի­զով, ուր ի­րենց սրտի խօս­քը ար­տա­յայ­տած էին հան­գու­ցեա­լի գոր­ծա­կից ըն­կեր­ներ ­­Միհ­րան ­­Քիւր­տօղ­լեան, Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ­­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան եւ ­­Շա­հան ­­Ֆա­րա­ճեան։ ­­Վեր­ջին խօ­սո­ղը մատ­նան­շեց. «Իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը զգանք եւ պի­տի զգանք։ Ո­մանք կը հա­ւա­տան կամ կ­­՚ու­զեն հա­ւա­տալ, որ ըն­կեր ­­Յով­սէ­փը չէ մեկ­նած, թէ պա­հո­ւը­տած է «Ա­զատ Օր»ի գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րուն ե­տե­ւը եւ թէ պի­տի ներ­կա­յա­նայ ան­մի­ջա­պէս՝ հա­զիւ որ զինք կան­չենք… ­­Պի­տի չներ­կա­յա­նայ հա­ւա­նա­բար, ե­թէ նոյ­նիսկ զինք կան­չենք՝ հասկ­նա­լի է, սա­կայն, թէ ին­քը պա­հո­ւը­տած կը մնայ «Ա­զատ Օր»ի գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րուն ե­տե­ւը այդ մէ­կը ես ալ կրնամ ըն­դու­նիլ… կրնա՛մ ըն­դու­նիլ…»։
­­Յա­ջոր­դա­բար կա­տա­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­­Թե­քի­րեա­նի (դաշ­նակ-երգ), ­­Լեֆ­թե­րիս ­­Խա­վու­ծա­սի (կի­թառ) եւ ­­Վա­հան ­­Գալս­տեա­նի (տու­տուկ)։ ­­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան սի­րո­ւած եր­գեր՝ ­­Կո­մի­տա­սի «Ալ այ­լու­ղըս», «Կ­ռունկ»ը, ա­պա «­­Պին­կէօլ» «Ե­րե­ւան-Է­րե­բու­նի», «Ե­րազ» եւ վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ «­­Ղա­րա­բաղ» եր­գը։ Ս. ­­Թե­քի­րեան յատ­կա­պէս նշեց, թէ ա­նի­կա ե­ղած է ընկ. ­­Յով­սէ­փի սի­րած եր­գե­րէն մէ­կը, որ նո­ւի­րո­ւած է Ար­ցա­խեան պայ­քա­րին։ Ե­րաժշ­տու­թեան հետ զու­գա­հեռ բե­մադ­րո­ւած՝ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­ներ ­­Ժագ ­­Տա­մա­տեան, ­­Սա­ռա ­­Մի­սա­քեան եւ ­­Յով­սէփ ­­Քե­շի­շեան հե­ղի­նա­կի եր­կու գիր­քե­րէն ըն­թեր­ցում­ներ կա­տա­րե­ցին։ ­­Բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Ա­լեք­սիս ­­Սա­րի­յեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բե­մադ­րու­թեամբ այս հա­տո­ւած­նե­րը դրո­ւագ­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­լով՝ կար­ծես շունչ ու հո­գի տո­ւին եւ կեն­դա­նա­ցու­ցին ընկ. ­­Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեա­նի գիր­քե­րու ընդ­մէ­ջէն ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­կեր­նե­րը, մտա­ծում­նե­րը, նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րը, հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տը՝ յու­զե­լով ներ­կա­նե­րը եւ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ գնա­հա­տան­քի։
­­Գիր­քե­րու ներ­կա­յաց­ման յուշ-ե­րե­կոն իր պա­րու­նա­կու­թեամբ եւ բնոյ­թով բե­մադ­րո­ւած էր իբ­րեւ ժո­ղով մը՝ սրա­հի ձե­ւա­ւո­րու­մէն սկսեալ։ Ընկ. ­­Վեր­ժին ­­Կա­րա­պե­տեան իր փակ­ման խօս­քին այս­պէս ը­սաւ.- «Այ­սօր ու­րեմն, ժո­ղով մըն է, որ կը գու­մա­րենք հոս, ո­րու օ­րա­կար­գը նո­ւի­րո­ւած էր ընկ. ­­Յով­սէ­փի գիր­քե­րու ներ­կա­յաց­ման։ ­­Մեր ժո­ղո­վը այ­սօր օ­րի­նա­ւոր եւ լիա­գու­մար էր եւ ա­ռի­թը տո­ւաւ մե­զի՝ իր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նենք իր եր­կու գիր­քե­րու պատ­գամ­նե­րը»։
Ան նշեց նաեւ, որ գիր­քե­րու է­ջադրու­մի ու պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը հո­գա­ցած էր «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ ընկ. ­­Յով­սէ­փի փա­փաքն էր, որ գիր­քե­րու վա­ճառ­քէն գո­յա­ցած գու­մա­րը փո­խան­ցո­ւի «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին։ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով մաս­նա­կից­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն՝ հրա­ւի­րեց ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Յու­լիա­նա ­­Մա­նու­կեա­նը յանձ­նե­լու հա­մար յուշ­տախ­տակ հան­գու­ցեա­լի այ­րիին՝ ­­Մայ­տա ­­Պա­րա­զեա­նին։
Ընկ. ­­Մայ­տա ­­Պա­րա­զեան իր եւ ըն­տա­նի­քին կող­մէ՝ յու­զո­ւած շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով, ը­սաւ, որ այ­սօր յատ­կա­պէս շատ յատ­կան­շա­կան օր մըն էր, որ ե­րե­կոն նո­ւի­րուած ըն­կեր ­­Յով­սէ­փի յի­շա­տա­կին, զու­գա­դի­պե­ցաւ 1988ի երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րու հո­գե­հանգս­տի օ­րո­ւան. ընկ. ­­Պա­րա­զեան այս­պի­սի օ­րե­րուն միշտ տագ­նապ եւ նե­ղու­թիւն կ­­՚ապ­րեր, եւ ինչ­պէս այ­սօր՝ ա­մէն տա­րի ներ­կայ կը գտնո­ւէր հո­գե­հանգս­տի պա­տա­րա­գին»։
Ինչ­պէս որ, ի սկզբա­նէ անս­պա­սե­լի եւ ան­հա­ւա­տա­լի կը թո­ւար ըն­կեր ­­Յով­սէ­փի վա­ղա­ժամ մեկ­նու­մը, ե­րե­կո­յի ա­ւար­տին եւս ներ­կա­նե­րը մաղ­թե­լով՝ «ապ­րինք եւ յի­շենք», «յի­շա­տա­կը ան­թա­ռամ», կար­ծես թէ այն կ­­՚ար­տա­սա­նէին՝ չհա­ւա­տա­լով, որ ան այ­լեւս մե­զի հետ չէ։

­­Յար­գե­լի ըն­կեր ­­Յով­սէ­փին
յի­շա­տա­կը միշտ վառ մնայ։