Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւն է դար­ձած, ա­մէն տա­րի երբ Օ­գոս­տոս ա­մի­սը հաս­նի «Աս­տո­ւա­ծած­նայ ա­մի­սը» այդ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը տար­բեր եւ ան­բա­ցատ­րե­լի ու­րա­խու­թեամբ կը լե­ցո­ւին. եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը անխ­տիր ի­րենց յա­տուկ ձե­ւե­րով մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն կա­տա­րե­լու Աս­տու­ծած­նայ մեծ եւ բո­լո­րիս սրտին խօ­սուն տօ­նը։
Այս ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց յար­գան­քը եւ սէ­րը ցու­ցա­բե­րե­լով տի­պար ­Մօր նկատ­մամբ, ա­պա ի­րենց ըն­ծա­նե­րը ե­կե­ղե­ցի բե­րե­լով կ­’ու­զեն ի­րենք եւս ի­րենց մի­ջոց­նե­րով մաս­նակ­ցիլ այս գե­ղե­ցիկ տօ­նին։
­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին իւ­րա­քան­չիւր տօ­նի շքե­ղու­թիւ­նը շեշ­տե­լու եւ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լու հա­մար, տօ­նե­րու նա­խօ­րեա­կին նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն կը կա­տա­րէ լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու հա­մար տօ­նը ու տար­բեր շքե­ղու­թիւն տա­լու հա­մար ա­նոր։
­Շա­բաթ՝ 10 Օ­գոս­տոս 2019ին, Ք­սան­թիի «­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցիէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք ձե­ռամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի, որ­մէ ետք ան­մի­ջա­պէս հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րը լծո­ւե­ցան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան։ Ե­րե­կո­յեան բո­լո­րը միա­տեղ հա­ւա­քո­ւե­լով, մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան կող­քին մաս­նակ­ցե­ցան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր կող­քին ու­նե­նա­լով եր­կու հայր սուր­բե­րը։ Սր­բա­զան հայ­րը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց եւ իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց Ք­սան­թիի հա­յու­թեան, քա­ջա­լե­րե­լով ա­նոնց աշ­խա­տան­քը եւ մաղ­թե­լով ծաղ­կուն օ­րեր։
­Կի­րա­կի՝ 11 Օ­գոս­տոս 2019ին ս. եւ ան­մահ պա­տա­րա­գը սկիզբ ա­ռաւ ժա­մը 10։30ին, ուր պա­տա­րա­գեց ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ ի­րեն հետ միաս­նա­բար խո­րան բարձ­րա­ցան ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղտ­ճեան եւ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեան։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով Ք­սան­թի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին, տօ­նին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան հե­րա­նիստ ան­դա­մու­հի տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, ինչ­պէս նաեւ շրջա­կայ քա­ղաք­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ա­տե­նա­պետ­ներ եւ ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան եւ մեծ թի­ւով ուխ­տա­ւոր­ներ։
­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, անդրա­դար­ցաւ եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց Աս­տո­ւա­ծած­նի մայ­րու­թիւ­նը եւ թե­լադ­րեց, որ հայ մայ­րը եւս Աս­տո­ւա­ծած­նի նման մա­քուր, պար­կեշտ եւ օ­րէն­քը սի­րող մայր ըլ­լայ։ ­Խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով ման­րա­մաս­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւան «ՉԱՐԽԱՓԱՆԻ» ի­մաս­տը, շեշ­տե­լով թէ՝ մենք եւս մեր կեան­քին մէջ չա­րը պէտք է խա­փա­նենք եւ տե­ղի չտանք ա­նոր մեր կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի մահ։ ­Քա­րո­զի ա­ւար­տին Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց Ան­թի­լիա­սէն նոր ժա­մա­նած ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի օգ­նա­կան Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, շեշ­տե­լով ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի տա­ծած սէրն ու գուր­գու­րան­քը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան հան­դէպ։
Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­ղո­ղի եւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ժո­ղո­վուր­դին մէջ շրջե­լով, իւ­րա­քան­չիւ­րին բաժ­նեց օրհ­նո­ւած խա­ղո­ղէն հա­տիկ մը եւ ող­ջու­նեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ը­սե­լով՝ «Աս­տո­ւած ձեր ուխ­տը ըն­դու­նի»։
­Վեր­ջա­պէս, ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լով, ա­մէն տա­րո­ւան գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, բո­լո­րը միա­տեղ բո­լո­րո­ւե­ցան եւ ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նո­ւե­ցաւ գնա­հա­տան­քի խօսք Սր­բա­զան հօր կող­մէ, ո­րուն մէջ շեշ­տեց հա­ւատ­քով զօ­րաց­նել ծա­ռա­յա­սի­րու­թիւ­նը եւ նո­ւի­րու­մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ