­Ժագ ­Տա­մա­տեան «Համազգային»ի թղթակից

Տ­հո­լի ձայ­նը կը հնչէ եւ կը սկսի ե­րաժշ­տա­կան «Աստ­ղա­շա­րան»ի ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, հա­յու­թեան սրբա­վայ­րէն՝ ­Մա­սի­սէն, հա­յոց աշ­խար­հի ար­հես­տա­գոր­ծու­թեան եւ բարձր ա­րո­ւես­տի ընդ­մէ­ջէն:
­Վար­դան ­Պա­տա­լեա­նի ձայ­նը մե­զի կը ճամ­բոր­դէ ժա­մա­նա­կով, հո­գիով ու մտքով: «­Թա­մամ աշ­խարհ պտուտ ե­կայ», կ­՚ը­սէ ­Սա­յաթ ­Նո­վան, իսկ՝ հայ կնոջ գե­ղեց­կու­թիւ­նը ծա­ղի­կի նման է: ­Զայն սի­րո­ղը կը խնդրէ. «­Սա­րի սի­րուն եա՜ր, սա­րի մե­խակ բեր»: ­Հեր­թին՝ կը միա­նայ ­Լու­սի­նէ ­Միր­զա­խա­նեան իր մե­լա­նուշ ձայ­նով:
­Կը լսո­ւին կա­խար­դակ մե­ղե­դի­ներ եւ փշա­քա­ղող եր­գեր, ինչ­պէս՝ «Կ­ռունկ»ը եւ «­Պին­կէօլ»ը, «­Նա­րե­կա­ցի» նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ Ար­տեմ ­Խա­չա­տու­րի բարձ­րո­րակ ղե­կա­վա­րու­թեամբ: «­Լու­սեղ» պա­րա­խում­բը ­Սու­րէն ­Խա­չատ­րեա­նի պա­րու­սուց­չու­թեամբ կը հմա­յէ իր ճկուն շար­ժու­ձե­ւե­րով:
Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, եր­գը եւ պա­րա­յին հա­մոյ­թը, «­Հեն­զե­լի»ն­ եւ «­Քո­չա­րի»ն ­հան­դի­սա­տե­սին կը փո­խադ­րեն դէ­պի հա­յոց աշ­խարհ, մինչ այդ՝ պաս­տա­ռին վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւին գոր­գի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ եւ պատ­կեր­ներ ­Հա­յաս­տա­նի շքեղ վայ­րե­րէն: Ա­րա­րատ, Ե­րե­ւան, ­Դի­լի­ջան, Ա­նի, ­Սար­դա­րա­պատ:
20 ­Նո­յեմ­բե­րին հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր եւ յոյ­ներ «Christmas Theatre» թա­տե­րաս­րա­հէն ներս վա­յե­լե­ցինք բա­ցա­ռիկ ներ­կա­յա­ցում մը: «Աստ­ղա­շա­րան» ե­լոյ­թը հիմ­նո­ւած էր ­Հա­մաս­տե­ղի հա­մա­նուն հե­քեա­թին վրայ: «­Հա­մազ­գա­յին»ի Ատ­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» վար­չու­թեան ջան­քե­րով ա­պա­հո­վո­ւած էին 300 տոմ­սակ­ներ, յա­տուկ մատ­չե­լի գի­նով, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ հա­յա­սէր­նե­րուն հա­մար, իսկ ժո­ղո­վուր­դի փո­խադ­րու­թեան հա­մար տրա­մատ­րո­ւած էին ե­րեք ինք­նա­շարժ­ներ:
­Հա­յաշ­խար­հէն հե­ռու ապ­րող հա­յե­րը՝ կա­րօ­տով լի, «Կ­ռունկ»ին միշտ կը հարց­նեն՝ «մեր աշ­խար­հէն խապ­րիկ մը, չու­նի՞ս»:
Իսկ եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը՝ հայ­րե­նի­քին եւ սփիւռ­քին մէջ հա­յը կ­’ապ­րի, կը գո­յա­տե­ւէ եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ: