Հ­նա­գոյն ձե­ռա­գիր­նե­րու հիմ­նարկ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը, ԵՈՒՆԵՍՔՕի ա­ջակ­ցու­թեամբ, 2017 թո­ւա­կա­նին շարք մը ձեռ­նարկ­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ` նո­ւի­րո­ւած հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թեան 350ա­մեա­կին: ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար ­Վա­հան ­Տէր-­Ղե­ւոն­դեան NEWS.amին ը­սած է, որ 2016ի վեր­ջը ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը շա­հած է այդ ծրա­գի­րը:
Ա­նոր խօս­քով` հա­յե­րէ­նով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հրա­տա­րա­կու­մը մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն է ոչ միայն հայ, այ­լեւ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի հա­մար: ­Տօ­նա­կա­տար­ման ծրա­գի­րը ե­րեք բաղ­կա­ցու­ցիչ ու­նի` հնա­տիպ գիր­քե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն, 350ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած «պատ­կե­րա­գիրք-ու­սում­նա­սի­րու­թեան» տպագ­րու­թիւն եւ գի­տա­ժո­ղով:
­Հիմ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի սկսին ­Յու­նի­սին եւ պի­տի տե­ւեն մին­չեւ տա­րե­վերջ:
­Հա­յե­րէ­նով ա­ռա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը 1666-1668 թուա­կան­նե­րուն Ամս­թեր­տա­մի մէջ հրա­տա­րա­կած է Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցին: ­Սա հա­յե­րէ­նով տպագ­րո­ւած հնա­գոյն գիր­քե­րու լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րէն մէկն է եւ աշ­խար­հի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւոր վաղ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: