Հինգշաբթի՝ 6 Յունիս 2019ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան, շնորհաւորական այցելութեամբ տեսակցեցաւ Թեսաղոնիկէի փոխ-նահանգապետուհի՝ Փարասքէվի Փաթուլիտույին հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութեան կ’ընկերանային Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Արթին Աբրահամեանը, Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Կիւլա Գասապեան, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Տիգրան Պլէճեան։
Տեսակցութիւնը համընկած էր Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած տեղական-ինքնակառավարման ընտրութիւններուն, ընդ որում, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը շնորհաւորեցին տիկ. Փատուլիտույին ընտրութիւնը եւ մաղթեցին յարատեւ վերելք, արդիւնաւէտ աշխատանք, ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն։
Տեսակցութեան ժամանակ քննարկուեցան զանազան տեսակի նիւթեր, որոնք կը վերաբերէին ընդհանրապէս Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին, Խալքիտիքիի ամարանոցին եւ տիկ. Փաթուլիտու ուրախութեամբ լսելէ ետք Սրբազան հօր եւ ներկաներուն փոխանցումները, տուաւ լուսաբանութիւններ եւ ուղղութիւններ հարցերու լուծման շուրջ։
Աւարտին, առնուեցաւ յիշատակելի խմբանկար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Առաջնորդ Սրբազան hայրը այցելութեամբ Թեսաղոնիկէի փոխ-նահանգապետուհիին հետ
Առաջնորդ Սրբազան hայրը այցելութեամբ Թեսաղոնիկէի փոխ-նահանգապետուհիին հետ
Առաջնորդ Սրբազան hայրը շնորհաւորական այցելութեամբ կը տեսակցի Թեսաղոնիկէի փոխ-նահանգապետուհիին հետ