Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2020ին Յունաստանի Եկեղեցւոյ Միջ Օրթոտոքս Կեդրոնը (Διορθόδοξο Κέντρο της Εκκλησίας της Ελλάδος) կազմակերպեց զրոյց մը` «Եկեղեցական եւ կրթական համայնքները համավարակի ընթացքին» նիւթով։ Սոյն ելոյթին նպատակն էր՝ իմանալ, թէ ինչպէս համայնքները դիմագրաւեցին եւ գործեցին համավարակի օրերուն, նաեւ տեղի ունեցաւ փորձառութիւններու փոխանակում, մասնաւորաբար՝ Ս. Զատկուայ տօնական օրերու ընթացքին կատարուած գործունէութենէն։
Զրոյցին մասնակցեցան Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Աթէնքի Րաբունի Կապրիէլ Նէղրին, Թրակիոյ իսլամական կրօնքի կղերաուսուցիչներու միութեան նախագահ Ռախմի Պասիա, Աթիքօ հիւանդանոցի տնօրէնուհի եւ վարակումներու բժիշկ տոքթ. Տիմիթրա Քավաթա, Եւրոպայի խորհուրդի մարդկանց իրաւունքներու բաժինի տնօրէնուհի տիկ. Էլէնի Ցէցէքու եւ Թէրմոփիլես շրջանի մետրոպոլիտ ու Միջ Օրթոտոքս Կեդրոնի տնօրէն Իոաննիս եպիսկոպոսը։
Զրոյցը վարեց Միջ Օրթոտոքս Կեդրոնի գիտական գործակից Սերղիոս Վաիլաս։ Ելոյթը կազմակերպուեցաւ համացանցի վրայ «zoom» հարթակի միջոցաւ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Առաջնորդ Սրբազան մասնակցեցաւ միջ եկեղեցական առցանց հանդիպումի