ժա­մա­նում Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ օ­դա­կա­յան եւ մեկ­նում՝ ­Գո­մո­թի­նի

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 27 ­Մարտ 2019ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան Ա­թէն­քէն հնգօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ մը մեկ­նե­ցաւ դէ­պի ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան եւ Թ­րա­կիա։
Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ին Սր­բա­զան ­Հայ­րը հա­սաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս, ուր շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի եւ կարգ մը անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ան­մի­ջա­պէս մեկ­նե­ցաւ ­Գո­մո­թի­նի, ուր «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րեց ­Կա­նո­նա­կան ա­ղօթք։

Հս­կու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր
­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ հա­ւաք-զրոյց՝
ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս

­Նոյն օ­րը, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րե­ցին Հս­կու­մի ­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­Հանգս­տեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը, ներ­կա­յու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեա­նի եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, երգ­չա­խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ տիկ. ­Նել­լի Անդ­րէա­սեա­նի, Հ. Գթ. ­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հե­ռա­նիստ ան­դա­մու­հի ընկ. ­Հեր­մի­նէ ­Գու­յում­ճեա­նի, նոր ձեռ­նադ­րո­ւող դպիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։
Իր պատ­գա­մին սկիզ­բը, թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ հուսկ անդ­րա­դար­ձաւ դպիր­նե­րու դե­րին մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ, բա­ցատ­րեց եւ լու­սա­բա­նեց ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տի­ճան­նե­րու կար­գը եւ մա­նա­ւանդ խօ­սե­ցաւ ծա­ռա­յու­թեան մա­սին։
Ա­պա՝ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։30ին, ե­կե­ղեց­ւոյ դի­մա­ցը գտնո­ւող ազ­գա­պատ­կան սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւաք-զրոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը կա­տա­րե­ցին զա­նա­զան հար­ցադ­րում­ներ, յատ­կա­պէս ­Պահ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ այլ տե­սա­կի կրօ­նա­կան ու ազ­գա­յին հար­ցե­րու մա­սին, ո­րոնց Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը սպա­ռիչ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տո­ւին։
Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։

Այ­ցե­լու­թիւն ­Հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի եւ Թ­րա­կիոյ
շրջա­նի տա­րեց­նե­րու բնա­կա­րան­ներ եւ հան­դի­պում՝
­Մա­րո­նիա­յի եւ ­Գո­մո­թի­նիի Մետ­րո­պո­լի­տին հետ

­Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը այ­ցե­լե­ցին ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նին մէջ գտնո­ւող տա­րեց անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը։ Ա­նոնց հետ զրու­ցա­կից եւ խօ­սա­կից ըլ­լա­լով՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը խրա­խու­սեց զա­նոնք եւ տո­ւաւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը։
Ա­պա՝ նա­խա­պէս ժա­մադ­րու­թեամբ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11ին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի եւ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեա­նի,­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան այ­ցե­լեց յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Մա­րիո­նիա­յի եւ ­Գո­մո­թի­նիի ­Մետ­րո­պո­լիտ ­Փան­թե­լէյ­մոն ­Մու­թա­ֆի­սի։ ­Յայտ­նենք, որ ­Մետ­րո­պո­լի­տը իր ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի գրա­սե­նեա­կէն ներս ըն­դու­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը։ Եր­կու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը մտեր­միկ զրոյց մը ու­նե­ցան, թէ ինչ­պէ՛ս յոյն եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը միաս­նա­բար սերտ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ կը գտնո­ւին եւ, այդ մթնո­լոր­տէն ներշն­չո­ւած, ­Մետ­րո­պո­լի­տը իր կող­մէ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նին նուի­րեց գե­ղե­ցիկ լան­ջա­խաչ մը՝ որ­պէս գնա­հա­տանք եւ վար­ձատ­րու­թիւն ա­նոր ծա­ռա­յու­թեան ոչ միայն ի սպաս հայ հա­մայն­քին, այլ նաեւ նոյ­նիսկ յոյ­նե­րուն հետ ­Հայր ­Սուր­բին յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ մտնե­լուն, ըլ­լան ա­նոնք պարզ թէ ղե­կա­վար դիր­քե­րու վրայ գտնո­ւող յոյն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։

­Մեկ­նում՝ ­Գա­վա­լա, հսկու­մի ա­րա­րո­ղո­ւիւն՝ ­Գա­վա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Մի­ջին­քի ­Սի­րոյ սե­ղան եւ կլոր-սե­ղան՝ ազ­գա­պատ­կան սրա­հին մէջ

­Նոյն օ­րը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ­Հայր ­Սուր­բը մեկ­նե­ցան ­Գավա­լա, ուր «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րե­ցին Հս­կու­մի ­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­Հանգստեան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ ­Գավա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պե­տին եւ ան­դամ­նե­րուն, Հ.Գ.Խ.ի ­Գա­վա­լա­յի ­Մաս­նա­ճիւ­ղի Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ գա­վա­լա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Իր պատ­գա­մին մէջ, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին ող­ջու­նեց ­Գավա­լա­յի փոքր հա­մայն­քը եւ, ա­պա, բա­ցատ­րեց պահ­քի խոր­հուր­դը՝ մեր սի­րած բա­նե­րէն հե­ռա­նա­լու գա­ղա­փա­րը, համ­բե­րու­թեամբ տա­նե­լու հա­մար այդ բո­լո­րը յա­նուն մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, ­Գավա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի յօ­ժա­րա­կամ սի­րով ու պատ­րաս­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մի­ջին­քի ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղան, ուր Սր­բա­զան ­Հայ­րը պատ­գամ ուղ­ղե­լով՝ ը­սաւ.- «­Մի­ջինք կը նշա­նա­կէ մին­չեւ կէ­սը հաս­նիլ մեր տո­ւած եր­դու­մին եւ ուխ­տին, որ ար­դէն իսկ յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րած ենք…», ինչ­պէս նաեւ՝ բա­ցատ­րեց մի­ջին­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեծ պահ­քի քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին։ Ա­պա, կա­տա­րո­ւե­ցաւ նաեւ կլոր-սե­ղան մը, ուր ներ­կա­նե­րը զա­նա­զան հար­ցում­ներ հար­ցու­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, որ լու­սա­բա­նիչ պա­տաս­խան­նե­րով գո­հա­ցուց ներ­կա­նե­րը։
Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Գա­վա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։ Ե­րե­կո­յեան ուշ ժա­մուն, Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը վե­րա­դար­ձան ­Գո­մո­թի­նի։

Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն՝ Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր
­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ նա­խա­ճաշ՝ ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ ­Հօր

Ուր­բաթ՝ 29 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­պա­րար ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րու ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ող­ջու­նե­լէ ետք ներ­կա­նե­րը՝ խօ­սե­ցաւ ­Լոյ­սի փա­ռա­բա­նու­թեան մա­սին, որ նոյ­նինքն Ք­րիս­տոս Ի՛նքն է ու այդ լոյ­սի ճամ­բով է, որ մե­ղա­ւոր մար­դը կը փոր­ձէ ա­ռա­ւել եւս մօ­տե­նալ Աս­տու­ծոյ։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տի­ճան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մեծ պա­հոց շրջա­նին «­Հա­ւա­տով ­Խոս­տո­վա­նիմ»ի 24 տու­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ա­պա՝ ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ մտեր­միկ նա­խա­ճաշ։ ­Ներ­կայ էին ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան, շրջա­նի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խումբ մը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը խօսք առ­նե­լով շեշ­տեց հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եւ խրա­խու­սեց ե­րի­տա­սարդ ու նոր սե­րուն­դը՝ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մօ­տե­նա­լու եւ սպա­սար­կե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման ի խնդիր։

­Մեկ­նում՝ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս, Հս­կու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն
Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ,
ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք-հիւ­րա­սի­րու­թիւն

­Նոյն օ­րը, ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ­Հայր ­Սուր­բը ­Գո­մո­թի­նիէն մեկ­նե­ցան Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս, ուր ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին՝ տե­ղի ու­նե­ցան Հս­կու­մի ­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­Հանգս­տեան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Ղու­րապ­նեա­նի եւ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան։
Իր քա­րո­զին մէջ, Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօ­սե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյ­ցին, ե­կե­ղեց­ւոյ հաս­կա­ցո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ­Մեծ պահ­քի քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին զԱս­տո­ւած փնտռե­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին ու, մա­նա­ւա՛նդ, շեշ­տեց անհ­րա­ժե­շու­թիւ­նը՝ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­ռա­ւել եւս ճո­խաց­նե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին թէ հո­գե­ւոր կեան­քը։
Ա­պա՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք-հիւ­րա­սի­րու­թիւն-զրոյց, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ շրջա­նի ­Թա­ղա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ ­Ներ­կա­նե­րը մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ սի­րով ըն­դու­նե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը. ստեղ­ծուե­ցաւ մտեր­միկ պահ, ո­րու ըն­թաց­քին Սր­բա­զան ­Հայ­րը զրոյց ու­նե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն հետ, լսեց ա­նոնց մտա­ծում­ներն ու հար­ցե­րը եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը բաշ­խեց բո­լո­րին։ Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։ Ե­րե­կո­յեան ուշ ժա­մուն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ­Հայր ­Սուր­բը վե­րա­դար­ձան ­Գո­մո­թի­նի։

Դպ­րաց ձեռ­նադ­րու­թիւն՝ Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր
­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

­Շա­բաթ՝ 30 ­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին, ներ­կա­յու­թեամբ՝ ե­րեք շրջան­նե­րու (­Գո­մո­թի­նի, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս եւ Ք­սան­թի) ­Թա­ղա­կա­նու­թեանց ա­տե­նա­պետ­նե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րու ա­ւար­տին՝ ձե­ռամբ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ խար­տա­ւի­լա­կու­թեամբ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրաց ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը ե­րեք շրջան­նե­րէ (­Գո­մո­թի­նի, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս եւ Ք­սան­թի) պատ­րաս­տո­ւած 13 պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, յան­ձինս՝ Ա­րիս Աֆ­րի­քեա­նի, ­Համ­լէթ ­Ղա­զա­րեա­նի, Ա­րիս ­Գո­նեա­նի, Ան­կե­լոս ­Սար­գի­սի­տի­սի, Ա­լեքս ­Սար­գի­սի­տի­սի, ­Կա­րէն ­Զար­գա­րեա­նի, Ար­թիւր ­Մել­քո­նեա­նի, Ա­լեք­սանտ­րիս Գ­րի­գո­րեա­նի, Ար­մէն-­Տի­միթ­րիս Գ­րի­գո­րեա­նի, Ա­րէն ­Կէօք­չա­կեա­նի, Եոր­ղոս ­Քի­լին­կա­րի­տի­սի, ­Ժո­րա ­Պօ­ղո­սեա­նի եւ Ար­կա­դի Ե­ղիա­զա­րեա­նի։ ­Ներ­կայ էին նաեւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ դպրա­պետ պրն. ­Դա­նիէլ ­Թա­դէո­սեան, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան եւ այլ թա­ղա­կան ան­դամ­ներ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը՝ զգես­տա­ւո­րո­ւած, եւ խար­տա­ւի­լակ ­Հայր ­Սուր­բը նո­ւի­րեալ­նե­րու թա­փօ­րով դուրս ե­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջա­կող­մեան ա­ւան­դա­տու­նէն՝ մին­չեւ Ա­տեան եւ ­Դաս։ Սր­բա­զա­նը յա­ջոր­դա­բար վե­րո­յի­շեալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն յանձ­նեց սկզբնա­կան աս­տի­ճան­նե­րը՝ ­Սաղ­մո­սեր­գու­ներ եւ Ա­ւե­լա­ծու­ներ, սաղ­մոս­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ եւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ յոր­դո­րա­կան ա­ղօթք­նե­րով նո­ւի­րեալ­նե­րու մա­զե­րէն խա­չա­ձեւ կտրե­լով՝ երկ­րա­ւոր աշ­խար­հիկ ցան­կու­թիւն­նե­րէ հե­ռա­նա­լու նպա­տա­կով, ա­պա՝ յանձ­նեց ­Սաղ­մո­սա­գիր­քը եւ յոր­դո­րեց՝ գի­տակ­ցօ­րէն հա­ւա­տալ ձեր եր­գած­նե­րուն եւ ձեր հա­ւա­տա­ցած­նե­րը գոր­ծով ցոյց տա­լու։ Ա­պա՝ յա­ջոր­դա­բար յանձ­նեց Դռ­նա­պա­նու­թեան, Ըն­թեր­ցո­ղու­թեան, Երդմ­նե­ցուց­չու­թեան եւ ­Ջա­հըն­կա­լու­թեան 4 աս­տի­ճան­նե­րը՝ բա­նա­լիով ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը ա­ղօթ­քով բա­նա­լու եւ գո­ցե­լու, Ա­ռա­քե­լա­կան ­Գիր­քե­րով՝ տե­ղե­կա­նա­լու Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու պատ­մե­լու զայն, ­Մաշ­տո­ցին մէջ գրո­ւած­նե­րը գոց սոր­վե­լու, մո­մի աշ­տա­նա­կով՝ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ջա­հերն ու կան­թեղ­նե­րը վա­ռե­լու եւ գի­նիի դա­տարկ բա­ժա­կա­մա­նով՝ Ս. ­Պա­տա­րա­գի գի­նին ա­նոր մէջ լեց­նե­լու։
Ա­ւար­տին, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն ու յատ­կա­պէս նո­ւի­րեալ­նե­րուն. այս փոքր աս­տի­ճան­նե­րով պի­տի շա­րու­նա­կէք ձեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցել այս ե­կե­ղեց­ւոյ ու, մա­նա­ւա՛նդ, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, որ­պէս­զի ­Տի­րոջ փառ­քը ձեր մի­ջո­ցաւ հիւ­սո­ւի։ Սր­բա­զա­նը իւ­րա­քան­չիւր աս­տի­ճան, զոր յանձ­նեց, ման­րա­մաս­նօ­րէն լու­սա­բա­նեց, թէ ի՛նչ պէտք է ը­նել՝ պար­տա­ւո­րու­թեանց գի­տակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ւել եւս ի­րենց մէջ դրոշ­մե­լով։ Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց ­Հայր ­Սուր­բին՝ ա­նոր 7 ամ­սո­ւան կա­տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ կրցած էր պատ­րաս­տել ե­րեք շրջան­նե­րէ դպիր­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը ար­դէն կը պատ­րաս­տո­ւին ըլ­լա­լու կի­սա­սար­կա­ւագ։
Ա­պա՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­պատ­կան սրա­հին մէջ, օ­րո­ւան նո­ւի­րեալ­նե­րուն եւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ի պա­տիւ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ ճաշ­կե­րոյթ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ ե­րեք շրջան­նե­րու (­Գո­մո­թի­նի, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս եւ Ք­սան­թի) ­Թա­ղա­կա­նու­թեանց ա­տե­նա­պետ­նե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Յայտ­նենք, որ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի եւ Թ­րա­կիոյ մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը, ­Հայր ­Սուր­բի աշ­խա­տան­քին որ­պէս գնա­հա­տանք, ա­նոր ծննդեան 28րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ կա­տա­րե­ցին ա­նակն­կալ մը եւ մաղ­թե­ցին ա­մե­նա­լաւն ու ա­մե­նա­բա­րին։ Այս մէ­կը ցոյց կու տայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւնն ու սէ­րը, ­Հո­վիւ՝ որ 7 ամ­սո­ւան մէջ կրցած էր սի­րա­շա­հիլ ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը։

­Մեկ­նում՝ Ք­սան­թի, Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝
Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տու­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

­Կի­րա­կի՝ 31 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ­Հայր ­Սուր­բը մեկ­նե­ցան Ք­սան­թի, ուր «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր շրջա­նի ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։ Օ­րո­ւան ­Պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Ներ­կայ էին շրջա­նի ­Թա­ղա­կա­նու­թեան եւ Հ.Գ.Խ.ի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ։
­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծէն խորհր­դա­ծու­թիւն մը՝ կապ հաս­տա­տե­լով օ­րո­ւան ­Կի­րա­կիին՝ Տն­տե­սի ա­ռա­կին հետ, որ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւած էր։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տի­ճան­նե­րուն, կար­գե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ծա­ռա­յու­թեան եւ, բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լով նո­րա­ձեռ­նադ­րեալ դպիր­նե­րը, յայտ­նեց, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր բնա­գա­ւա­ռէն ներս իր ներդ­րու­մը պէտք է ու­նե­նայ ի սպաս մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գին, հայ­րե­նի­քին ու, մա­նա­ւա՛նդ, մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին։
Ա­պա՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան եւ Հ.Գ.Խ.ի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ, ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ նո­րա­ձեռ­նադ­րեալ դպիր­նե­րուն։
Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով, Սր­բա­զան ­Հայ­րը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։
Ա­պա՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ­Հայր ­Սուր­բը մեկ­նե­ցան ­Տիտ­մո­թի­խօ։

­Ժա­մա­նում՝ ­Տի­տի­մո­թի­խօ, Հս­կու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն Տի­տի­մո­թի­խո­յի «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հիւ­րա­սի­րու­թիւն՝ ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս եւ վե­րա­դարձ՝ ­Գո­մո­թի­նի

­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը ժա­մա­նե­ցին ­Տիտ­մո­թի­խօ, ուր ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Տիտ­մո­թի­խո­յի «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցան Հս­կու­մի ­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­Հանգս­տեան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ ­Տիտ­մո­թի­խո­յի ­Թա­ղա­կա­նու­թեանց ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Տիտ­մո­թի­խո­յէն եւ Օ­րէս­թիա­տա­յէն ե­կած հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։
Իր քա­րո­զին մէջ, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը անդ­րա­դար­ձաւ ­Մեծ ­Պահ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ շեշ­տեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր մաս­նակ­ցու­թեան՝ ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման ի խնդիր։
­Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ շրջա­նի Հ.Գ.Խ.ի ան­դա­մու­հի­նե­րուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին։ Մ­տեր­միկ եւ ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ, ներ­կա­նե­րը զրու­ցա­կից դար­ձան ­Հո­գե­ւոր ­Հայ­րե­րուն հետ։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ ներշն­չո­ւե­լով ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թե­նէն, բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց տա­րո­ւած աշ­խա­տանքն ու ներ­կա­նե­րը եւ մաղ­թեց այս­պի­սի ու­րախ մթնո­լոր­տով շա­րու­նա­կել մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու իւ­րա­քան­չիւր ձեռ­նար­կի։
Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Տիտ­մո­թի­խո­յի եւ Օ­րէս­թիա­տա­յի «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։
Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը վե­րա­դար­ձան ­Գո­մո­թի­նի։

­Մեկ­նում՝ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս եւ, ա­պա, Ա­թէնք

Եր­կու­շաբ­թի՝ 1 Ապ­րիլ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Գո­մո­թի­նիէն մեկ­նե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ օ­դա­կա­յան, ուր­կէ վե­րա­դար­ձաւ Ա­թէնք՝ ա­ռաջ­նոր­դա­նա­կան իր նստա­վայ­րը։