Շաբաթ՝ 20 Յունուար 2018ին, առաւօտեան ժամը 11ին, յունահայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեանի, այցելեց Հայ Գթութեան Խաչի «Տարօնեան» միօրեայ վարժարանը։
Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ ուսուցչուհիներուն՝ տիկնայք Արմինէ Մխիթարեանի եւ Սոֆիա Ամիրխանեանի, որոնք զեկուցեցին կրթական ծրագիրին ու աշխատանքին մասին։ Ապա՝ Սրբազան Հայրը երկար ժամանակ տրամադրեց աշակերտներուն։ Ծանօթացաւ անոնց անուններուն, կատարեց հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան ու կրօնքի վերաբերեալ հարցումներ։
Աշակերտները Սրբազան Հօր պատուեցին մի քանի երգերով ու արտասանութիւններով։ Սրբազան Հայրը աւարտին մեծապէս գնահատեց ուսուցչուհիները եւ քաջալերեց աշակերտները, որպէսզի լաւ սորվին ու պահեն իրենց մայրենի լեզուն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ յաճախ եկեղեցի այցելեն։
Այնուհետեւ, կէսօրուան ժամը 12։30ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ալեքսանտրուպոլիս հաստատուած հայրենակիցներու հետ։
Հանդիպման ընթացքին հայորդիներ զրուցեցին իրենց առօրեայ կեանքի պայմաններուն եւ առաւելաբար դժուարութիւններուն մասին։ Կարգ մը հարցերու կապակցութեամբ անոնք խնդրեցին Սրբազան Հօր խորհուրդն ու աջակցութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, լսելէ ետք անոնց, իր կարգին փոխանցեց իր կարծիքը եւ խոստացաւ, հոգեւոր հովիւին ու Թաղային Խորհուրդին հետ միասնաբար ու ըստ կարելւոյն օգտակար հանդիսանալ անոնց կարիքներուն։
Իսկ երեկոյեան ժամը 6ին, Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ժողով գումարեցին Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին հետ։
Հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեան զեկոյց տուին աշխատանքներուն եւ քաղաքի հայութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովականութեան բացատրեց գաղութի կառուցային վիճակը եւ ամէն մէկ մարմնի պարտականութիւնը կամ պատասխանատուութիւնը։ Պրն. Չոլաքեան իր կարգին զեկուցեց Ազգային Վարչութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։ Ետքը միասնաբար քննարկուեցան գաղութի իրավիճակն ու մարտահրաւէրները։
Աւարտին, Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Թաղային Խորհուրդի ատենապետն ու անդամներ օդակայան մեկնեցան ու դիմաւորեցին Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Ջարչողլեանը։ Ետքը Թաղային Խորհուրդը իր հիւրերը պատուեց պաշտօնական ճաշով։
Յաջորդ օրը, Կիրակի՝ 21 Յունուար 2018ի երեկոյեան ժամը 5ին, Միջ-Թաղային Խորհուրդը Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան։
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հայկական հինգ գաղութներու հոգեւոր ու կրթական աշխատանքներն ու կարգ մը դժուարութիւնները։ Ազգային Վարչութեան ատենապետը իր կարգին տեղեակ պահեց ժողովականները գաղութային ընդհանուր աշխատանքներուն ու հարցերուն մասին։
ԹՂԹԱԿԻՑ