«­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պատ­րա՛ստ է ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին կող­քին կանգ­նե­լու եւ դեր ստանձ­նե­լու՝ պա­պե­նա­կան ժա­ռան­գի բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ»,-հաս­տա­տած է Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեան

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, Եր­կու­շաբ­թի՝ 14 Մա­յիս 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տուա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ա­ւե­լի քան 60 մի­ջին եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի պատ­կա­նող հա­յոր­դի­նե­րու հետ (28էն 50 տա­րե­կան)։ Հան­դի­պու­մը ե­ղած է մտայ­ղա­ցու­մը Սրբա­զան Հօր։ Ներ­կայ գտնո­ւած է նաեւ շրջա­նի Հո­գե­ւոր Հո­վի­ւը։
Սր­բա­զան Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նած է, որ իբ­րեւ ա­ռաջ­նորդ՝ ան­գամ մը եւս կ’այ­ցե­լէ Թե­սա­ղո­նի­կէ, իր ժո­ղո­վուր­դին հետ ըլ­լա­լու ու մա­նա­ւանդ Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­լու հրա­մա­յա­կան պատ­գամ մը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ներ­կա­նե­րուն բա­ցատ­րած է հա­ւա­քին ի­մաս­տը՝ ը­սե­լով.- «Աս­կէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ հոս կը գտնո­ւէի որ­պէս Սե­լա­նի­կի հո­գե­ւոր հո­վիւ, ձեզ­մէ շա­տե­րուն հայ­րերն ու մայ­րե­րը ճանչ­նա­լով ու մա­նա­ւանդ ա­նոնց հետ աշ­խա­տակ­ցե­լով ու գոր­ծակ­ցե­լով այս Գա­ղու­թի վե­րել­քին հա­մար, այ­սօր ա­հա­ւա­սիկ դուք ա­նոնց ժա­ռան­գորդ­ներն էք եւ դուք պէտք է, որ ձեր հայ­րե­րէն ու մայ­րե­րէն ժա­ռան­գած ա­ւան­դը շա­րու­նա­կէք ի սպաս դնել այս գա­ղու­թի վե­րել­քին ու բար­գա­ւաճ­ման…»։
Գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ պար­զո­ւած էր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո՛չ միայն մեր նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յու­թեամբ, այլ մա­նա­ւանդ իւ­րա­քան­չիւր ա­թո­ռի վրայ գրո­ւած էր գա­ղու­թի ե­րէց, մի­ջին եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն պատ­կա­նող ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց վրայ ա­ւե­լի քան 60 հո­գի­ներ ե­կան եւ գրա­ւե­ցին ի­րենց տե­ղե­րը։ Սր­բա­զան Հայ­րը այս տե­սա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նման­ցուց դրօ­շար­շա­ւի խա­ղին՝ բնա­կա­նա­բար բա­ցատ­րե­լով այդ խա­ղին նպա­տա­կը՝ միաս­նա­կան ո­գիով, նոյն ա­րա­գու­թեամբ վա­զե­լու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ յաղ­թե­լու նպա­տա­կով։ Իր խօս­քին մէջ, ան ը­սաւ.- «Այդ դրօ­շը այ­սօր ձե­զի՛ յանձ­նո­ւած է ու դուք, որ­պէս ժա­ռան­գորդ­նե­րը ձեր նա­խա­հայ­րե­րուն, նկա­տի պէտք է առ­նէք զայն եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն հաս­նիք կա­տա­րեալ յաղ­թա­նա­կի…»։
Սր­բա­զան Հայ­րը այս առ­թիւ իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք յա­ջող­ցու­ցին օ­րուան գե­ղե­ցիկ ու խորհր­դան­շա­լից ձեռ­նարկ-յայ­տա­գի­րը։ Ներ­կա­նե­րուն կող­մէ ե­ղան հար­ցում­ներ եւ Սր­բա­զան Հայ­րը տո­ւաւ գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խան­ներ։
Ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ ուխ­տե­ցին եւ պատ­րաստ զգա­ցին, որ­պէս Սե­լա­նի­կա­հայ ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին կող­քին կանգ­նե­լու եւ դեր ստանձ­նե­լու ի­րենց պա­պե­նա­կան ժա­ռան­գին գի­տակ­ցու­թիւնն ու պա­տի­ւը բարձր պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նով։ Ա­պա՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հա­ւա­քը ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ, պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ։

Թղ­թա­կից