Ուրբաթ` 20 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Աթէնքէն եօթնօրեայ այցելութեամբ մը ժամանեց Թրակիա։ Ալեքսանտրուպոլսոյ օդակայանը ան դիմաւորուեցաւ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի եւ շրջանի ազգայիններու կողմէ, ապա մեկնեցաւ դէպի Գոմոթինի, ուր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ կատարեց կանոնական աղօթք։
Պատարագ Գոմոթինիի մէջ եւ միօրեայ վարժարանի բացում
Շաբաթ՝ 21 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ սրբազան հայրը, ներկայ եղաւ Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, մատուցոաւծ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ներկայութեամբ Գոմոթինիի Թաղականութեան ատենապետին եւ բոլոր անդամներուն, Երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, ղեկավարութեամբ՝ Տիկ. Նելլի Անդրէասեանի, Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան հեռանիստ անդամուհի՝ ընկ. Հերմինէ Գույումճեանի, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի։
Նախքան Սրբազան հօր քարոզին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ հուսկ, անդրադարձաւ Հայութեան եւ անոնց անկախ մնալու կարեւորութեան մասին. Ի վերջոյ շնորհաւորեց անոնց անկախութեան տօնը։
Ապա, երեկոյեան ժամը 9։30ին, եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող ազգապատկան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միօրեայ վարժարանի օրհնութիւն։ Անկէ ետք,Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ու թաղականութեան անդամներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։
Առիթը յարմար տեսնելով, Սրբազան հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն հետ եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու թելադրութիւնները կատարեց անոնց։
Այցելութիւն Տիտիմոթիքոյի հաւատացեալներուն եւ հանդիպում թաղականութեան անդամներուն հետ
Չորեքշաբթի՝ 25 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան ժամը 5։00ին Օրեսթիատայի հիւրանոցի սրահէն ներս, հանդիպում տեղի ունեցաւ թաղականութեան անդամներուն հետ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան հայրը եւ թաղականութեան անդամները միասնաբար արծարծեցին կենսական նիւթեր, որոնք անմիջականօրէն առնչութիւն ունին Օրեսթիատայի հաւատացեալ մեծ ընտանիքին հետ։ Հանդիպումէն անմիջապէս ետք, հիւրանոցի սրահէն ներս, գլխաւորութեամբ Սրբազան հօր եւ իր կողքին ունենալով երկու պատասխանատու հոգեւորականները, տեղի ունեցաւ միօրեայ վարժարանի մանուկներու եւ աղի օրհնութիւն։ Սոյն երեկոն առիթը հանդիսացաւ հօտի եւ հովիւի միատեղման, զրուցելու եւ ներկայացնելու իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները։
Այցելութիւններ Թրակիոյ շրջանի մետրոպոլիտներուն
Չորեքշաբթի՝ 25 Սեպտեմբեր 2019ի առաւօտեան ժամը 11։00ին, Թեմիս Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ. Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեանի եւ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի, միասնաբար այցելեցին Ալեքսանտրուպոլսոյ Մետրոպոլիտին։ Հանդիպման ընթացքին լուկսարձակի տակ առնուեցաւ Յունաստանէն ներս հայութեան կարեւորութիւնը եւ անոնց աշխուժ ներդրումը։ Վերջապէս կենսական հարցերու մասին զրոյցի պահ մը ունենալէ ետք, քրիստոնէական սիրոյ որպէս արտայայտութիւն, Մետրոպոլիտը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը Ալեքսանտրուպոլիս, յառաջիկայ Դեկտեմբերին ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Ս. Նիկողայոսի մեծ տօնին։
Շաբաթ՝ 23 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան, Տիտիմոթիքոյի Տամասքինոս Մետրոպոլիտը ուրախութեամբ ընդունեց Թեմիս Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իրեն կողքին ունենալով Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեանը, ինչպէս նաեւ «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Սոյն հանդիպման Սրբազան հայրը առիթը ստեղծելով, արտայայտեց իր մտահոգութիւնները շեշտը դնելով «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ վերանորոգման հարցին։ Այդ հոգեւոր եղբայրական զրոյցի ընթացքին Սրբազանը ըսաւ, թէ այս եկեղեցին միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ Աստուծոյ տունը ըլլալով բոլոր քրիստոնեաներուն, հետեւաբար «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ հարցը բոլորիս մտահոգութիւնն է եւ անոր շինութիւնը լուրջ աշխատանք կ՚ենթադրէ։
Այցելութիւն Տիտիմոթիքոյի հայութեան
Նոյն օրը, Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը մեկնեցան Տիտիմոթիքօ եւ այնտեղ «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին Հսկումի ժամերգութիւն, ներկայութեամբ Տիտիմոթիքոյի «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետին եւ անդամներուն, Հ.Գ.Խ.ի Տիտիմոթիքոյի մասնաճիւղի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Տիտիմոթիքոյի հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն։
Կիրակի՝ 29 Սեպտեմբերի առաւօտեան պատարագը սկիզբ առաւ, պատարագիչն էր Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Քարոզի ընթացքին, առաջին հերթին, Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց Տիտիմոթիքոյի Մետրոպոլիտին ինչպէս նաեւ ողջունեց Տիտիմոթիքոյի եւ շրջակայ հաւատեցեալներուն ներկայութիւնը։ Իր պատգամին ընթացքին ան շեշտը դրաւ հաւատքի կարեւորութեան եւ քրիստոնէական արժէքներուն վրայ։ Գնահատելով ժողովուրդին մասնակցութիւնը ըսաւ՝ երբ մեր հաւատքը ի գործ դնենք, այնպէս ինչպէս «Ս. Գէորգ» հաւատքով ճզմեց վիշապին գլուխը. Նոյնպէս ալ մենք մեր ունեցած հաւատքով մեր Երկնաւոր Հայրը անկարելին կարելի կը դարձնէ եւ մեզ կը զինէ այս աշխարհի վիշապներուն դէմ։
Վերջապէս, շնորհաւորեց բոլոր Գէորգ անունը կրող հայորդիները մաղթելով անոնց երկար եւ հաւատքով լեցուն օրեր։
Ապա, եկեղեցւոյ տօնին առիթով տեղի ունեցաւ պատշաճ ճաշկերոյթ, ներկայութեամբ երեք շրջաններու (Գոմոթինի, Ալեքսանտրուպոլիս եւ Քսանթի) թաղականութեանց անդամներուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Սրբազան հօր ներկայութիւնը Թրակիոյ հայկական համայնքներուն մօտ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջաններու հայութեան, եւ ան իր հայրական ներկայութեամբ տոգորեց ազգային կառոյցները՝ առաւել խանդով գործելու համար ի նպաստ համայնքային կեանքի ծաղկումին։
Թղթակից