Հինգ­շաբ­թի, 29 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­մա­նո­րեան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով կրօ­նա­կան դա­սը՝ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։
­Բա­ցի թեր­թիս տնօ­րէ­նու­թեան եւ խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րէն, հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, Սր­բա­զան հայ­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց նման այ­ցե­լու­թեան մը ա­ռի­թին հա­մար, որ բա­ցի տօ­նա­կան օ­րե­րու մաղ­թանք­նե­րուն փո­խա­նա­կու­մէն, կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ զրոյ­ցի ու գա­ղու­թը յու­զող հար­ցե­րու քննարկ­ման պա­տեհ հնա­րա­ւո­րու­թիւն։
­Խօ­սե­լով «Ա­զատ Օր-ին մա­սին, ան ընդգ­ծեց թեր­թը գա­ղու­թի բազ­կե­րա­կը ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ կեն­դա­նի կը պա­հէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի գոր­ծու­նէու­թեան ար­տա­ցո­լու­մը իր է­ջե­րուն մէջ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տը դրաւ հայ մա­մու­լի դե­րին ու ա­ռա­քե­լու­թեան վրայ, ա­նոր լայն ըն­տա­նի­քին մէջ կա­րե­ւո­րե­լով «Ա­զատ Օր»-ի տաս­նա­մեակ­նե­րու ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դա­բար, մտեր­միկ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­ռիթ ե­ղաւ ամ­փոփ ներ­կա­յաց­նե­լու թեր­թի աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ւա­լը, տպա­գիր եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ ­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր կեան­քի ներ­կա­յաց­ման ու­ժե­ղա­ցու­մը թեր­թին ճամ­բով, մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր նիւ­թե­րու՝ ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան, յա­տուկ տօ­նե­րու, բա­րո­յա­կան ու ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու վեր­լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շօ­շա­փո­ւե­ցան գա­ղու­թը յու­զող հար­ցեր, ի­րենց բազ­մաբ­նոյթ ե­րես­նե­րով, յատ­կա­պէս շեշ­տը դնե­լով կրթա­կան, հո­գե­ւոր եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան օ­րա­կար­գե­րուն վրայ։ Ընդգ­ծո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան մօ­տե­ցու­մը թեր­թին, ա­նոր մէ­ջէն հա­յե­րէն գրե­լու եւ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րով։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ս­փիւռ­քի տա­րո­ւան» շա­րու­նա­կու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս՝ գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ու վե­րա­նո­րոգ­ման օ­րա­կար­գին մէջ ա­ւե­լի խո­րա­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նին։
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը նշմա­րե­ցին, որ նման այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու քննար­կում­ներ շի­նիչ օգ­տա­կա­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն։ ­Փա­փաք յայտ­նո­ւե­ցաւ յար­մա­րա­գոյն ա­ռիթ­նե­րով կրկնել զա­նոնք ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն մը պա­հել։
Ա­ւար­տին, մեր այ­ցե­լու­նե­րը մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան թեր­թի բա­ժին­նե­րու աշ­խա­տան­քին ու հրա­տա­րա­կու­թեան ըն­թաց­քին։