­Շա­բաթ, 11 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րը փո­խան­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Տա­ճար ըն­ծայ­ման՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին: Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Երբ մա­նուկ մը կը ծնի, քա­ռա­սուն օր ետք զինք տա­ճար կ­՚ըն­ծա­յենք, այ­սինքն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կը նո­ւի­րենք այն­պէս, ինչ­պէս երբ ­Յի­սուս մա­նու­կը ծնաւ եւ քա­ռա­սուն օր ետք Իր ծնող­քը ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րե­ցին զԻնք: Այս տօ­նը մենք կը յի­շա­տա­կենք 14 ­Փետ­րո­ւա­րին, իսկ նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը կա­տա­րենք մէկ օր ա­ռաջ, ո­րուն ա­ւար­տին մեր նա­խա­հայ­րե­րէն ժա­ռան­գած քաղցր ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, խա­րոյկ կը վա­ռենք»: Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ հա­կիրճ կեր­պով բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ խա­րոյկ վա­ռե­լու ա­ւան­դու­թեան եւ ը­սաւ. «­Մեր նա­խա­հայ­րե­րը հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ ա­ռաջ կրակ կը վա­ռէին, ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն ըն­դու­նե­լէ ա­ռաջ կռա­պաշտ էին: ­Սա­կայն երբ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նե­ցին, սկսան լոյ­սը, կրա­կը ըմբռ­նել իբ­րեւ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը»:
Ա­պա, Սր­բա­զան հայ­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ եւ բարձր գնա­հա­տեց ա­նոնց տա­րած կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը ու քա­ջա­լե­րեց զա­նոնք, որ շա­րու­նա­կեն ի­րենց նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ի խնդիր հայ լե­զուին պահ­պան­ման եւ հայ ա­շա­կեր­տին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան:
­Կի­րա­կի, 12 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Սր­բա­զան հօր, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա Աբղ. ­Մալ­խա­սեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը քա­րո­զի պա­հուն, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի Բ.» հռչա­կա­գի­րը:
Եր­կու­շաբ­թի, 13 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ մեր ­Տի­րոջ ու Փր­կի­չին ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սին տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նը՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը: ­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նակ, ա­պա ան­դաս­տան: ­Քա­րո­զի պա­հուն, Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ Ք­րիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ տա­ճար ըն­ծայ­ման ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջին խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը: Ա­պա, հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կա­տա­րեց մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը Ս. ­Խո­րան՝ «Ք­րիս­տոս ­Փա­ռաց ­Թա­գա­ւոր…» շա­րա­կա­նին եր­գե­ցո­ղու­թեամբ: ­Յե­տոյ Սր­բա­զան հայ­րը Ս. ­Խո­րա­նէն վա­ռեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նը զե­տե­ղո­ւած հինգ մո­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մո­մե­րը, իբ­րեւ Ք­րիս­տո­սի լոյս՝ զայն տա­րա­ծե­լու հա­մայն աշ­խար­հին:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, թա­փօր կազ­մած, ուղ­ղո­ւե­ցաւ վա­ռե­լու ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը: Ըն­թաց­քին, «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցին ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր եւ «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը, իսկ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ճո­խա­ցուց մթնո­լոր­տը՝ կրա­կին շուրջ շուրջ­պար բռնե­լով:
­Նոյն օ­րը ժա­մը 20:30-ին, «Ար­ցախ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր: ­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան հայ­րը ա­ւե­լի ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին հռչա­կա­գի­րին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ու բարձր գնա­հա­տեց ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քը: Ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ թա­ղա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ գա­թա­յի հա­տում, որ­մէ ետք թա­ղա­կան­նե­րուն կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ