«Մենք կը ծառայենք Աստուծոյ որպէս որդիներ ու ո՛չ որպէս ստրուկներ»,- հաստատեց՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան Կիրակի՝ 2 Յունիս 2019ի, առաւօտեան ժամը 10։30ին, հանդիսապետութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն, կիսասասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն, դպիրներուն եւ ներկայութեամբ շրջանէն ներս գործող ազգ. կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Ս. Պատարագը մատուցեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։
Քարոզի պահուն, օրուան հայրական պատգամը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ Աւետարանական հատուածէն քաղելով իր խօսքերը խօսեցաւ եկեղեցւոյ նուիրական ծառայութեան եւ այդ ծառայութեան ճամբով իր խօսքը ո՛չ միայն ուղղեց եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, այլ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ նկատի ունենալով բոլորին տարբեր ծառայութիւնները հանդէպ իրենց եկեղեցւոյ։ Իր խօսքին մէջ ան հաստատեց, ըսելով.- «Մենք կը ծառայենք Աստուծոյ որպէս որդիներ եւ ո՛չ որպէս ստրուկներ…»։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւորապէս կատարեց Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ եւ նախկին Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւներէն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ նուիրած նոր ուրարներու օրհնութիւնն ու իր ձեռքով յանձնեց իւրաքանչիւրին, որոնք տարիներ առաջ, ինչպէս նաեւ անցեալ Նոյեմբերին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացած էին սարկաւագական, Կիսասարկաւագական եւ ուրարակրութեան պաշտօնները, յանձինս Բրշ. Վահրամ սրկ. Պէքթաշեանի, Աւետիս սրկ. Աւետիսեանի, Էտվին սրկ. Զամպաքճեանի, Կարապետ Կիս.սրկ. Նատեանի, ուրարակիրներ՝ Վահրան Թէքօղլույի եւ Պատրիկ Մարուքեանի։ Ապա, թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը որպէս գնահատանք, Գաղութիս արժանի երիտասարդներէն՝ Նարեկ Ալեքսանեանի ուրարակրութեան պաշտօնը յանձնեց, որ ուրախութեամբ կը ծառայէ իր եկեղեցւոյ, երբ կը գտնուի Թեսաղոնիկէէն ներս։
Աւարտին, առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հետ բերած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ՝. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ օրհնութեան գիրեր, յանձինս՝ բարեշնորհ Վահրամ սրկ. Պէքթաշեանի եւ Աւետիս սրկ. Աւետիսեանի, որոնք եօթանասուն տարիներու ծառայութիւն ունին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս սպասաւորներ անձնուիրաբար ծառայելու։ Օրհնութեան գիրերը առաջնորդ Սրբազան հօր կողմէ ընթերցուելէ ետք, ան յանձնեց եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց անոնց։
Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ իրենց շնորհաւորութիւններով եւ բարեմաղթանքներով երկար ու առողջ կեանք մաղթեցին երկու սարկաւագներուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցը Թեսաղոնիկէ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցը Թեսաղոնիկէ