Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Սրբազան հօր այցը Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Կիրակի, 25 Յունիս 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Ս. Խաչերեանին, կատարողութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանին, մասնակցոււթեամբ՝ եկեղեցւոյս դպրաց դասին եւ ներկայութեամբ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Ս. եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին, օրուան քարոզն ու հայրական պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Քարոզին սկիզբը ան պարզաբանեց օրուան Աւետարանական հատուածը, որ կ‘ընդգրկէր Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն Յիսուս Քրիստոսէն հրաշք խնդրելու դրուագը, ինչպէս նաեւ՝ Յովնան Մարգարէին երեք օր կէտին փորին մէջ մնալուն հրաշքը: Ան ըսաւ. «Հին Կտակարանի ժամանակաշրջանին, Աստուած կ‘ուզէր հրեաները դաստիարակել եւ հասկցնել, որ Աստուած բոլոր ժողովուրդներուն Աստուածն է եւ ոչ միայն հրեաներուն եւ անոնք պէտք է հասկնան, որ ուրիշ ժողովուրդներ ալ կան, որոնք պէտք է Աստուծոյ խօսքը լսեն»:
Ապա Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հիմնական եւ կարեւոր կէտի մը մասին, որն է հաւատքը: Ան ըսաւ. «Յիսուս Քրիստոս ընդառաջեց հոն, ուր հաւատք տեսաւ: Ամէն անգամ, որ հրաշք մը պիտի գործէր եւ կամ բժշկութիւն մը պիտի կատարէր այն մարդոց, որոնք կու գային Իր մօտ եւ կը խնդրէին, որ զիրենք բժշկէ, Յիսուս Քրիստոս անոնց հաւատքը տեսնելով այդ հրաշագործութիւնները կը կատարէր»: Ապա շարունակեց ըսելով. «Ինչպէս Գրիգոր Նարեկացին կ‘ըսէ բոլոր Սուրբերուն բոլոր ընտրեալներուն առաջին առաքինութիւնը հաւատքն է, ուրեմն Յիսուս Քրիստոս Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն ըսաւ. քանի որ դուք ձեր լսածներն ու տեսածները չէք հաւատար նոր նշանի պէտք չկայ ձեզի: Հետեւաբար, Աւետարանի ամէնէն կարեւոր պատգամը հաւատքն է. հաւատալ Աստուծոյ եւ Անոր խօսքերուն»:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն՝ Վահրատ Թէքօղլուի հոգիին համար:
Թղթակից