Եր­կու­շաբ­թի՝ 3 ­­Յու­նո­ւար 2022-ի կէ­սօ­րին, յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան եւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­­Յով­հան­նէս ծ.վրդ. ­­Սաղ­տը­ճեան այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը։
­­Նոր տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով, Սր­բա­զան հայ­րը իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թեան, մաղ­թե­լով բե­ղուն եւ ար­գա­սա­բեր տա­րի մը։ Եր­կու հիւ­րե­րը անդ­րա­դար­ձան անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հա­մա­վա­րա­կի դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն տակ ստեղ­ծուած ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ի­րա­կա­նու­թեան, ա­պա զրոյ­ցը ըն­թա­ցաւ ազ­գա­յին կեան­քի վե­րաշ­խու­ժաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քա­յին վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման օ­րա­կար­գին եւ գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան լայն դաշ­տին շուրջ։ Ընդգ­ծո­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու հզօ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րա­ւու­մը եւ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ազ­գա­յին եւ գա­ղու­թա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րուն հան­դէպ ներգ­րաո­ւա­ծու­թիւ­նը բարձր պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ հիմ­նա­կան քայ­լե­րու կի­րար­կու­մը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը բարձր գնա­հա­տեց «Ա­զատ Օր»-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յու­նա­հայ կեան­քին մէջ, որ­պէս գա­ղու­թի բազ­կե­րա­կը ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւն եւ ընդգ­ծեց թեր­թիս ներդ­րու­մը հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նէն ներս։