Յու­նաս­տա­նի թե­մի ա­ռաջ­նորդ՝ գե­րաշ­նորհ Տ. Գե­ղամ Ս. արք. Խա­չե­րեան 6-9 Ապ­րիլ 2023-ին այ­ցե­լեց Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մայն­քին։ Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը ու­նե­ցաւ հե­տե­ւեալ աշ­խա­տանք­նե­րը։

Այ­ցե­լու­թիւն Քա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տին

Հինգ­շաբ­թի, 6 Ապ­րիլ 2023-ին ժա­մը 15:00-ին Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ՝ Գերշ. Տ. Գե­ղամ Ս. արք. Խա­չե­րեա­ն այ­ցե­լեց Թե­սա­ղին­կէի Գա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ թե­սա­ղո­նի­կէի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ պրն. Տիգ­րան Պ­լէ­ճեա­նին: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ըն­դու­նեց քա­ղա­քա­պետ Եան­նիս Տար­տա­մա­նե­լիս ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րուն:
Հան­դիպ­ման սկիզ­բը պրն. քա­ղա­քա­պե­տը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Սր­բա­զան հօր եւ իր սրտի ան­հուն ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան հա­մար: Ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան հայ­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108­-ա­մեա­կի առ­թիւ Մ­շա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քի կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­ռօ­րեայ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյթ­նե­րուն հա­մար: Ա­պա, Սր­բա­զան հայ­րը ա­ւե­լի ընդ­լայ­նե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը անդ­րա­դար­ձաւ սփիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին: Խօ­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին, պրն. քա­ղա­քա­պե­տը գնա­հա­տա­կան խօս­քեր ը­սաւ Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րին շուրջ հայ ազ­գի միաս­նա­կա­նու­թեան հա­մար: Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կի նո­ւի­րո­ւած հա­մերգ

Հինգ­շաբ­թի, 6 Ապ­րիլ 2023-ին ժա­մը 20:30-ին, Առաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Գա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­ռօ­րեայ հա­մերգ­նե­րու փակ­ման գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյ­թին:
Ե­լոյ­թին սկիզ­բը հան­դէս ե­կաւ Քա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար պրն. Եան­նիս Քու­գա­սը: Պրն. Իան­նիս Քու­քաս 1986-1993 ստանձ­նած է Հա­մազ­գա­յի­նի Թե­սա­ղո­նի­կէի երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Ան, իր խօս­քին մէջ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, ա­պա զինք հրա­ւի­րեց, որ­պէս­զի իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցէ ներ­կա­նե­րուն: Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ անդրա­դառ­նա­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ը­սաւ թէ հա­յե­րուն եւ յոյ­նե­րուն պատ­մու­թիւ­նը նման է, եւ ող­ջու­նե­լի է¸ որ յոյն ժո­ղո­վուր­դը եւս, վեր­ջին շրջա­նին ա­ւե­լի գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար դա­տին հե­տապնդ­ման։ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քը ա­ւար­տեց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով սոյն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյ­թին հա­մար:

Այ­ցե­լու­թիւն Քա­լա­մա­րիա­յի Մետ­րոպո­լիտին

Ուր­բաթ, 7 Ապ­րիլ 2023-ին ժա­մը 12:00-ին, Ա­ռաջ­նորդ սր­բա­զան հայ­րը, հո­գե­ւոր հո­վիւն ու Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­ն այ­սե­լե­ցին Թե­սա­ղո­նի­կէի Գա­լա­մա­րիա­յի Մետրո­պո­լիտ Իուս­դի­նո­սին:
Հան­դիպ­ման սկիզ­բը Մետրո­պո­լի­տը ող­ջու­նե­լով Սր­բա­զան հօր բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ իր սրտի ու­րա­խու­թիւնն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց: Ա­պա, ար­ծար­ծո­ւե­ցան աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան նիւ­թեր եւ նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ հար­ցեր: Մետ­րո­պո­լի­տը յայտ­նեց իր ու­րա­խու­թիւ­նը հա­յե­րուս միաս­նա­կա­նու­թեան հա­մար եւ հայ-յոյն սերտ յա­րա­բե­րու­թեանց, որ գո­յու­թիւն ու­նին մեր մի­ջեւ:
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր կար­գին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ եւ եղ­բայ­րա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար: Ա­պա Մետ­րո­պո­լի­տը յու­շա­նո­ւէր­ներ փո­խան­ցեց Սր­բա­զան հօր, հայր սուր­բին եւ պրն. ա­տե­նա­պե­տին:

­Ծաղ­կա­զար­դի հան­դի­սա­ւոր ս. պա­տա­րագ եւ դռնբա­ցէք
Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

Կի­րա­կի, 9 Ապ­րիլ 2023-ին ժա­մը 10:30-ին Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան Ս. Պա­տա­րագ: Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. Գե­ղամ Ս. արք. Խա­չե­րեա­նը:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը քա­րո­զի պա­հուն անդ­րա­դար­ձաւ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին մա­սին¸ բա­ցատ­րե­լով Նոր Կ­տա­կա­րա­նի մէջ ե­ղող դրո­ւա­գը, ուր կը ներ­կա­յա­ցո­ւի Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ:
Իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Այդ ձե­ւով, որ մուտք գոր­ծեց Յի­սուս Ք­րիս­տոս Ե­րու­սա­ղէմ, այդ ա­տեն յաղ­թա­կան էր: Թա­գա­ւոր­նե­րու վա­յել ձե­ւով էր, որ մուտք գոր­ծեց: Ծաղ­կա­զար­դին դէպ­քով, Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քով կը սկսի այն շա­բա­թը, որ այ­լեւս իր գա­գա­թին կը հաս­նին Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի աշ­խա­տանք­ներն ու եր­կա­րա­ւոր կեան­քի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ե­րու­սա­ղէմ մտնե­լով եւ մին­չեւ Յա­րու­թեան օ­րը, բո­լոր այդ դէպ­քե­րը, որ պա­տա­հե­ցան մենք կը կո­չենք Ա­ւագ Շա­բաթ»: Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը ը­սաւ նաեւ. «Այդ բո­լոր բազ­մու­թեան մէջ ե­րեք տար­բեր խում­բի մար­դիկ կա­յին. ա­ռա­ջի­նը այդ խումբն էր, որ կ­’ու­զէր գալ եւ տես­նել թէ ո՞վ է Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը որ չոր­սօրեայ մե­ռած Ղա­զա­րո­սը վերս­տին կեան­քի կո­չած էր, երկ­րորդ խում­բը այն էր, որ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը ըն­դու­նեց իբ­րեւ թա­գա­ւոր, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք աշ­խար­հա­կան, երկ­րա­ւոր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու հրեայ ժո­ղո­վուր­դը թա­գա­ւորն է, որ կու գայ եւ մենք մեր թա­գա­ւո­րու­թիւն պի­տի հաս­տա­տենք եւ թշնա­մի­նե­րու դուրս պի­տի վա­նենք եւ Դա­ւի­թի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի հաս­տա­տենք: Եւ վստա­հա­բար այդ խմբա­կի մար­դիկն էին, որ Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի օ­րը Ք­րիս­տոս­ին ով­սան­նա­նե­րով ըն­դու­նող­նե­րը մի քա­նի օր յե­տոյ նոյն Ք­րիս­տո­սին հա­մար թող խա­չո­ւի պո­ռա­ցին։ Իսկ եր­րորդ խում­բը այն խումբն էր, որ Յի­սուս Ք­րիս­տոս երբ մուտք կը գոր­ծէր Ե­րու­սա­ղէմ, կ’ը­սէին օրհ­նեալ ըլ­լայ ան որ կու գայ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով»: Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ, մէկ հիմ­նա­կան եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն կե­տի մը անդ­րա­դար­ձաւ, որ է Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի նոր պա­տո­ւի­րա­նը. «­Սի­րե­ցէ՛ք ի­րար: Ինչ­պէս ես ձեզ սի­րե­ցի՝ դուք ալ ի­րար սի­րե­ցէք»: Այս մէկ պա­տո­ւի­րանն է Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան հիմ­նա­կան օ­րէն­քը¸ որ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեա­յի կեան­քի նշա­նա­բա­նը պէտք է ըլ­լայ։
Քա­րո­զի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թե­սա­ղո­նի­կէի Գա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի երկ­չա­խում­բի ղե­կա­վար՝ Եան­նիս Քու­քա­սին եւ ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք Կո­մի­տա­սեան պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Ս. Պա­տա­րա­գին:
Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ Սար­կա­ւագ­նե­րը թա­փօր կազ­մած ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը «ու­րախ լեր» եր­գով: Ա­պա եր­գե­ցին «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը:
Նոյն օ­րը ժա­մը 19:00-ին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Գերշ. Տ. Սր­բա­զան հօր¸ տե­ղի ու­նե­ցաւ Դռն­բա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն: Սկիզ­բը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­դաս­տան՝ նա­խա­գա­հա­հու­թեամբ Սր­բա­զան հօր: Ա­պա ըն­թաց­քին Սր­բա­զան հայ­րը սար­կա­ւագ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ բարձ­րա­ցաւ Ս. Խո­րան, ուր ծնկա­չոք եր­գեց «­Բաց մեզ Տէր» շա­րա­կա­նը:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին իբ­րեւ բնա­բան ընտ­րած էր «­Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր ո­ղոր­մու­թեան դու­ռը, որ ող­բա­ձայն կ­’ա­ղա­չենք Քե­զի» շա­րա­կա­նի բա­ռե­րը: Քա­րո­զի ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան հայ­րը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­կիրճ բա­ցատ­րու­թիւն մը տո­ւաւ:
Դռն­բա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ի­մաս­տին եւ նպա­տա­կին հա­մար: Իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «­Քա­ռաս­նոր­դաց պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը այդ շրջանն է որ ե­կե­ղե­ցին վա­րա­գոյ­րը կը փա­կէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջան կը յայ­տա­րա­րէ: Եւ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Խո­րա­նին փա­կո­ւի­լը կը խորհր­դանշէ մարդ եւ Աս­տո­ւած յա­րա­բե­րու­թեան կտրուի­լը, ո­րով­հե­տեւ Խո­րա­նը Աս­տու­ծոյ գա­հը կը խորհրդան­շէ եւ երբ Խո­րա­նը կը դի­տենք Աս­տու­ծոյ դէմ­քը կը տես­նենք: Երբ փա­կո­ւի տե­սո­ղու­թե­նէն, հա­ղոր­դակ­ցու­թե­նէն կը կտրո­ւի: Սա­կայն¸ դէ­պի աս­տո­ւած տա­նող ճամ­բան¸ դու­ռը կը մնայ Ք­րիս­տոս¸ ո­րուն խա­չե­լու­թեան պատ­կե­րը քա­ռա­սուն օ­րեր փակ վա­րա­գոյ­րին առ­ջեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն առ­ջեւ պար­զո­ւած կը մնայ¸ որ­պէս Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մա­ծու­թեան եւ Ք­րիս­տո­սով փրկու­թեան յոյս»:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Սր­բա­զան հօր կող­մէ ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Ա­ւե­տա­րա­նը, եր­գո­ւե­ցաւ «Խնդրես­ցուք» սաղ­մո­սը եւ ա­պա «­Կեց­ո Տէր»ը: Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ: