ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԵՒ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ

Ե­րեք­շաբ­թի, 25 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան, ի­րեն ըն­կե­րա­կից ու­նե­նա­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ ­Հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նը, ցա­մա­քի ճամ­բով, Ա­թէն­քէն ժա­մա­նե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ ­Գերպ. Տ. Ս­տե­փա­նոս Ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի կող­մէ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ»
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

­Նոյն օ­րը, Ե­րեք­շաբ­թի, 25 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։00-էն սկսեալ, «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պու­մը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կան խոր­հուր­դին հետ, ուր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գա­հա­կալ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի տնօ­րի­նու­մով պաշ­տօ­նա­պէս փո­խան­ցու­մը կա­տա­րեց հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նը որ­պէս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ, ինչ­պէս նաեւ յայտ­նեց նա­խա­պէս պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով ու­ղար­կուած գերպ. Տ. Ս­տե­փա­նոս Ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի վե­րա­դար­ձը ­Մայ­րա­վանք՝ այն­տեղ զա­նա­զան տե­սա­կի պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու նպա­տա­կաւ։
­Սոյն ծա­նօ­թաց­ման հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը պար­զեց իր նախ­կին փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի պատ­կե­րը նո­րան­շա­նակ հայր սուր­բին եւ իր հայ­րա­կան թե­լադ­րանք­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոր, ինչ­պէս նաեւ թա­ղա­կան խոր­հուր­դին յայտ­նեց, նոր նոյն ո­գիով եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ տէր եւ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նան հայր սուր­բի գոր­ծու­նէու­թեան, միշտ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար եւ միաս­նա­կան ո­գիով։ Ա­ւար­տին, ան իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց հայր Ս­տե­փա­նո­սին՝ կա­տա­րած 5 տա­րի­նե­րու ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թեան եւ ա­մե­նա­լաւն ու ա­մե­նա­բա­րին մաղ­թեց ա­նոր։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ՝ Ս. ՏԻՄԻԹՐԻՈՍԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ «ՈՉ»Ի ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ

Ըն­դա­ռա­ջե­լով պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րուն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 26 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Տի­միթ­րիոս» մայր տա­ճա­րին մէջ, մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Գո­հա­բա­նա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Ուր­բաթ, 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Յու­նաս­տա­նի պատ­մա­կան «Ոչ»ի օ­րո­ւան հան­դի­սա­ւոր շքեղ ու փա­ռա­ւոր տո­ղանց­քին։
­Սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­հի տիկ. ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քել­լա­րո­փու­լու, յոյն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ հա­զա­րա­ւոր յոյն եւ օ­տար հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, Սր­բա­զան հայ­րը յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան, շնոր­հա­ւո­րեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մոս ե­պիս­կո­պո­սը ու ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­հին օ­րո­ւան տօ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ եւ մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն ու բա­րի ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։
­Սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կող­քին կը գտնո­ւէր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ԱԶԳ. ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ, ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

­Հինգ­շաբ­թի, 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-էն սկսեալ, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պու­մը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ազգ. ­Կա­ռոյց­նե­րու, ­Հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ­Միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ուր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը պաշ­տօ­նա­պէս յայտ­նեց եւ ներ­կա­յա­ցուց հայր Ե­ղիա­յի նոր նշա­նա­կու­մը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գա­ղու­թի հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ­հայր Ս­տե­փա­նո­սի կան­չո­ւի­լը ­Մայ­րա­վանք։
­Սոյն ծա­նօ­թաց­ման հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան հայ­րը իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց հայր Ս­տե­փա­նո­սին կա­տա­րած հինգ տա­րի­նե­րու ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թեան եւ ա­մե­նա­լաւն ու ա­մե­նա­բա­րին մաղ­թեց ա­նոր։ Ան յայտ­նեց, որ այս­պի­սի հան­դի­պում­նե­րով ա­ռա­ւել եւս ա­րագ ձե­ւով կ’ամ­րապն­դո­ւին նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ-թա­ղա­կան խոր­հուրդ-միու­թիւն­ներ կա­պը։ Ա­պա, եր­կու ա­ռիթ­նե­րով ալ, թէ՛ թա­ղա­կան խոր­հուր­դի եւ թէ միու­թիւն­նե­րու հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին, նո­րան­շա­նակ հայր սուր­բը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր թե­լադ­րան­քով իր սրտի խօսքն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն եւ ընդգ­ծեց միաս­նա­բար, նոյն ո­գիով եւ ա­ռա­ւել թա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու՝ գա­ղու­թի վե­րել­քին ի նպաստ։
Ա­ւար­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բը ա­նակն­կալ մը պատ­րաս­տած էր հայր Ս­տե­փա­նո­սի ող­ջեր­թի ա­ռի­թով, ուր ներ­կա­նե­րուն պաս­տա­ռի ճամ­բով ներ­կա­յա­ցու­ցին այն­պի­սի պատ­կեր­ներ, ուր հայր սուր­բը վե­րո­յի­շեալ հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ե­ղած էր բո­լո­րինն հետ ու բո­լո­րին հա­մար, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գա­ղու­թին վրայ նոր քար մը զե­տե­ղե­լով ու դրոշ­մե­լով իր ա­նու­նը։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ նո­ւէր­նե­րու բաշ­խում։

ՄԵԿՆՈՒՄ ՍԷՐՐԷՍ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅ
ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

­Շա­բաթ, 29 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4։45-ին, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, եր­կու հայր սուր­բե­րը ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն մեկ­նե­ցան ­Սէր­րէս, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ։ Ա­պա, մուտք գոր­ծե­լով հայ­կա­կան կեդ­րոն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց բո­լո­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ ­Սէր­րէ­սի փոքր հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ծխա­յին­նե­րուն, ո­րոնք սի­րոյ սե­ղա­նի շուրջ հա­ւա­քո­ւած, բա­ժա­կա­ճա­ռե­րով բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին Սր­բա­զան հօր եւ նո­րան­շա­նակ հայր սուր­բին, ինչ­պէս նաեւ բա­րի երթ՝ հայր Ս­տե­փա­նո­սին, մաղ­թե­լով ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն, բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն եւ ա­րեւ­շա­տու­թիւն։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նոր­դը պաշ­տօ­նա­պէս հայր Ե­ղիան ներ­կա­յա­ցուց որ­պէս նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ա­նոր ուղ­ղե­լով խօս­քը յայտ­նեց, որ ­Սէր­րէ­սը ըլ­լա­լով հան­դերձ փոքր հա­մայնք, կը պատ­կա­նի իր ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տէն ներս, ուր տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն եւ Սր­բա­զան հօր ջան­քե­րով ամ­սա­կան դրու­թեամբ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը տրո­ւին ­Սէր­րէս՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին գի­տե­լիք­ներ բաշ­խե­լով, ինչ­պէս նաեւ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով։
­Թէ՛ հայր Ե­ղիա եւ թէ հայր Ս­տե­փա­նոս այս ա­ռի­թով ի­րենց շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին՝ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով բո­լո­րին։

Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

­Կի­րա­կի, 30 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ինչ­պէս նաեւ ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­րիւ­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեան։ ­Քա­րո­զի պա­հուն, նախ­կին հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ գերպ. Տ. Ս­տե­փա­նոս Ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ հայր Ե­ղիա­յի կե­ցու­թիւ­նը ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ներս ա­պա հրա­ւի­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ­պէս­զի իր պատ­գա­մը փո­խան­ցէ։
Սր­բա­զան հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին օ­րո­ւան ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը խորհր­դա­ծե­լով, ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց ար­ժա­նիք­նե­րու եւ շնորհք­նե­րու ար­ժե­ւոր­ման մա­սին, այլ խօս­քով՝ մարդ ան­հա­տին Աս­տու­ծոյ կող­մէ տրո­ւած շնորհք­նե­րը լա­ւա­պէս օգ­տա­գոր­ծե­լու ու մա­նա­ւանդ Աս­տու­ծոյ խօս­քին ըն­դա­ռաջ եր­թա­լով՝ Ա­նոր պա­տո­ւէր­նե­րը լսե­լով զա­նոնք գոր­ծադ­րե­լու կո­չը ը­րաւ։ Ա­պա, Ս. ­Խո­րա­նէն պաշ­տօ­նա­պէս ներ­կա­նե­րուն եւ ամ­բողջ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց հայր Ե­ղիան որ­պէս շրջա­նի նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ։ Այս ա­ռի­թով, ան իր բարձր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը եւ գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց հայր Ս­տե­փա­նո­սի կա­տա­րած հինգ տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, որ ա­մե­նայն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, եւ բծախնդ­րու­թեամբ կա­տա­րեց ի­րեն վստա­հո­ւած ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տը։ ­Բա­րի երթ մաղ­թեց հայր Ս­տե­փա­նո­սին եւ բա­րի գա­լուստ՝ հայր Ե­ղիա­յին։
Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն բա­րի գա­լուս­տի եւ բա­րի եր­թի զոյգ ու­րախ ա­ռիթ­նե­րով, ուր այս ան­գամ նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ-ժո­ղո­վուրդ կա­պը ա­րագ ձե­ւով ըն­դե­լու­զո­ւե­ցաւ հա­մայն­քէն ներս։
­Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ նախ­կին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ո­րոնք շնոր­հա­կա­լա­կան, ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան։ Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը փա­կե­լով օ­րո­ւան ցե­րե­կոյ­թը, կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն, ա­ռա­ւել թա­փով եւ ա­մե­նայն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու տէր կանգ­նիլ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ան­ցեա­լի տա­րած եւ վաս­տա­կած կտա­կը՝ վառ պա­հե­լու տես­լա­կա­նով՝ նոր հայր սուր­բին կող­քին գտնո­ւե­լով՝ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ակն­կա­լիք­նե­րով։
Առ­նո­ւե­ցան յի­շա­տա­կե­լի եւ պատ­մա­կան նկար­ներ, ինչ­պէս նաեւ նո­ւէր­նե­րու բաշ­խում։

ԹՂԹԱԿԻՑ